
Read Time:17 Second
Լաթվիոյ “Նոր համաշխարհային աշխարհագրութիւն“ դասագիրքին մէջ, որ լոյս տեսած է 2013-ին, Արցախը ներկայացուած է իբրեւ անկախ պետութիւն: Դասագիրքը նախատեսուած է Լաթվիոյ դպրոցներու միջին դասարաններու աշակերտներուն համար:
Այս մասին կը տեղեկացնէ “Այսօր“-ը, յայտնելով թէ Ռիկայի մէջ, արդէն իսկ ազերի քարոզչական մեքենան գործի լծուած է: Արցախի կողքին, նաեւ Հարաւային Օսեթիան եւ Աբխազիան ներկայացուած են իբրեւ անկախ պետութիւններ: