Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԸՆԿԵՐՈՋՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՖՐԷՆԿԵԱՆԻ

0 0
Read Time:4 Minute, 42 Second


Հակառակ հեռաւոր Հիւսթըն քաղաքը ապրելուն, Յովհաննէս (Յովիկ) Ֆրէնկեան, երբ որ Մասաչուսէց ժամանէր, անպայման կ՛այցելէր ‘‘Հայրենիք’‘ եւ միշտ ալ եռանդով կ՛անդրադառնար ու կ՛արտայայտուէր ազգային հարցերու մասին: Անակնկալ եղաւ անոր մահը . . .յատկապէս Թեքսասի հայութեան եւ անշուշտ ընտանեկան պարագաներուն համար:

‘‘Ի՞նչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, այն մնաց,
Խանդաղադանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,
Երբեմն հատնում սիրտս, ու մութ արցունք մը անձայն’‘

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ
Սիրելի Յովհաննէս, շուտով անցաւ Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2011 գիշերը: Այդ օր ուշ գիշերին տուն վերադարձայ, տիկինս ըսաւ. ‘‘Պօղոս Մախուլեանը քեզ փնտռեց, ընկերդ Յովհաննէս Ֆրէնկեանի առողջութիւնը լաւ չէ, բժիշկը իրեն միայն երկու օր կեանք տուած է’‘: Տիկնոջս ըսածները գամի պէս մխրճուեցաւ մտքիս ու հոգիիս մէջ, առանց ժամայցոյցին նայելու հեռաձայնեցի Հիւսթըն իր բնակարանը.
‘‘Ալօ . . .Հրակ դո՞ւն ես’‘: Պատասխան` ‘‘Ո՛չ, ասիկա Վրոյրն է’‘:
. . . Եւ առանց իրեն առիթ տալու, սկսայ հարցումներու տարափ մը տեղացնել. ‘‘Վրոյր ի՞նչպէս է Յովհաննէսը, արդե՞օք սրտի կաթուած ունեցա՞ւ, ներկայիս ի՞նչպէս է առողջական վիճակը, ի՞նչ է հիւնադանոցին թիւը, արդեօ՞ք կրնամ այս ժամուն խօսիլ իր հետը’‘:
Վրոյր պահ մը լուր մնալէ ետք, հեծկլտալով ըսաւ.’‘Կեանքը քեզի եւ սիրելիներուդ, այս երեկոյ ժամը չորսին աւանդեց իր հոգին’‘: . . . Հեռաձայնը ձեռքէս գետին ինկաւ, պահ մը փորձեցի չհաւատալ լսածներուս, շուրջ տասը օրեր առաջ հեռաձայնով խօսեցանք իրար հետ, խօսեցանք մեր Լիբանան սիրելի Այնճար հայ գիւղաւանի մանկութեան ու պատանեկութեան անցեալի անվերադարձ քաղցր օրերու մասին, այդ օրերուն թէեւ նիւթապէս աղքատ էինք, բայց հպարտ էինք մեր ազատ ու անպատասխանատու կեանքով:
Պահ մը վերացած հոգիով ու մտքով 56 տարիներ ետ դարձ մը կատարեցի մեր սիրելի Այնճար հայ գիւղաւանի Ազգային ‘‘Յառաջ’‘ վարժարանը, մեր համեստ դասարաններու գրասեղաներուն ետեւ, քով քովի նստած հայ լեզուի մեր նուիրեալ ուսուցիչ պրն. Թովմաս Հապէշեանի մարգարէական շունջով կը մոգեր մեր միտքը ու հոգին, իր ազգայնաշունջ յորդորներով սկիզբ առաւ մեր միտքի դրծումը, իսկ վարժարանի յարակից զբօսանքի սրահը որ շրջան մը ծառայեց որպէս եկեղեցի, անոր յարկին տակ մեր հոգին կը ստանար դրոշմը մեր պապերու Քրիստոնէական հաւատքին:
Մեր գաղափարական առաջին դաստիարակութիւնը ստացանք գիւղաւանի Հ.Յ.Դ.’‘Կարմիր Լեռ’‘ կոմիտէութեան ‘‘Բաբգէն Սիւնի’‘ պատանեկան, եւ Հ.Մ.Ը.Մի սկաուտական միութեան ակումբներուն մէջ:
Ազգային ‘‘Յառաջ’‘ նախակրթարանը աւարտելէ ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի յարկին տակ տաշուեցաւ ու յղկուեցաւ մեր միտքն ու հոգին : Դպրեվանքի կրթական տարեշրջանին, ամառնային արձակուրդներուն որպէս երէց պատանի, ‘‘Բաբգէն Սիւնի’‘ պատանեկան միութեան վարիչ պատասխանատու ընկերոջ կողմէ նշանակուեցաք Հ.Յ.Դ.ի գաղափարխօսութեան եւ դաստիարակչութեան անդամ, զորը սիրով ու նուիրումով հերթով կատարեցինք:
Դպրեվանքի կրթական տարեշրջանէն ետք, անդամակցեցանք Հ.Յ.Դ.ի ‘‘Զաւարեան’‘ ուսանողական միութեան, եւ ապա որպէս շարքային ընկերներ մաս կազմեցինք Այնճար հայ գիւղաւանի Հ.Յ.Դ.’‘Կարմիր Լեռ’‘ կոմիտէութեան:
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն պայմաններու պարտադրանքով 1976ին ֆիզիքական ապահովութեան պատճառով Յովհաննէս գաղթեց Միացեալ Նագանգներ, եւ հաստատուեցաւ Թէքսաս Նահանգի Հիւսթըն քաղաքը:
1985ին, քաղաքացիական պատերազմի պարտադրանքով ես ալ գաղթեցի Միացեալ Նահանգներ, եւ կայք հաստատեցի Միշիկըն Նահանգի Տիթրոյթ քաղաքի արուարձան Սաութֆիլտ քաղաքը:
Միացեալ նահանգներ կայք հաստատած առաջի օրերու իսկ որոշեցի գտնել մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասադութեան տարիներու մտերիմ ու անկեղծ ընկերս Յովհաննէսը : Բարեբախտութիւնը ունեցայ շուտով գտնել զինք: Թէեւ հազարաւոր մղոններ իրարմէ հեռու էինք, սակայն մտքով, հոգիով ու յաճախակի հեռաձանի խօսակցութեամբ վերադարձած էինք նախկին անկեղծ հարազատութեան:
Իսկական նուիրեալ հայորդի մը որուն սրտին մէջ Աստուծոյ հաւատքը եւ մտքին մէջ հայրենիքի սէրը անպարտելի զօրութիւններ էին, որոնք կեդրոնական տեղ գրաւած էին իր նախասիրութեան մէջ: Հայրենասիրութիւնը իր մէջ խորացած ու արմատաւորուած անկորնչելի սրբութիւն մըն էր : Որպէս բարեբաշտ հաւատացեալ եւ օրինակելի հայ քրիստոնեայ իր հոգիին ու մտածողութեան մէջ Հայոց Առաքելական եկեղեցին իր հոգեմտաւոր առաքելութեամբ, լոյսի ու յոյսի անսպառ աղբիւր էր : Իսկ իր պաշտելի Հայրենիքն ու Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը իր հարուստ բազմերես գաղափարախօսութեամբ, հայ ժողովուրդի ազատ ու անկապխ ապրելու պայքարի, յանուն արդարութեան ու հայրենավառ մաքառումներով քօղարկուած իր բազմակողմանի յառաջադրանքներով մեծ սրբութիւն մըն էր:
Սիրելի առաքինի եւ գաղափարակից ընկեր ու մշակ. Դժուար է այն մտքին հետ հաշտուիլ թէ այլեւս պիտի չկարենանք մեր մտածումները հեռաձայնով փոխանակել իրար հետ: Վստահ եմ որ նոյն մտահոգութիւնը ունին նաեւ ընտանիքդ, հարազատներդ, գաղափարակից ընկերներդ ու շրջապատդ, որոնց մտքին մէջ տակաւին թարմ է քու սիրելի դէմքդ զուարթախօսութիւնդ, գործելու պատրաստակամութիւնդ, ինչպէս նաեւ անսահման նուիրուածութիւնդ ընտանիքիդ հարազատներուդ եւ բարեկամներուդ նկատմամբ:
Տիպար անհատականութիւնդ, մադկային եւ հայեցի արժանիքներու առաքինութիւններդ ի սպաս դրիր Հիւսթընի ազգային հասարակական կեանքի վերելքին: Պատկանած ու պաշտելի կազմակերպութեանդ ազգային գաղափարախօսութեամբ հիմնադիր անդամներէն մինեղար ‘‘Սերոբ Աղբիւր’‘ կոմիտէութեան: Իբրեւ շարքային ընկեր, կոմիտէի անդամ թէ կոմիտէի ներկայացուցիչ պատկանած կուսակցութեանդ դրօշին տակ հաւատքով ու անշահախնդիր նուիրումով ծառայեցիր քու ժողովուրդիդ: Որուն առընթեր տարիներ շարունակ վարեցիր տեղւոյն Հ.Ե.Դ ‘‘Դրօ’‘ ուխտի խորհուրդի եւ դաստիարակրչի պատասխանատու պաշտօնը:
Օրինակելի Հայորդի եւ հայ լեզուի մշակ, տասնամեակներ շարունակ, Հիւսթընի ազգային հասարակական կեանքին մէջ, օրինակելի ծառայութեամբ եւ Հայասիրութեամբ պարզ ներկայութիւն մը չեղար, յարգեցիր կազմակերպութիւններու գաղափարի տարերութիւնները, խտրութիւն չդրիր աջի ու ձախի, յարանուանութեանց թէ թեմական պատկանէութեանց, անկեղծ վարմունք եւ հայու առաքինի նկարագիրովդ շրջապատիդ պարտադրեցիր քու նկատմամբ յարգանք ու սէր:
Ազգանուէր գործունէութեանդ արքասիք` երկար տարիներ Հիւսթընի Սուրբ Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ որպէս սարկաւագ եւ դպրապետ ծառայեցիր եւ եղար եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ:
Որպէս կրթական մշակ 15կ. տարիներ միօրեայ վարժարանի տնօրէն, անոր յարկին տակ հայ մանուկներուն պատրաստեցիր Մեսրոպեան Սրբազան ‘‘Այբուբէնը’‘ ազգային ու եկեղեցական պատմութիւնը: Հիւսթընի ազգային հասարակական կեանքէն ներս, Հ.Օ.Մ.ի Հայ Դատի, Հայ Մշակոյթի եւ Հայ Արուեստի եւ հայեցի դաստիարակութեան կազմակերպման մէջ եւ անոնց յաջողութեան մէջ մեծ եղաւ ներդրումդ:
Հիւսթըն քաղաքի մէջ 35 տարիներ մաքուր ու անխարդախ` կեանք մը ապրերեցար ենթագիտակցութեան ըմբռնումով, հեռու մնալով փառքի գայթակղութենէ:
Շուտափոյթ անվերադարձ մեկնումդ շատ ծանր եղաւ սիրելի տիկնոջդ, զաւակներուդ, եղբայներուդ եւ իրենց ընտանիքներուն, մօտ ու հեռաւոր ազգականներուդ, գաղափարակից եւ գործակից ընկերներուդ եւ Հիւսթընի հայ համայնքին:
Սիրելի Յովհաննէս, տուիր այն ինչ որ քեզ տրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի եւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան դարբնոցներուն մէջ: Վստահ եմ որ արգասաւոր հողին մէջ ցանած սերմերդ շուտով ծիլեր պիտի արձակէ եւ ճիւղաւորուին ցօղուններով, եւ հասկերը բեղմնաւորուին ոսկի հատիկներով:
Սիրելի Յովհաննէս թէեւ ֆիզիքապէս մեզ հետ չես այլեւս, սակայն քու հոգիդ իր վառ գոյներով դրոշմուած կը մնայ մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ:
Սիրելի ընկեր, բիւր յարգանք խնկելի յիշատակիդ, երթդ ըլլայ բարի, եւ հողը թող թեթեւ գայ քու յոգնած աճիւններուդ վրայ:
‘‘Յիշատակն արդարոյ Օրհնութեամբ եղիցի’‘:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles