
Լրատուամիջոցները կը խօսին Ահմէտ Տաւութողլուի ցաւակցութիւններուն մասին ի պատասխան Փարիզի վերջին ոճրարարքներուն։ Թուրքիոյ վարչապետը, առանց այլեւայլի, կը փութայ միանալու քաղաքակիրթ աշխարհի բոլոր պետերուն դատապարտելով Փարիզի եղեռնագործութիւնը…Զուգադիպաբար նաեւ այսօր Թուրքիա կոչուած է ըլլալու հաւաքավայրը G-20-ի գագաթաժողովին (կենսոլորտի պահպանութեան գծով), որուն անձամբ պիտի մասնակցի Նախ. Օպամա այլ պետերու կողքին։
ՊԷտք չէ զարմանալ, որ այս առթիւ Անթալիոյ իրենց ժողովավայրէն Փարիզի բռնարարքները դատապարտող ուժեղ բանաձեւ մը հրապարակեն աշխարհի մեծերը ձրի բեմ հայթայթելով նաեւ Էրտողանի քարոզչական մեքենային եւ ինքնաբերաբար անպարտ արձակելով Թուրքիան աշխարհի կեանքը ալեկոծող իսլամ ծայրայեղականութեան եւ յատկապէս «Իսլամական Պետութիւն» անունին տակ գործող համաշխարհային ոճրագործութեան հարցին մէջ։
Նախագահ Հոլլանտի բնորոշմամբ՝ այն ինչ, որ երէկ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ՝ «պատերազմական արա՛րք» մը Ֆրանսայի եւ առհասարակ քաղաքակիրթ աշխարհին դէմ։ Անառարկելի ախտաճանաչու՛մ մը՝ որ յղի է ծանրակշիռ հետեւութիւններով։ եւ անշուշտ պէտք է հարց տալ առաջին հերթին, թէ ո՞վ է իսկական հեղինակը այդ պատերազմական արարքին։
Առայժմ բոլորին աչքերը ուղղուած են Իսլամական Պետութեան դէմ։ Անոնք բացառաբար ուղղուած են ոճրային մեքենայի՛ն դէմ ՝ նկատի առնելով մասնաւորապէս այս վերջինի յայտարարութիւնը ոճրային գործողութիւններուն տէր կանգնելու։ Հարց պէտք է տալ սակայն, թէ ո՞վ է բուն մեքենավարը այս մեքենային ետին։ Ո՞վ է այս մեքենան յղացողը, զայն ստեղծողը, զայն կառուցողը, զայն պարենաւորողը, զայն հովանաւորողը եւ իսկապէս զայն շարժման մէջ դնողը եւ անոր ճամբայ հայթայթողը դէպի քաղաքակրթական ոստաններ։
Պէտք չէ մոռացութեան տալ, որ Արեւմտեան Զինակցութեան կառոյցին մէջ «Իսլամական Պետութիւն» կոչուող ոճրային մեքենային միակ իրողական դաշնակիցը Թուրքիան է (Տաւութողլուի շնական ցաւակցութիւններով հանդերձ)։ Արեւմուտքի ղեկավարութիւնը (եւ անշուշտ Ֆրանսուա Հոլանտ) մեղաւոր է Թուրքիա- Իսլամական Պետութիւն յանցագործ համագործակցութեան վրայ աչք գոցած ըլլալուն համար։ Առանց այդ յենարանին՝ Իսլամական Պետութիւնը չէր կրնար կուտակել իր ներկայ ուժն ու կարողականութիւնը։ Թուրքիոյ միջոցով է, որ — եւ յատկապէս Էրտողանի մարդոց շահակցութեամբ — Իսլամական Պետութիւնը իր յափշտակած սուրիական եւ իրաքեան քարիւղը կը վերածէ դրամի եւ զէնքի (անշուշտ մեծ տոկոս մը շնորհելով Էրտողանի հաստատութեան)։ Իսլամական Պետութիւնը նաեւ կը ծառայէ որպէս Թուրքիոյ վարձկանը տարածաշրջանին մէջ։ Թուրքիոյ բնական դաշնակի՛ցը՝ Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի քրիստոնէական բոյները բնաջնջելու եւ քրտական ուժը լուծարելու։ եւ մենք այս երեւոյթի սկզբնակէտին վրայ կը գտնուինք տակաւին…
Ինչպէս գրած եմ ամիսներ առաջ, Հայաստան եւ Սփիւռք պէտք է այս երեւոյթը մեծապէս լուրջի առնեն։ Դեռ այն օրերուն, երբ կը կարծուէր, որ Իսլամական Պետութիւնը ուղիղ վտանգ մը չէ Հայաստանի համար (եւ ես կը պնդէի հակառակը), Իսլամական Պետութեան գործակալները կը գտնուէին Անգարա եւ Պաքու: Իսլամական Պետութիւնը այն դժոխային մեքենան է, որ կու գայ աւելնալու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինարաններուն. այն ահաբեկչական ու՛ժը՝ որուն համար Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ցարդ պատասխանատւութեան չեն կանչուած եւ որ ինքնաբերաբար կը վտանգէ Կովկասեան Տարածաշրջանի արդէն իսկ անկայուն բեմը։
Արեւմուտք եւ Ռուսաստան միասնաբա՛ր կը դիմագրաւեն այս մեծ մարտահրաւէրը եւ այս իրականութենէն չեն կրնար խուսափիլ։ Միաժամանակ պէտք է յստակ ըլլայ, որ Արեւմուտք եւ Ռուսաստան ի վիճակի չեն այս մեծ սպառնալիքը յաջողապէս դիմագրաւելու, եթէ վճռականօրէն հաշուի չնստին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ։ Եթէ մեքենավարը չքաշեն դատի։ եւ եթէ տարածաշրջանը իսկապէս չվնասազերծեն քանդելով «մեքենան եւ մարդը» (man-machine) ընդգրկող ամբողջ համակարգը։ Այս արմատական լուծման անյետաձգելի կարիքը ունին այսօր ոչ միայն գերտէրութիւնները՝ իրե՛նք, այլեւ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդները, ներառեալ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի։
Կարօ Արմենեան
Նոյեմբեր 14, 2015
Ուաշինկթըն