
Հոկտեմբեր 4ին Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան տարբեր լրատուամիջոցներու հետ խօսած է Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին:
Ըստ Ռէյիսեանի, տակաւին ընդհարումները կը շարունակուէին Հալէպի Պոսթան Փաշայի շրջանին մէջ, ուրկէ կրակոցներու եւ պայթումներու ձայներ կը լսուէին: Ընդդիմադիրները կը փորձեն իրենց դիրքերը չզիջիլ, իսկ բանակը խիստ կերպով կը հակադարձէ: Նոր Գիւղի թաղաշրջանը ծանր ռմբակոծումներու ենթարկուեցաւ: Հրթիռներէն մէկը հարուածեց Սուլէյմանէյի շրջանը, իսկ երկրորդ մը ճեմարանի շրջանին մէջ գտնուող «Զաւարեան» դպրոցին մօտակայ թաղը, հայ ընտանիքի մը տան փլուզման պատճառ դառնալով: Զոհուեցան Յասմիկ Կիրակոսեանը եւ Պարսում Պարսումեանը: Ընտանիքի երեխան ծանրօրէն վիրաւորուած՝ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ: Վիրաւորներու թիւը անյստակ է:
Հայկական թաղաշրջաններուն հսկող յանձնախումբերը կը զգուշացնեն թիպուկահարներու վտանգէն:Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ Նոր Գիւղի շրջանին մէջ հրթիռարձակումներու պատճառով շէնքի մը երեք յարկաբաժիններուն մէջ հրդեհ մը ծագեցաւ: Ազգային շտապ օգնութեան մարմինի տղաքը իսկոյն օգնութեան հասան եւ իրենց կարելի միջոցներով հակակշիռի տակ առին հրդեհը: Հրդեհին պատճառած նիւթական վնասները շատ էին, սակայն բարեբախտաբար զոհեր չկայ:Ըստ անոր, փոխադարձ ռմբակոծման ընթացքին արձակուած ռումբերէն մէկը վնասեց եւ բացուածք յառաջացուց Վիլլաներու շրջանի Կրթասիրաց-Չեմպերճեան վարժարանի տանիքը: Բարեբախտաբար աշակերտներ չկային վարժարանին մէջ, միաժամանակ` ռումբը չպայթեցաւ, այլ միայն առաստաղը բացուածք յառաջացուց:Ռէյիսեան նաեւ դիտել տուած է, որ նոյն օրը երեկոյեան Նոր Գիւղի մէջ քանի մը ռումբեր տեղացին, բաւական մեծ վնասներ կան: Բնակարաններուն մէջ հրդեհ ծագած է, վիրաւորներ եւ երկու մահուան պարագաներ կան: Նաեւ Սուլէյմանիէի մէջ շէնքի մը վրայ ռումբ ինկած է:
Միւս կողմէ, Դամասկոսի մէջ ապահովական իրադարձութիւնները սահմանափակուած էին մայրաքաղաքի կարգ մը շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Քուտսէյա եւ Տումմարի շրջաններուն մօտակայքը, ուր տեղի ունեցած են պայթումներ եւ բախումներ: Լսուած են նաեւ կրակոցներու ձայներ որոշ թաղամասերու մէջ, իսկ քաղաքին մէջ անցարգելները կը շարունակեն մնալ խտացուած ձեւով: