ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄ

0 0
Read Time:2 Minute, 1 Second

Կիրակի, Օգոստոս 20ին, Իրանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Միխայէլ Ֆօն ՈւնկերՇթերնպերկ, ընկերակցութեամբ իր կնոջ եւ արտաքին գործոց նախարարի օգնականին, ինչպէս նաեւ Ատրպատականի նահանգապետի ներկայացուցչին, ժամանեց Ատրպատականի հայոց թեմը եւ ընդունուեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամներ՝ ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեանի եւ ատենադիր՝ Գագիկ Ջորջեանի կողմէ: Դեսպանը իր ընկերակիցներով նախ Լիլաւայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցաւ, թաւրիզահայ համայնքի բարեպաշտ ժողովուրդին աղօթակից ըլլալով: Ս. Պատարագի աւարտին առաջնորդ Սրբազանը բարի գալստեան խօսք ուղղեց դեսպանին եւ անոր ընկերակիցներուն: Ապա, ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում: Առաջնորդ Սրբազանը դարձեալ բարի գալուստ մաղթելով, համապարփակ տեղեկութիւն տուաւ դեսպանին, որ հիւսիսային Իրան իր այցելութեան առաջին կայքը ընտրած էր Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանը, ուրկէ ան պիտի ուղղուէր նաեւ Սուրբ Ստեփանոսի եւ Ս. Թադէի պատմական վանքերը:

Սրբազան հայրը իր խօսքի ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտեց Իրանի Իսլամական հանրապետութեան մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն համերաշխ գոյակցութիւնը եւ գործակցութիւնը, յատկապէս յիշելով հայ համայնքին հանդէպ պետական բոլոր կառոյցներուն հոգածու վերաբերումը. «Այսօր ներկայ գտնուեցաք Ս. Պատարագին եւ կրնանք նաեւ վկայել, որ մեր բոլոր եկեղեցական տօներն ու ազգային աւանդութիւնները ամենայն ազատութեամբ կը կատարենք, միջկրօնական խաղաղասէր հանդուրժողութիւն վայելելով այս երկրին մէջ: Մեր դպրոցները պետական եւ ազգային կրթական զոյգ ծրագիրներով իրենց աշխատանքը կÿիրագործեն, իսկ քրիստոնէական մեր կեանքը ընդհանրապէս կ՛ապրինք այնպէս, ինչպէս պիտի ապրէինք քրիստոնեայ  պետութեան  հովանաւորութիւնը ունեցող երկիրներու մէջ», ըսաւ Սրբազանը: Դեսպանը, իր հերթին, ուրախութիւն յայտնեց Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ գտնուելուն առթիւ, իր հիացումը արտայայտելով Ս. պատարագի կատարողութեան, յատկապէս յիշելով նոր սերունդին մասնակցութիւնը եկեղեցական արարողութիւններուն սուրբ խորանի բեմին մէջ: Ան գոհունակութեամբ յիշեց Գերմանիոյ Փութեսթաքի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը, «որ դժուարին, սակայն կարեւոր որոշում էր Գերմանիոյ կողմէ առնուած», շեշտեց դեսպանը: Երկկողմանի զրոյցը նաեւ ընթացաւ միջկրօնական ուղղութեամբ, որու ընթացքին առաջնորդ Սրբազանը յիշեց ընթացիկ տարուան Մայիս ամսուն Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Զիկմար Կապրիէլի հրաւէրին ի պատասխան իր մասնակցութիւնը Պերլինի մէջ՝ «Կրօններու պատասխանատւութիւնը խաղաղութեան գործընթացին մէջ» միջազգային ժողովին, եւ անկէ բխած կարեւոր որոշումներուն. «Ինչպէս այնտեղ, այստեղ եւս միշտ կը յիշեցնենք, որ Իրանի մէջ մենք ներգաղթողներ չենք: Ինչքան մենք կը ճանչնանք մեր իսլամ եղբայրներն ու քոյրերը, անոնք ալ մեզի նոյնքան կը ճանչնան, որովհետեւ առօրեայ դրութեամբ, անմիջականօրէն միասին կ՛ապրինք այս բարեբեր երկրին մէջ», ըսաւ Սրբազանը: Դեսպան Շթերնպերկ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց սիրալիր ընդունելութեան համար եւ խոստացաւ Գերմանիայէն դէպի Ատրպատական եւ յատկապէս Թաւրիզ գերմանացիներու զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու հնարաւորութիւնները ուսումնասիրել, մանաւանդ որ Համպուրկէն Թաւրիզ շաբաթական ուղիղ թռիչք հաստատուած է: Այս առիթով խօսուեցաւ նաեւ յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսուն Թաւրիզի մէջ, ազգային առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ կայանալիք հայագիտական առաջին համագումարին մասին, որուն պիտի մասնակցին Գերմանիայէն, Ֆրասայէն եւ այլ երկիրներէ, թուով 15 օտար հայագէտներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles