Իսրայէլի Խորհրդարանէն Ներս Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Անգամ Մը Եւս Չքուէարկուեցաւ

0 0
Read Time:1 Minute, 9 Second

x

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլի խորհրդարանէն (Քնեսէթ) ներս, Յուլիս 5ին կայացած մօտաւորապէս մէկ ժամեայ քննարկումէն ետք, խորհրդարանը առաջարկեց որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող ու դատապարտող բանաձեւը վերստին փոխանցուի կրթութեան յանձնախումբին՝ վերամշակումի համար:
Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւան, որ ներկայ էր քննարկման յայտնեց թէ կատարուածը ձգձգելու մարտավարութիւն մըն է: «Իսրայէլ կը շարունակէ մնալ անարդար երկիրներու շարքին», յայտնեց Յակոբ Սեւան, որ նաեւ հաւաստիացուց թէ, վերջին քանի մը օրերուն, թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու ջերմացման հետեւանքով, պատգամաւորներուն եւ Քնեսէթի ղեկավարութեան վրայ ճնշումները զգալիօրէն աճած էին, սակայն բանաձեւի նախագիծին հեղինակները, մասնաւորապէս՝ «Մերեց» կուսակցութեան պատգամաւոր Զահաւա Կալոն, որոշած էր չզիջիլ, Ցեղասպանութեան բանաձեւին քննարկումը պահելով խորհրդարանի օրակարգին վրայ: Սակայն, դէպքերուն ընթացքը ցոյց տուաւ, որ հակաքարոզչական աշխատանքը իր դերը խաղցած է:
Այս որոշումը հիասթափութիւն եւ զայրոյթ պատճառեց դահլիճին մէջ գտնուող հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հրեայ ականաւոր մասնագէտներուն մօտ: Նշենք թէ, խորհրդարանին մէջ քննարկումի ընթացքին, հայութիւնը զօրակցական հանրահաւաք կազմակերպած էր խորհրդարանին առջեւ: Հաւաքին ընթացքին ելոյթներ ունեցած էին հրեայ պատմաբան Եայիր Օրոն, պատգամաւորներ Եայիր Ցապան, Այման Օտէ եւ Մոշէ Ռազ:
Յուլիս 8, 2015-ին, Քնեսէթի Կրթութեան յանձնախումբը, քննելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախագիծը, որոշած էր դիմել խորհրդարանին, լիագումար նիստին ընթացքին զայն քուէարկութեան դնելու առաջարկով:
Ելոյթ ունեցած տարբեր կուսակցութիւններ ներկայացնող բոլոր պատգամաւորները շեշտած են, որ 1915ին տեղի ունեցածը Ցեղասպանութիւն է, բերելով բազմաթիւ փաստեր: Սակայն, ամփոփ ելոյթով հանդէս եկած կառավարութեան ներկայացուցիչի խօսքէն ետք, ներկայ երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը համաձայնութիւն տուած էր հարցը քուէրակութեան չդնելու:
Այս որոշումը ցոյց կու տայ, թէ հարցը կը շարունակէ շարունակ երկարիլ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles