Իշխանութեան Փոփոխութիւնը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է

0 0
Read Time:1 Minute, 8 Second

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Յունիս 7-ին պաշտօնապէս կը սկսի Հայաստանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու ընտրարշաւը: Թէեւ այդ ընտրարշաւը շատոնց ընթացք առած է, քանի որ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի ամբողջ գործունէութիւնը միտուած է ընտրութիւններու կազմակերպման: Մարզային այցելութիւններ, նոյնիսկ Ֆրանսա եւ Պելճիքա այցելութիւնները նպատակ ունին ցոյց տալու, որ Փաշինեան կը տիրապետէ կացութեան, վստահ է իր յաղթանակով եւ իշխանութեան վերարտադրութիւնը, փոքր գեղեցկագիտական յարդարանքներով հանդերձ, մատչելի է:

Ինքնավստահութեան այս դրսեւորումը խաբուսիկ է: Զանազան դէպքեր կու գան յիշեցնելու, որ իշխանութիւնը արդէն կորսնցուցած է դէպքերու ընթացքին վրայ ազդելու իր լծակները. իշխանութիւնը ձեւականօրէն կայ, սակայն գործնականօրէն դադրած է գոյութիւն ունենալէ: Ինչպէս ժողովրդային ասոյթը կ՛ըսէ. «Ամանը կայ, ամանումը չկայ»:

Կարիք չկայ թուելու գայթակղութիւնները. անոնք ամէնօրեայ են եւ հետզհետէ աւելի սահմռկեցուցիչ: Այս իշխանութեան փոփոխութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է. վերարտադրութիւնը պիտի ծառայէ գայթակղութիւններու արդարացման ու անոնց շարունակութեան:

Պաշտօնական ընտրարշաւը անհրաժեշտաբար պէտք է բեկում մտցնէ մինչ այդ ընթացող խօսքակռիւին մէջ: Ո՛չ միայն պատշաճ բառամթերքի ու ոճի որդեգրումով, այլեւ պետական վարչամեքենան վերականգնելու, արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւն մշակելու, բանակը վերակազմակերպելու եւ վերազինելու, տնտեսութիւնը աշխուժացնելու համար գաղափարներ հրապարակելով: Մէկ խօսքով` արմատապէս պէտք է փոխել տրամադրութիւնները եւ հոգեպէս ընկճուած ժողովուրդին յոյս ներշնչել: Իսկական փոփոխութիւն ու ճշմարիտ յեղափոխութիւն, այսինքն` եղածը շրջելու, փոխելու անհրաժեշտութիւն կայ:

Յունիս 20-ի ընտրութիւնները պետականաշինութեան, քանդուածը, քայքայուածը վերականգնելու սկիզբ պիտի ըլլայ: Եղածէն դժգոհութիւնը համատարած է, սակայն փոխելու կամքը` թոյլ: Ահա, ընտրարշաւը պէտք է ծառայէ ջրդեղելու կամքը եւ իր բեւեռները կորսնցուցած ժողովուրդէն ստեղծելու վերականգնումի տենդով զսպանակուած, հեռանկար ունեցող հայրենի հպարտ հասարակութիւն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles