ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԻԼ, ԶԱՅՆ ՏԱՐԱԾԵԼ ԵՒ ՊԱՀԵԼ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԱՆԲՈՒԺԵԼԻ Ա՞ԽՏ Է

0 0
Read Time:3 Minute, 53 Second

Յ. Պալեան 

            Իշխելու տենչը մարդուն ընկերացած է իր ստեղծման օրէն: Իշխելու տենչը յար եւ նման է անկուշտ ընչաքաղցութեան, թէեւ անոնք միաժամանակ կը ներկայանան: Իշխանութիւնը տարածելու եւ պահելու համար կը հնարուին վարդապետական տարազներ, անդենականի նախապատրաստութենէն մինչեւ կոշտ ազգայնականութիւն, ընկերային վարդապետութիւններ, նախախնամական ըլլալու ինքնաշնորհումներ, անփոխարինելութեան առասպել:

            Ա՛յս՝ ամենուրեք եւ ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն:

            Կրօններ եւ վարդապետութիւններ իշխանութիւններու տարածման միջոցներ եղած են: Այդպէս էր Հռոմը, որ կ’ուզէր հպատակներուն եւ տիրապետուած ժողովուուրդներուն  պարտադրել իր քաղաքական կազմակերպութեան ոճը, ինչպէս կարելի է այսօր բացատրել իսլամական նուաճումները, խաչակրական արշաւանքները, գաղութարարութիւնը, նացիզմը, սովետական ծաւալապաշտութիւնը: Կամ պատմութեան մէջ յայտնուած ամէն տեսակի նուաճողական արշաւանքները: Այսօր այդ պատմական դարձած երեւոյթները կ’ուսումնասիրենք, բայց մեծ կամ փոքր իրադարձութիւններէն չենք քաղեր այնքան պարզ իմաստութիւն, որ Հոպզի մարդու համար տրուած սահմանումին ՈՉ ըսենք, ըսենք՝ ո՛չ, մարդը մարդուն գայլը չէ

            Պարզ. գաղափարները գործածուած են որպէս միջոց հանրային կարծիքին վրայ ազդելու եւ զանգուածները առաջնորդելու:

            Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան 193 անդամ երկիրները չեն քններ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պիտի գործեն, որպէսզի այլեւս մարդը մարդուն գայլը չըլլայ: ՄԱԿ․-ի 193 անդամ երկիրներէն գէթ մէկը, երազապաշտ-իտէալիստ յանդգնութեամբ, ինչո՞ւ նման օրակարգով հրապարակ չի գար, փոխանակ բաւարարուելու աւերներու եւ պատերազմներու դիմաց անզօր հրշէջի դեր խաղալու: Անզօր, քանի որ տեղ մը հրդեհը մարելէ ետք, 193 երկիրներու ներկայացուցիչները իրենց թեւերը կը սօթտեն, նոր հրդեհ մը մարելու համար: Մեծ գիտուն ըլլալու կարիք չկայ. լրատուամիջոցները,- թերթեր, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, համացանց,- ամէն օր մեզ կը դնեն մարդը մարդուն գայլն է խօսքով բնորոշուած դառն իրականութեան առջեւ: 193ը իրարու դէմ, դրացի երկիրներ իրարու դէմ, նոյն երկրին մէջ՝ մարդիկ իրարու դէմ:

            Երեւակայեցէ՛ք պահ մը, որ ուժերը եւ անոնց յատկացուած միջոցները եթէ խնայուին ինչպիսի բարիքներու կրնայ դուռ բացուիլ: Անօթիները նուազ կ’ըլլան, աներդիքները նուազ կ’ըլլան, անգրագէտները նուազ կ’ըլլան:

            Աջը, ձախը, քրիստոնեան, իսլամը, պուտտայականը, անաստուածեանները, բազմանուն աղանդները, ընկերվարականնները եւ համայնավարները, եթէ դադրին այն ինքնագոհութեան ամբարտաւանութենէն, որ իրենք են վերջնական եւ միակ ճշմարտութիւնը, մարդկութեան ապագան, ճիշդ ուղին, որ արդարացումն է տիրակալութեան, մարդը մարդու գայլը ըլլալու արդարացումները վերջ կը գտնեն: Նոյնիսկ կայսրութիւններու անկումէն ետք, այսօր ինչպէ՞ս կարելի է արդար գտնել, ոչ նոյն լեզուն խօսող, ոչ նոյն մշակոյթը ունեցող, ոչ նոյն աւանդութիւնները ունեցող ժողովուրդներ ենթարկուին հեռաւոր ուժերու, պետութիւններու: Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ, որ պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած բռնագրաւումները տեւեն, միջազգային ընտանիքը, որ քարոզիչի պէս գիտէ բարոյականութեան մասին խօսիլ, ինչպէ՞ս կրնայ հանդուրժել, թոյլ տալ, որ գործուած անարդարութիւնները օրինականութեան շղարշի տակ թաքնուին: Հեռաւոր ովկիանոսներու մէջ կորսուած կղզիներ ինչպէ՞ս կրնան Անգլիոյ, Ֆրանսայի կամ այլ երկրի մը պատկանիլ:

            Եթէ պատմական արկած համարուած չարիքներու սրբագրութիւնը օրակարգ չըլլայ եւ արդարութիւնը չառաջնորդէ այսօր 193 եւ վաղը աւելի երկիրներու ղեկավարները, խաղաղութիւնը դատարկաբանութիւն պիտի ըլլայ, մեծամեծ ժողովներու բեմերու զարդարանք: Անարդար էր Մանչուրիոյ գրաւումը Ճաբոնի կողմէ եւ բազմահազար մարդիկ իրենց կեանքով վճարեցին այդ անարդարութեան սրբագրութեան համար: Կայսերական Խորհրդային Միութեան փլուզումը բազմաթիւ ժողովուրդներու վերադարձուց անոնց գերիշխանութիւնը: Բայց աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ դեռ կան ժողովուրդներու ինքնուրոյնութեան եւ իրաւունքներու բռնաբարումներ, որոնց մասին տեւաբար պէտք է խօսիլ, անոնք Մարդկային Իրաւանց անընդունելի եւ դատապարտելի խախտումներ են:

            Մեծպետական շահերը եւ ճապկումները պատճառ չեն որ նուազ մեծերը, փոքրերը, լռեն, ձեռնածալ մնան: Գիտենք մանաւանդ, որ այսօր կարելի չէ ժողովուրդները անգիտութեան մէջ պահել: Պէտք է խօսիլ եւ գրել, ընել այնպէս որ ըսուածը եւ գրուածը մեր թաղէն, գիւղէն, քաղաքէն, երկրէն, ցամաքամասէն անդին հասնի, որպէսզի տիրակալական-բռնագրաւողական եւ անարդարութեան յաւերժացման ախտը դարմանուի:

            Իրենք զիրենք աշխարհի իրաւարարութեան կոչածներ եւ միջազգային իրաւասութիւններով օժտուած ատեաններ պարտաւոր են ոչ միայն անհատներու հարցերը լուծել, այլ նաեւ լուծել մարդը մարդուն գայլն է վերաբերումով ժողովուրդներու պատմական բնավայրերու բռնագրաւման վերջ տալ, յարգելի ըլլալու համար: Միշտ մտածած եմ, որ Հայաստանի հանրապետութեան տարածքէն քարընկեց մը հեռու գտնուող Հայաստանի մայրաքաղաք Անին, որ պատմական եւ մշակութային ոչ մէկ առնչութիւն ունեցած է եւ չունի Թուրքիոյ հետ, ինչպէ՞ս կը մնայ մնայ թրքական սահմաններէն ներս: Ոչ ոք կ’արծարծէ այս խնդիրը, ոչ Հայաստանը, որ ՄԱԿ․-ի անդամ է, ոչ ալ հայրենահանուած սփիւռքը: Նոյնիսկ եթէ կացութիւնը սառած է այսօր, վաղը կրնայ այդպէս չըլլալ: Անիի Հայաստանի կցման պահանջը այժմէական խնդիր պէտք է ըլլայ, քաղաքական, մշակութային եւ բարոյական:

            Ի՞նչ բանի կը ծառայէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն:

            Սփիւռք(ներ)ը, Հայաստանի պետութիւնը, միջազգային ճանաչում ունեցող հայեր եւ ընդհանրապէս մշակոյթի մարդիկ, ինչո՞ւ պիտի չարծարծեն այս խնդիրը, որպէսզի չմոռցուի եւ չմոռնանք: Մեծ մտաւորականներ կը խօսին յիշողութեան մասին: Անին մեր պատմական յիշողութիւնն է, եւ ինչպէս ըսուած է, ժողովուրդ մը մեռցնելու համար պէտք է մեռցնել անոր յիշողութիւնը: Անին՝ խորհրդանշական է, որուն կրնան հետեւիլ այլ նախաձեռնութիւններ:

            Ինչպէ՞ս որակել աւերակ եւ անբնակ Անիի վրայ հաստատուած թրքական իշխանութիւնը. տիրակալական ախտ՝ որուն դէմ պայքարի պէտք է հրաւիրել ոչ թէ շահախնդրուած պետութիւնները, այլ աշխարհի ժողովուրդները:

            Իւրաքանչիւր իրաւունքի հաստատում քայլ մըն է դէպի տիրակալական ախտէ  բուժում:

            Սփիւռք(ներ)ը բանակներ չունի, բայց հնարաւորութիւն ունի մշակոյթով եւ քարոզչութեամբ ներկայ ըլլալու միջազգային համայնքին մէջ: Անիի մասին խօսիլ անմիջականօրէն հասկնալի է ժողովուրդներուն համար:

            Գալիքի համար՝ մարդկային եւ նիւթական իմաստուն ներդրումի հարց է:

            Մեր ամէն տարի գումարուող մեծանուն ժողովներուն լաւ պիտի ըլլայ, որ Անին ալ ըլլայ օրակարգ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles