
Յ. Պալեան
«Երջանկութիւնը այն է, երբ ձեր արարքները համապատասխան են ձեր խօսքերուն»:*
Մահաթմա Կանտի
Խորհրդանշական զոյգ թուականներու միջեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները պիտի փորձե՞նք հասկնալ, ըստ այնմ դիրքորոշուիլ եւ ուղղութիւն ճշդել, յաղթահարելու համար ներազգային դժուարութիւնները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որպէսզի երկիրը զարգանայ, բարգաւաճի, ժողովուրդը ունենայ աւելի բարօր կեանք, եւ ամենուրեք սրբագրուին անարդարութիւնները, անոնք ըլլան տնտեսական, դիրքապաշտական, թէ հանգամանքներու չարաշահման:
Իշխանափոխութեան ցանկութիւնը եւ անոր իրականացումը եթէ չունենան յաւելեալ արդարութեան եւ մարդկային իրաւ որակի ենթահող, պատմութեան կրկնութեան հանդիսատես եւ մասնակից կ’ըլլանք: Իշխանափոխութեան ընթացքը, պատմութիւնը ցոյց կու տայ, յաճախ կը տանի կրկնութեան, որ կը բացատրուի raison d’état-ով, եւ կը պաշտպանուի անփոխարինելիութեան ծխածածկոյթով: Այս նոյն ձեւով շարունակելու կացութեան մասին կը վկայէ պատմութիւնը, կը վկայէ գրականութիւնը:
Յաճախ խօսած եւ գրած եմ «աուտիթ» ընելու մասին: Արդարեւ, 1991-ի վերանկախացումէն առաջ, Հայաստանի արդիւնաբերական բոլոր կառոյցները, հողերը, շէնքերը, անտառները պետական-համայնական էին: Այսօր պէտք է քննել թէ ինչպէս այնքան մեծ անհաւասարութիւն սեղծուած է երկրին մէջ: Իսկական «աուտիթ» պէտք է ընել Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիին համար: Օրին, վարչապետի մը հետ տեսակցութեան ընթացքին (1998-1999) երբ այս հարցը արծարծեցի, պատասխանուեցաւ, որ «աուտիթ կ’անենք»: Երկու տասնամեակ ետք դեռ այդ «աուտիթ»ը չեղաւ, հակառակ անոր որ տեւաբար խօսուեցաւ եւ գրուեցաւ «կոռուպցիա»յի մասին:
Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ ազգային-պետական հարստութիւնը, փոքր կամ մեծ չափերով կողոպտուած եւ իւրացուած է: Մարդիկ գիտեն անունները եւ հասցէները: «Ասէ-կոսէ»ները դարձան ժողովորդական ըմբոստութիւն, բարեբախտաբար՝ առանց բրտութիւններու, մեր ժողովուրդին խնայելով յաւելեալ արեան տուրք: Պետութեան համապատասխան կառոյցները եւս գիտէին եւ գիտեն կացութիւնը:
Արդ, «թաւշեայ» կոչուած յեղափոխութիւնը «թաւշեայ» մնալու համար ինչպէ՞ս պիտի վարուի վերականգնելու համար ժողովուրդի եւ ազգի իրաւունքը, հաստատելու համար արդար հասարակակարգ: Օրինակ, արտերուն ջուրի մատակարարումը աւելի արդար պիտի ըլլա՞յ, առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու միջամտութեան: Մենաշնորհներու (մոնոփոլ) յառաջացուցած ապօրէն շահերը (չարաշահում) պիտի վերադարձուի՞ն պետական գանձին եւ ծառայեն երկրի զարգացման: Պիտի քննուին անհատներու կեանքի ճոխութեան պայմաններու աղբիւրները: Ինչպէ՞ս համեստ ռոճիկով պետական պաշտօնեան տէր է ապարանքի, գերմանական մակնիշով ինքնաշարժի, ինքնիրեն թոյլ կու տայ ծախսալից ճամբորդութիւններ, նաեւ երկրէն դուրս կալուածներու տէր դառնալ:
Եթէ այս լայնածիր եւ բծախնդիր «աուտիթ»ը չկատարուի, յոյս եւ բարոյականութիւն չեն վերականգնիր, եւ հիներուն տեղ կամ անոնց կողքին կու գան նոր չարաշահողներ, արատագաղթը կը շարունակուի՝ աւելի լաւ ապագայի մը յոյսով եւ բացասական կարծիքներու տարածումով՝ հայրենադարձութիւն տեղի չ’ունենար: Այսօր ինչ որ պիտի ընեն եւ ընենք, նկատի պիտի ունենայ ազգի լինելութիւնը, ոչ միայն անմիջականը, այլ նաեւ վաղը:
Այս «աուտիթ»ը նկատի պիտի ունենայ նաեւ դիրքի եւ հանգամանքի չարաշահումները, օրինակ, népotismeի,- ընտանեպաշտութեան,- բացասական հետեւանքները, որ յայտնուած էր վերանկախացման առաջին օրերուն իսկ, պաշտօններու տիրացումով եւ օրէնքէ խուսափումով: Օրին ոչ ոք բողոքեց, երբ կարգ մը պետական այրերու զաւակները բանակ չգացին եւ այդ ծառայութեան համար տեղաւորուեցան այս կամ այն պաշտօնատան մէջ, նախարարութիւն կամ այլ: Ինչպէս կ’ըսուի հասկնալու լեզուով, ֆինանասներու քննիչները պարտին մաղէ անցնել հարստացումները, Պետական Հաշիւներու Վերին Պալատը պարտի բանալ ստացուած նպաստներու եւ վարկերու թղթածրարը, տեսնելու համար թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս գործածուած են օժանդակութիւններու մեծագումար յատկացումները:
Պէտք է բանալ բողոքներու եւ դժգոհութիւններու ստացման թղթապանակ մը, cahier des doléances, ուր ժողովուրդը գայ եւ արձանագրէ իր պահանջները:
Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, գիտէ, թէ ինչպէս դիզուած են անաշխատ հարստացումներ, ինչպէս եղած են «բաժնէ որ տիրես»ի սեփականաշնորհում-իւրացումներ: Մանաւանդ պէտք չէ ըսել որ «եղածը եղած է», եւ հիմա մոռնանք այդ բոլորը եւ վերսկսինք նոր կեանք: Նման վերաբերում լայն կը բանայ դռները անցեալի կրկնութեան եւ կրկին ժողովրդական դասերը կը դառնան զոհերը չարաշահող վերնախաւի:
Իշխանութեան յաջողութիւնը կը չափուի ժողովուրդի գոհունակութեամբ եւ երջանկութեամբ: Այդ երջանկութիւնը ոչ ճառ է ոչ ալ կարգախօս: Այսօր, իւրաքանչիւր մեծ կամ փոքրիկ ղեկավար, պետական պաշտօնեայ, լրագրող, գործատէր, ուսուցիչ, պէտք է տեւաբար կրկնեն աշխարհի ամենամեծ արդարներէն մէկուն պարզ իմաստութիւնը. «Երջանկութիւնը այն է, երբ ձեր արարքները համապատասխան են ձեր խօսքերուն» (Մահաթմա Կանտի): Այս ըմբռնումով պէտք է դատել ղեկավարը, նաեւ՝ քաղաքացին, առանց որուն ղեկավար չկայ:
Հայաստանի «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» յաջողած պիտի ըլլայ, եթէ վաղը յաջողի միշտ խոստացուած եւ երբեք չիրականացած «աուտիթ»ը, հայկական ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն իրականանայ, առանց թաքնուելու աւանդութիւններու, յաւելեալ իրաւունքի, ի վերուստ շնորհուած իրաւունքի, népotisme-ի, անփոխարինելութեան, նախախնամութեան եւ գեղեցիկ խօսքերու ետին: Նաեւ՝ սփիւռք(ներ)ի:
Պէտք չէ կորսնցել ստեղծուած ապագայակերտ պատմութեան աստեղային պահը, հետեւելով մեծ մարդու մը պարզ իմաստութեան, որ «ընկերային արդարութիւնը կը հիմնուի յոյսին վրայ, երկրի մը մեծհոգութեան վրայ, ոչ հողաթափերու» ( Զօր. Շարլ տը Կոլ)**:
*”Le bonheur, c’est quand vos actes sont en accord avec vos paroles”. Mahatma Gandhi:
** La justice sociale se fonde sur l’espoir, sur l’exaltation d’un pays, non sur les pantoufles. Charles de Gaulle