Սեպտեմբեր 2…Արցախի անկախութեան օրուան յիշատակում:
Անգամ մը եւս տօնն է գիտակցութեան… այն կացութեան թէ իրողականէն դէպի իրաւական ճանաչում անցումի սահմանին քայլ մը աւելի մօտ է մեր երկրորդ հանրապետութիւնը՝ հայրենի Արցախը:
Առ այդ, տարիները կը թաւալին եւ Արցախեան պահանջատիրութեան ամէն մէկ տարեդարձ կ°ունենայ իր իւրայատկութիւնն ու տարբեր բնոյթը:
Քաղաքական վերջին զարգացումները եւ յատկապէս ահաւասիկ գրեթէ տարիէ մը ի վեր ճանապարհային քարտէսի մը ստեղծած թնճուկը, ստեղծած է տարբեր կարգաւորում, վտանգաւոր երթ եւ անորոշ ու անել կացութիւն: Այս բոլորին ազդանշանը տրուած էր Օգոստոս 2008-ին տեղի ունեցած Վրաստան-Ռուսաստան հնգօրեայ պատերազմէն քիչ ետք եւ Քրեմլինի Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ հանրապետութիւններու ճանաչումէն ետք:
Իբրեւ հայորդի, համոզուած ենք եւ Արցախցիին միանալով կը կրկնենք թէ.- «Ազգային ազատագրական պայքարի ծիրէն ներս, Հայոց Եղեռնի եւ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը, որը լիովին համահունչ է արդարութեան եւ օրինականութեան մասին ժամանակակից աշխարհի չափորոշիչներուն, կը նպաստէ բոլոր իրաւազրկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնմանը եւ արդարութեան հաստատմանը»:
Այս գծով հարցերը հանգրուանային լուծումնրով կարգաւորելու ռազմավարական մօտեցումները բնականաբար աւելի իրատեսական են, մանաւանդ որ ինքնորոշման իրաւունքը գերադասելը հեռաւոր նպատակներու համար, միշտ ալ կրնայ նպաստաւոր չըլլալ:
Ատրպէյճանի (…եւ Արցախի) արտաքին գործոց նախարարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ խորհրդարանի արխիւներուն մէջ կարելի է գտնել միացեալ յայտարարութիւն մը, որ յստակօրէն նշուած ու հաստատուած է թէ° Արցախի՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ թէ° Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Ասոր կողքին, աւելցնենք նաեւ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու ղեկավարներուն նամակագրութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ հետաքրքրական փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութիւնը իբրեւ տագնապի եւ երկկողմանի ( նոյնիսկ առանց Հայաստանի) բանակցութիւններու կողմ ճանչնալու մասին:
Արցախը ինքնորոշուած է…ազատ եւ անկախ: