ԻՆՔՆԱՆՊԱՏԱԿ ԴԱՐՁՈՂ ԵՒ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԵՆԷ ՀՐԱԺԱՐՈՂ-ՀՐԱԺԱՐԱԾ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ը

0 0
Read Time:4 Minute, 22 Second

 

diaspora-balian

Յ.ՊԱԼԵԱՆ

Սփիւռք(ներ)ի հայկական ինքնութիւնը կը պահուի՞, ինչպէ՞ս պահել, ինչպէ՞ս կը քանդուի:

Սփիւռք(ներ)ը ազգի հատուա՞ծ է, ինչպէ՞ս կը սահմանուի այդ հատուածի ինքնութիւնը:

Սփիւռք(ներ)ը, այս կամ այն երկրի քաղաքացի հայասէրնե՞ր են, թէ՞ ազգի լիիրաւ անդամներ:

Երբեմն յանդգնութիւն պէտք է ունենալ իրականութեան դէմ կանգնելու եւ ընտրութիւն կատարելու՝ հարազատի եւ անհարազատի միջեւ: Շարունակութեան եւ խզման միջեւ (անվերադարձ):

Ինքնախաբէութիւնը անհատին եւ հաւաքականութեան համար համազօր է ինքնասպանութեան:

Հայ ժողովուրդի աւելի քան կէս համրանքի այսօրուան եւ վաղուան մաշումի (անհետացման) դաշտը սփիւռքն է, որքան որ ալ ճապ-կումներով, որոնք կեղծիք են,- շահախնդրութիւն, երեւելիապաշտութիւն կամ իրաւ խորքէ զուրկ քաղաքական բեմայարդարութիւն, օրօ-րոցային,-  կրկնուող աճպարարութիւններով մենք մեզ խաբենք. քարոզչութիւն կամ ինքնարդարացում:

Սփիւռք(ներ)ի համար տրուած թիւերը հարկ է գնահատել ըստ որոշ արժեչափերու, խօսքի, արարքի, հեռանկարի, յանձնառութեան՝ որ շատախօսութիւն կամ ամբոխ զուարճացնող փող-թմբուկ չըլլայ, այսինքն համրանքի ոչ թէ ըստ ծագման վիճակագրական, (որ գոյութիւն չունի) այլ տեսակարար գնահատումը ընել:

«Խնդիր»ներու մակերեսին մնալով ազգին եւ հայրենիքին (այն-քա՜ն կրկնուող բառեր, որոնք լաւ կը հնչեն բարձրախօսներէ եւ գի-նարբուքի սեղաններէ) չենք ծառայեր, զանոնք պահելու նպաստ չենք բերեր:

Քանի դեռ բոլորովին չեն մաշած սփիւռք(ներ)ը, ազգային իրաւ ըմբռնումի աւազանին մէջ մնացողները, կացութեան տեսակարար գնահատումը փորձենք ընել, թիւին հետ նաեւ որակը, նոյնիսկ եթէ ան ցաւցնող պիտի ըլլայ, քանի որ առանց ազգային որակի կարելի չէ տե-ւել որպէս ազգի հատուած:

Հայրենահանման հետեւանք գաղթականութիւնը ազգին եւ հայ-րենիքին տրուած տապարի հարուած էր: Ինչպէս որ այսօր տապարի հարուած է արտագաղթը, որ այլ բնոյթով հայրենահանում է: Համրանքի հեռացումը հայրենիքէն՝ ազգային աղէտ է, երէկ թշնամիին կողմէ պարտադրուած, այսօր մեր կողմէ կատարուող նորատեսակ հարաքիրի (ճաբոնցիին կամաւոր մահը): Ազգի տեսանկիւնէ տոկալու եւ տե-ւելու տեսանկիւնէ տեսակարար տարբերութիւն չկայ:

Ինչպէ՞ս ապրուած է եւ կ’ապրուի այս աղէտը: Կ’ապրուի յաջոր-դական տեղատուութիւններով, ճամբուն եզերքը կը մնան շատեր, կը նուազին համրանքը եւ ազգային որակը:

Այդ տեղատութիւնները հրաժարումներով եւ իբրեւ թէ կացութիւն փրկելու (չ)ղեկավարական խարխափումներով կը յառաջանան: Զանազան ձեւերով եւ մարդ չխրտչեցնելու մարդորսական եւ դիրքապաշտպանական ճապկումներով խօսուած է այս մասին, եւ ազգային ինքնութիւն կերտող գլխաւոր նեցուկը անկարեւոր համարուած է, երկ-րորդական: Հրաժարումներու նեղցող օղակին մէջ օտարախօսութիւնը համարուած է յառաջդիմութիւն, օտարագրութիւնը բանգիտութիւն: Ոչ ոք կ’ըսէ, որ հայերէն թերթը եւ լրատուամիջոցը երբ օտարախօս կը դառնան, կ’ըլան խոստովանութիւնը ղեկավարոումի ձախողութեան, որ զանգուածին չէ կրցած տալ իր ինքնութեան կենսական ուժը՝ որ լե-զուն է, որմով անցեալ եւ արժէքներ կը ժառանգուին:

Այդ կենսական ուժի բացակայութեան հետեւանք է նահանջը, որուն ընթացքին անդիմագիծ դարձող զանգուածները դեռ ժամանակ մըն ալ իրենց մանր քաղքենիական սնափառութիւնները կը ջնարա-կեն օտարագրութեամբ: Հայածնունդ օտարաբարբառ գրողը, երգիչը, բեմադրիչը ի՞նչ կը բերեն ազգին եւ անոր ինքնութեան ժառանգու-թեան: Բախտաւոր պարագային կը շոյեն ինքնասիրութիւնը պարտ-ուածի, որ կը կարծէ թէ դեռ բոլորվին կուլ չէ գացած ձուլման: Եւ ամ-բոխը կը զուարճանայ ու կը յուզուի իմանալով, որ գիրքի մը մէջ, երգի մը մէջ, «հայ» կամ «Հայաստան» կը յիշուին, կամ կ’ըսուի թէ այս կամ այն «հռչակաւոր»ը հայ է, արքայական իշխանուհի մը 1/64-րդ տոկո-սով հայ է:

Եւ հայածնունդին օտարաբարբառ գրականութիւնը յաղթանակ կը համարուի եւ կը ծափահարուի: Յաղթանակ՝ ի՞նչ բանի: Ծագումով հայու՝ խիղճի հանդարտութիւն: Այդ օտարաբարբառ գրականութիւ-նը որո՞ւ կը պատկանի: Կը պատկանի այն ժողովուրդին, որուն լեզ-ուով գրուած կ’ըլլայ: Բախտաւոր պարագային այդ գրականութիւնը չես գիտեր ի՞նչ նպատակով եւ ո՞ւր հասնելու քարոզչութեան կը ծա-ռայէ: Ամերիկայի մէջ օտարաբարբառ գիրքեր լոյս կը տեսնեն, բայց քանի հոգի կը խօսի Յակոբ Կարապենցի մասին: (Ի դէպ, ան ո՞ղջ է, թէ՞ մեռած…): Բարձրախօսներու աղմուկը վայելու եկած ամբոխին մէջ պէտք է պտտիլ եւ հարց տալ…

Հարցում. ամերիկախօս, ֆրանսախօս, արաբախօս եւ այլալեզու հայ ազգ(եր) կրնա՞ն ըլլալ: Հարցման պատասխանը պէտք չէ խեղդել սնափառական քարոզչութեան եւ քաղաքական նահանջականութեան ջաղացքին ջուր բերող կարգախօսի հետ:

Ինչպէս չխօսիլ նահանջականութեան մասին, հայկական գա-ղութներու մէջ, ուր կան հայութիւն եւ Հայաստան հոլովող «կազմա-կերպութիւններ», երբ ծանուցումները կը դառնան օտարաբարբառ, հայերէն ըսուածը՝ լատինատառ, հադիսութեան բացման խօսքը կ’ըլ-լայ օտարաբարբառ: Եւ ոչ ոք կ’անհանգստանայ: Կը շարունակենք մանրուքներ փնտռել մեր մանր եսերը բաւարարելու, աթոռ-աթոռակ-ներով, կամ վկայակոչելով այսինչ «մեծանուն»ի հայութիւնը, դրօշակի վերածելով անոնց անուան վերջաւորութեան եղող «եան»ը… Հաւանօ-րէն յիշողներ կան, որ գերմանացի զօրավար «Կիւտերեան»ը հայ կը համարէին, «Կրեկորի Իփէք»ը նաեւ:

19-րդ դարու մեծ իմաստասէր մը, Էռնեստ Ռընան կ’ըսէր, որ պատմութիւնը կը գրուի եւ ժողովուրդները կ’առաջնորդուին մեծ գա-ղափարներով:

Առաջնորդութեան ո՞ր «մե՜ծ» գաղափարներու գլխուն տակ պէտք է արձանագրել հայու օտարաբարբառ խօսքը, գիրքը, բեմը, որպէսզի քարոզուած վերականգնումը տեղի ունենայ:

Կրկին կը յիշեմ գրականութեան նոպէլեան դափնեկիր Իզաակ Սինկէրը, որ գրած էր թէ թերեւս ինք վերջին գրողն էր որ կը գրէր այլեւս գրեթէ չխօսուող եիտիշ լեզուով… Իսկ Սուրիոյ եւ Լիբանանի սահմանի վրայ գտնուող Այնճարի հայ գիւղացին, երբ հարց կ’ըլլար թէ ո՞ւր էր երկուքի սահմանը, կ’ըսէր՝ թէ «երբ անձրեւ գայ այս կողմ գայ կ’ըլլայ Լիբանան, միւս կողմ երթայ՝ կ’ըլլայ Սուրիա»: Պարզ. ինչ որ մեզի կը պատկանի մերն է, ինչ որ մեզի չի պատակնիր մերը չէ:

Մեր արարքներուն համար կրնա՞նք մտածել Էռնեստ Ռընանի եւ Այնճարի հայ գիւղացիին իմաստութեամբ, որոպէսզի վերջ գտնեն մանր քաղքենիական երեւելիապաշտութիւնները եւ աւելի բարձր մա-կարդակի խարխափումները, որպէսզի հայ գաղթականական հոսանք-ները «դրախտներ» չփնտռեն, դատարկ կարգախօսները յաղթահարե-լով տեղի ունենայ հայրենադարձութիւն, որ վերականգնումի առաջ-նորդող գաղափար չէ այսօր: Թէ ինչո՞ւ… Մարդորսական պատճառ-ներով չի խօսուիր այս մասին:

Եւ հայը դադրի՛ ըլլալէ հայասէր եւ ըլլա՛յ հայ… Այս ընելու հա-մար Էռնեստ Ռընան պէտք է շրջի սփիւռք(ներ) եւ Հայաստաններ…

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles