
Յ. Պալեան
Մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, միայն ներկան կը տեսնէ անմիջականի եւ իրարու հակադրուող մրցակցութիւններու լոյսին տակ, չի փորձեր պատկերացնել յիսուն կամ հարիւր տարի վերջ ստեղծուելիք կացութիւնները եւ անոնց մէջ մեր ունենալիք տեղը:
Անմիջականը եւ մրցակցութիւնները կը ծանծաղին անհատականի եւ հատուածականի ճահիճին մէջ, կը խափանեն համազգայինը եւ ազգայինի ռազմավարութիւնը: Ըսի ճահիճ, քանի որ այլ կերպ կարելի չէ բնորոշել բանգիտութիւնները եւ փառասիրութիւնները երբ փոքրիկ երկիր մը, պատերազմական պարտութեան յաջորդող ամիսներուն, քաղաքական եւ հոգեբանական տագնապերու մթնոլորտի մէջ, ժողովուրդին կը ներկայանայ քսանհինգ ցանկերով: Քսանհինգ ցանկերով եւ ծրագիրներով,- եթէ կային,- ինչպէ՞ս կը լուսաբանուի քաղաքացին, որ ճիշդ ընտրութիւն ընէ:
Եթէ քսանհինգ ճանապարհ ունինք ապագայ կերտելու համար, կը նշանակէ, որ կանգնած ենք քսանհինգ ճանապարհներու խաչաձեւման առջեւ: Ուրեմն չունինք ապագայի պատկերացում, ազգային ռազմավարութիւնը մանրուած է եւ յափշտակուած թաղային շահախնդրութիւններու կողմէ:
Անբնական չէ տարբեր մարտավարութիւններ ունենալ, բայց անոնք պէտք չէ փոխարինեն հիմնականը, ազգային ռազմավարութիւնը: Ոչ թէ համախոհութիւն չկայ ռազմավարութեան գծով, այլ ան պարզապէս համազգային սահմանում չունի: Այսինքն, հայ ազգին համար, Հայաստան եւ սփիւռքներ, հիմնական եւ հասարակաց առաջադրանք(ներ) չկայ, որուն նկատմամբ անսեթեւեթ յանձնառութիւն ունենան պետութիւնը, կուսակցութիւնները, այդ հասկնան նաեւ անհատները, ամէնքը ըստ այնմ դիրքորոշուին եւ գործեն:
Հայուն ժառանգութիւն հայրենիքը սահմանել, տէր ըլլալ անոր, պաշտպանել, կազմակերպուիլ եւ գործել անմիջական, մօտաւոր եւ հեռաւոր աշխատանքային օրակարգով: Այսպէս պէտք էր որ գործած ըլլայինք անցնող երեսուն տարիներուն, ի հարկէ՝ Հայաստան, նաեւ՝ բազմագոյն սփիւռք(ներ): Թող ներուի չարութեամբ ըսել, երբ ղեկավարութիւններու հորիզոնը նեղ է եւ կտաւը անբաւարար, երբ ազգովին քաւարան դրած ենք հարազատ ընտրանին, կամ ան ինքզինք քաւարան դրած է, հրապարակը կը մնայ անգէտներու, կիսագրագէտներու, պատեհապաշտներու, փառատենչիկներու, մէկ խօսքով անորակ էսթէպլիշմընթի: Ան է որ կը դառնայ որոշող եւ գործող:
Երբ այս կամ այն ինքնակոչ դիրքապաշտը, առանց հայոց պատմութիւնը, աշխարհագրութիւն-միջավայրը, մշակոյթը, ընկերային կացութիւնը գիտնալու կը դառնայ որոշող, չձանձրանալու համար՝ երբ թոշակառուն կը դառնայ ղեկավար, մենք կը խարխափենք, ինչ որ կ’առաջնորդէ ձախողութեան, պարտութեան, կը քանդէ ազգի միացնող հիւսկէնը, կը տարտղնուինք, կը հնարենք ինքնութեան նոր սահմանումներ, ինչպէս՝ համաշխարհային ազգը կամ ծագումով հայը:
Խառնիճաղանճային մթնոլորտ՝ ուր խեղդամահ կ’ըլլան հիմնականը, հարազատը, որակը:
Համաշխարհային ազգ՝ ո՞ր սնափառութիւնը կը բաւարարելու համար: Որո՞ւ եւ որոնց տուրք կու տայ ծագումով հայ ինքնութիւն դրժող անլոյս միտքը:
Հարկ է խօսիլ ազգի եւ հայրենիքի վերականգնման, զարգացման, ամրացման, լրացման եւ միացման հասարակաց եւ բոլորին կողմէ ընդունելի եւ հասկնալի հասարակաց կոճղի մասին: Աւելի պարզ. ի՞նչ կ’ուզենք, որո՞ւ եւ որոնց համար, ի՞նչ ընելու համար եւ ինչպէ՞ս, ճշդելով միջոցներ եւ հանգրուաններ: Ճշդելով մարզերը, յաջողութեան առաջնորդելու ատակ անձերու հակապատեհապաշտական դէմքը:
Այդ մարզերը նախ պէտք է թուել, ճշդել իւրաքանչիւրի շրջագիծը. ընդհանուր քաղաքական (ներքին եւ արտաքին), տնտեսական, օրէնսդրական, բարոյական, պատմական, յանձանձումի, հանրային ծառայութիւններու, նաեւ, թուայնացման՝ զոր կարելի չէ զանց առնել գիտութեան-ճարտարագիտութեան զարգացման ներկայ հանգրուանին: Այս աշխատանքը կիսագրագիտութեամբ եւ սիրողական թափահարումներով կարելի չէ իրականացնել, այդ ընելով կը մնանք փակուղիի մէջ:
Նշուած մարզերու մասին անհրաժեշտ է կատարել մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ, վիճարկումներ եւ եզրակացութիւններու յանգիլ: Ապա բոլոր մարզերու եզրակացութիւնները ամփոփել: Քաղաքական պատասխանատուներ եւ ապագայի հեռանկարային ծրագրի պատրաստութեան մասնակիցներ պէտք է վերջնական ձեւ տան եզրակացութիւններուն, յանգին համաձայնութեան եւ ստեղծեն կողմերէն վեր Խորհուրդ մը,- ոչ թէ աթոռատենչութեան տուրք տալու համար,- որ կը շարունակէ հսկել եւ համադրել: Որոշումը պարտաւորեցնող պէտք է ըլլայ օրուան իշխանութեան, ընդդիմութեան եւ գալիք իշխանութիւններուն համար:
Ծրագրի իրականացումը պէտք է հետապնդել քայլ առ քայլ:
Մտաւորականութեան հետ համագործակցաբար, հարկ է զարգացնել բարոյական ըմբռնումներ եւ հաւաքական շահի գիտակցութիւն: Մանաւանդ, զանգուածները պէտք է ներառնել վերը նշուած ամբողջական եւ հեռանկարային ծրագրի իրականացման եւ անկէ բխող նախաձեռնութիւններու մէջ, հաւաքաբար սպասարկելու համար համազգային նպատակներու:
Հրաշք պիտի չպատահի: Պէտք է սկսիլ պզտիկ քայլերով, որոնց յաջողութիւնը գրաւական կ’ըլլայ գալիք յաջողութիւններու:
Այս ծրագիրը, անոր հետապնդումը եւ իրականացումը մասնաւորներու գործունէութեան դաշտը պէտք չէ ըլլայ, չըլլայ նաեւ դիրքերու հասնելու միջոց, այլ յաւելեալ անանձնական ծառայութիւն, ո՛չ յաւելեալ իրաւունքի ձեռքբերում: Այս ազնուական քաղաքականացում է, հայրենիքի եւ հաւաքականութեան հանդէպ յանձնառութիւն: Ե դարու հռոմէացի պատմաբանի խօսքը դիպուկ կերպով դաստիարակիչ է զանգուածը քաղաքականութեան եւ յանձնառութեան բերելու համար: Ան ըսած է. «Քաղաքականութեան չխառնուող մարդը ոչ թէ պէտք է համարուի խաղաղ քաղաքացի, այլ՝ անօգուտ քաղաքացի» (Թուկիդիդես, Thuycidide Հռոմէացի պատմաբան, Ե. դար Ն.Ք.):
Ազնիւ քաղաքականութեան պարզ բացատրութիւնը հայրենասիրութիւն է, նուազ զգացական, աւելի իմացական եւ մանաւանդ՝ յանձնառու:
Հայաստանի ղեկավարութեան, ոչ միայն պետական, կուսակցական, այլ մանաւանդ մտաւորականութեան դերը պէտք է ըլլայ ընել այնպէս, որ հռոմէացիի բնորոշումով, հայը չըլլայ, ներսը եւ դուրսը, «անօգուտ քաղաքացի», աւելցնենք՝ չըլլայ եսասէր, շահախնդիր, անտարբեր, ըլլայ մասնակից: Այս մասնակից ըլլալու առաքինութիւնը, «անօգուտ քաղաքացի» չըլլալու հասունութիւնը կը մշակուի իրաւ առաջնորդներու կողմէ, ոչ միայն բեմերու եւ խօսափողներու առջեւ շորորացողներու:
Այս ներազգային յեղափոխութիւնը, որակի յեղափոխութեան իրականացումը այսօր պէտք է սկսիլ, որակ ունեցող առաջնորդներով, ազգային որակ ունեցող նպատակներու շուրջ համախմբելով՝ երկարաշունչ պայքարի համար:
Իսկ ժողովուրդը պարզ ողջախութեամբ պէտք է գիտնայ, վարժուի ցորենը զատել որոմէն եւ այդպէս ընթանալ պատմութեան ճամբուն վրայ:
Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կացութիւնը, միշտ պէտք է շեշտել՝ ներսը եւ դուրսը լուսաւոր չէ այսօր: «Անօգուտ քաղաքացի», այսինքն՝ մեր պարագային «անօգուտ հայ» չըլլայու գիտակցութեան ընդհանրացումով պէտք է ընթանալ այսօր եւ գալիք տասնամեակներուն, մեր պատմութեան դժուար ճամբով:
Չգոհանալով կիսամիջոցներով, չդիմելով խուսանաւումներու, դուրսէն գալիք հրաշքներու:
Եւ կրկնել ու եզրակացնել Ի դարու մեծ մտաւորական եւ գրող Ալպէր Քամիւի հետ, որ ըսած է, թէ «երջանկութիւնը նուաճումներու մեծագոյնն է, այն զոր կ’իրականացնենք մեզի պարտադրուած ճակատագրին դէմ»:
Իրաւունք վերագտնել, զիրար գտնել: Կազմակերպուիլ ընտրելով որակի ճամբան՝ ընդդէմ ճակատագրին եւ պարտադրանքներու:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) կը լսե՞նք Ալպէր Քամիւի ոչ-զուարճասէր-եսասէր երջանկութեան հրաւէրը: