
ԻՆՏԻԱՆԱՓՈԼԻՍ.- Նոյեմբեր 6-ին, Ինտիանայի նահանգապետ Էրիք Հոլքոմ ստորագրեց հռչակագիր մը նշելով, թէ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այսպէս Ինտիանան դարձաւ 48-րդ նահանգը, որ պատշաճօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասապանութիւնը:
Նահանգապետը աւելցուց թէ Օսմանական Թուրքիան ջարդած է աւելի քան երեք միլիոն հայեր, յոյներ, ու ասորիներ: Իր հռչակագիրին մէջ նահանգապետը յիշեցուցած է, թէ նահանգին քաղաքացիները Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք նեցուկ կանգնած են Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի բարեսիրական գործունէութեան՝ յատկանշական օժանդակութիւն տրամադրելով։
«Ինտիանայի գաղութը փոքր է, սակայն գործօն», յայտնեց շրջանի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Սեդա Արզումանեանը:
Նշենք թէ, նահանգապետը Նոյեմբեր 6-12ի շաբաթը հռչակեց «Հայութեան Իրազեկման Շաբաթ»։ Այս առթիւ, նահանգէն ներս, պիտի կատարուին մշակութային բնոյթ ունեցող զանազան ձեռնարկներ:
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային եւ հաղորդակցութեան հարցերու վարիչ Արթուր Մարտիրոսեան դրուատեց նահանգապետ Հոլքոմի սոյն քայլերը՝ շեշտելով, որ հռչակագիրը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ Ցեղասպանութիւնը ուրացող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, թէ կարելի չէ պատանդ պահել ճշմարտութիւնը։