ԻՆՉՈՒ՞ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ Է ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 48 Second

 

p4 Sevan-Nisanyan1  ԳրեցՕրհան Քեմալ Ճէնկիզ  Զաման  

ԹարգմանեցՅարութիւն  Մըսրլեան

Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք Թուրքիոյ “Ռատիքալ“ եւ “Զաման“  օրաթերթերու աշխատակից, նաեւ փաստաբան, լրագրող եւ մարդկային իրաւանց հարցերու ջատագով` Օրհան Քեմալ Ճէնկիզի մէկ յօդուածը.-

 

Թուրքիան դրախտավայր մըն է մասնաւորաբար  երբ հերթը կու գայ  ապօրինի շինարարութեան:  Հազարաւոր շէնքեր կան Իսթամպուլի մէջ որոնք շինուած են առանց արտօնագրի, կամ` շինուած են հակասելով  քաղաքային արտօնագրի կանոնները: Զննէ՛ կաշառքի վերջին պարագանեները որ տեսնես թէ շինարարութեան արտօնագրերը զեղծարարութեամբ կամ այլ ձեւերով ինչպէս ձեռք կը ձգուին:

Այո՛, ապօրինի շինարարութիւններու դրախտավայր է Թուրքիան, բայց կը թուի թէ բանտարկած ենք միայն մէ՛կ անհատ , որ իր ունեցած հողին վրայ կարծեցեալ ապօրինի շինարարական շէնք մը կառուցած է: Եւ այդ անհատը Սեւան Նշանեանն է:

Նշանեանը շատոնց կ’ապրի Իզմիրի Շիրինճի գիւղը: Կ’ըսուի թէ ան  այս անյայտ շրջանը զբօսաշրջիկներու համար գլխաւոր ու գրաւիչ վայր մը դարձուց: Նշանեանը հայ ծագումով Թուրքիոյ քաղաքացի մըն է: Ան այնպիսի հակադարձ մտաւորական մըն է,  որ վրդովեց մեր ընկերութեան զանազան հատուածները: Քեմալականները, իսլամականները, ձախակողմեաններն ու  իգական սեռի իրաւունքներուն ջատագով (ֆէմինիստ)  եղող անհատները, եւ այս բոլո՛րն ալ, ունին իրենց իւրայատուկ պատճառները ատելու Սեւան Նշանեանը: Նշանեանը  ծայրայեղօրէն բացայայտ անձնաւորութիւն մըն է , եւ  հոգը չէ թէ իր մտածելակերպին պատճառով ուրիշներ զինք կ’ ընդունին կամ ոչ:p4 sevan_nisanyan2

Ան շարունակաբար Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ կառավարութեան  ծրագիրներուն մէջ կը մտցնէ:

Եւ հիմա, ան երկու տարի բանտարկաութեան ենթարկուած է  Թորպալի  բանտին մէջ: Սեւան Նշաշեանը  բանտարկուած չէ հայկական ցեղասպանութեան մասին ըսած  իր խօսքերուն համար, ո՛չ ալ իր արտայայտած այն մտքերուն`  որոնք ընդունուեցան իբր անարգանք  ուղղուած իսլամական  կրօնքին,  եւ անոնց պատճառով իսկ ան 11 ամիս բանտարկուեցաւ:

Այսօր ան բանտարկուած է ապօրինի՜ շինարարութիւն մը իրագործած ըլլալուն  պատճառով…

Կրնա՞ք  հաւատալ:

Բանտ մտնելէ առաջ Նշանեանը  խօսած է վեթերան լրագրող Հասան Ճեմալի հետ: Դառն են իր խօսքերը եւ գրգռիչ: Նշանեանը ըսած է.

Ամբողջ կեանքիս ընթացքին փորձեցի լաւ բան մը ընել մարդոց: Եւ փոխարէնը ի՞նչ ստացայ: Իշխանութենէն միշտ ստացայ կասկած, թշնամութիւն եւ բռնապետութիւն: Ստիպուած էի միշտ բարոյական եւ քաղաքական նախապաշարումներու հանդէպ անպատկառութեամբ եւ արհամահանքով մօտենալՀինգ կառավարութիւններ, ութը ենթակառավարիչներ, եւ չեմ գիտեր քանի նախարարներ եւ քաղաքապետներ փոխուեցան: Երբեմն քանի մը պարկեշտ մարդիկ կու գան եւ նոր յոյսեր կը ծագին մեր մէջբայց յետոյոչի՛նչ կը փոխուի:“

“Ակօս“ շաբաթաթերթին մէջ նախապէս իր ըրած դիտողութիւններով Նշանեանը վերլուծած է իսկական շարժառիթը իր բանտարկութեան: Ակներեւ է որ իմ հայ ըլլալը դեր կը խաղայ այս գործարկութեան մէջ: Թուրքիոյ մէջ, ան որ տուփէն դուրս ելլէ կը պատժուի, նոյնիսկ եթէ զուտ  թրքական մականուն ունենայ: Իսկ եթէ տուփէն դուրս ելլողը հայ է, պատիժը կը բազմապատկուի:“

Թերեւս հարցը հետեւեալ ձեւով պէտք է դնել:

Եթէ Նշանեանը հայ չըլլար, եթէ ան հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսած չըլլար, եւ եթէ ան իր արտայայտութիւններով իսլամականները խռոված չըլլար, այսօր`  միթէ  ան բանտարկուած պիտի ըլլա՞ր:

Սոսկալին այն է, որ այլ պարագաներ, խնդիրներ ալ կան որոնք  նոյնպէ՛ս կը կը դատապարտեն Նշանեանը  կարծեցեալ ապօրինի շէնքեր կառուցած ըլլալուն համար: Եթէ ասոնցմէ ամեն մէկուն համար նոյնպիսի պատիժ մը ստանայ, ան իր ամբողջ կեանքը բանտին մէջ կրնայ անցնել:

Պատմական հեգնանք մը ըլլալ կը թուի կառավարութեան ըրածը: Որովհետեւ մինչ  հո՛ս` պետական իր ազդեցութեան եւ կարողութեան մէջ գտնուող բոլոր կարելիութիւնները օգտագործելով  կառավարութիւնը կը փորձէ սանձել խոշոր կաշառակերութեան մը խուզարկման խնդիրը (միլիոնաւոր տոլար արժող կաշառակերութիւն մը`  շինարարական արտօնագրեր ձեռք ձգելու համար…), իսկ հոն` Սեւան Նշանեանը բանտ կը նետուի իրեն պատկանող 40 քառակուսի մեթրին վրայ շէնք մը կառուցած ըլլալուն համար: կարծես կատակ մըն է …: Բայց այս կատակը ահռելի հետեւանք ունի: Որովհետեւ` կը ձգտի լռեցնել քննադատող այնպիսի ձայն մը, եւ այնպիսի մէկ պահուն, որուն կարիքը զգալի է առաւելապէս նոյն այդ պահուն:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles