ԻՆՉՈ՞Ւ

0 0
Read Time:37 Second

 

 

Ինչո՞ւ ընդմիշտ

Յորդած զգացումներուս հարաւային մասը

Անընդհատ կը համընկնի

Անտարբերութեանդ հիւսիսային մասին

 

Ինչո՞ւ              ին – չո՞ւ

Տառապանքիս կողմնացոյցը գրգռուած

Ուժեղ պտտուող

Բացուող զսպանակի նման

Յար կը շարժի բոլոր ուղղութիւններով

Եւ դէպի քեզ կը սլանայ

 

Ինչո՞ւ սիրտս

Անջատուած կղզիի նման

Միայն գոյութեանդ արշիպելակներէն

Ծնունդ առնող ալիքներով

Կ’ուզէ լուացուիլ

 

Ինչո՞ւ

Կիրքիս կայմը

Միշտ կ’ըղձայ

Որ տռփանքի դրօշակդ

Փողփողի

Անոր բարձունքին վրայ

 

Ինչո՞ւ

Այրող

Ոչնչացող անտառներու պէս

Անընդհատ կը քայքայեմ

Կ’ածխացնեմ

Հպարտութեանս տարածութիւններն

Արեւադարձային

 

Հուները փոխող գետերու նման

Այլեւս

Անուրջներուս եւ կիրքերուս հուներն ալ

Պիտի փոխեմ

Բնաւ չխաչաձեւելու

Անցեալի փոշիներուն մէջ լողացող

Հին ալիքները

 

Ինչո՞ւ

Տակաւին ես ալ չեմ ընկալած

 

ՅԱԿՈԲ  ՆԱԼՊԱՆՏ  ՏԼՏԼԵԱՆ

 

Հալէպ, Յուլիս 6, 2011

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles