ԻՆՉՈ՞Ւ ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԵՆՔ ԿԱԶՄԵՐ՝ ԸՍՏ ԱՅՆՄ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 10 Second

 

 Յ. Պալեան

            Հայաստան պետութիւն է, հոն արձանագրութիւններ կան: Վիճակագրութիւններ կարելի է կազմել: Կարելի է թիւ-թուանշաններ ունենալ գնահատումներ ընելու համար: Բազմագոյն եւ յարաշարժ սփիւռք(ներ)ի մասին առարկայական տուեալներ եւ բաղդատական տախտակներ չունինք: Ենթակայական տեսակէտներով ղեկավարումը ապագայատես ապագայակերտ  չի կրնար ըլլալ:

Օրին, գրած էի, Ֆրանսայի հայ առաքելական համայնքի ներկայացուցչութեան եւ մասնակցութեան մասին՝ ինչ կը վերաբերի Ազգային-եկեղեցական ժողովի պատգամաւորի ընտրութեան: Օրէնքով ճշդուած է, որ 25.000 հոգիի համար կ’ընտրուի մէկ պատգամաւոր, բայց քանի՞ անդամ ունին Կրօնական Ընկերակցութիւնները եւ քանի հոգի կը քուէարկեն: Կրօնական ընկերակցութեան քանի մը հարիւր անդամները ինչպէս առնուազն 20  անգամ 25.000ի փոխարէն կ’ընտրեն, իրենք իրենց շնորհելով այդ իրաւունքը: Ժողովրդավարութիւնը պարզ օրէնք ունի. մէկ անձ մէկ ձայն: Ո՞ւր է 20×25.000ը :

Ֆրանսան օրինակ մըն էր:

Տուեալ գաղութի մը մէջ, Լիբանան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Արժանթին, Պրազիլ եւ այլուր,  մէկ առ մէկ կրցա՞ծ ենք ճշդել դպրոցական տարիքի հայ մանուկներու եւ պատանիներու թիւը եւ այդ բաղդատել անոնց որոնք կը գտնուին հայ դպրոցի մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ սերունդի հայացման եւ դասական հայապահպանման մասին անգամ, առանց նկատի առնելու ազգապահպանման տոկոսները: Ֆրանսայի հայկական վարժարաններուն մէջ գտնուող աշակերտները ի՞նչ տոկոսը կը կազմեն իրենց տարեկիցներուն: Նոյն հարցումը պէտք է ուղղել ամենուրեք, Լիբանան, Աւստրալիա… Դատումներ եւ նախաձեռնութիւններ իմաստ կ’ունենան ըստ այդ բաղդատական տախտակին:

Բաղդատական տախտակներ՝ անցնող տասը, քսան, երեսուն եւ աւելի տասնամեակներու:

Նոյն ձեւով, վիճակագրութիւն պէտք է կազմել հայերէն թերթերու տպագրութեան, սպառման, բաժանորդներու եւ ընթերցողներու մասին: Նոյնը ընել նաեւ օտարալեզու «հայկական» մամուլին համար: Եթէ անոնք չեն սպառիր, հարկ է անշպար քննութեամբ պատճառները ճշդել եւ դարմանի մասին մտածել: Հարց պէտք է տալ, թէ անորոշ խտութեամբ եւ տարածումով ենթադրուող ընթերցող-հետաքրքրուող զանգուածը ինքզինք կը տեսնէ՞ այդ հրատարակութիւններուն մէջ: Երբ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ լոյս տեսնող հրատարակութիւնները եւ տեղեկատուութիւնը չնչին տարբերութիւններով նոյն բաները կ’ըսեն, զիրար կը կրկնեն, կը դադրին հետաքրքրական ըլլալէ: Հայաստանի լրատուամիջոցները կ’անդրադառնան քաղաքացիի առօրեային, կազի, ելեկտրականութեան, նաւթի, կարագի գինին, ինչպէս ֆրանսական թերթերը, իսկ սփիւռքի հայկական լրատուամիջոցները նման հարցերու մասին չեն խօսիր:

Հայկական հանդիսութիւններու մասին երկարապատում թղթակցութիւնները քանի՞ հոգի կը կարդան, երբեմն հարցախոյզ պէտք է ընել, հրատարակութիւններու բովանդակութիւնը գնահատելու համար: Կամ հարցախոյզ պէտք է ընել, գիտնալու համար թէ ո՞վ եւ որոնք կը հետաքրքրուին բառերը չարչրկող քաղաքական, տեսաբանական, արդիականութեան հետամուտ կամ զայն կապկող գրական մարզանքներով: Խմբակներու փոխ-ինքնագոհութիւնը ապացոյց չէ այսօրուան եւ վաղուան համար: Յաճախ նաեւ գնահատումները կեղծ-հիացականի եւ կամ բամբասանք-չարախօսութեան սահմաններուն մէջ կը դեգերին:

Հեռատեսիլէն քաղաքական դէմքերու ելոյթներու մասին անմիջապէս հարցախոյզի արդիւնքներ կը տրուին, թիւերով եւ տոկոսներով, ըսելու համար թէ անոնք համոզի՞չ էին, ի՞նչ էր դրական կամ բացասական դատումը դիտողներու եւ լսողներու: Ինքնասրբագրում տեղի չ’ունենար: Հայկական մամուլի եւ հանդիսութիւններու պարագային նման առարկայական գնահատումներու չենք հանդիպիր եւ կը խրինք ինքնագոհութեան մէջ, եւ երէկը կը կրկնուի այսօր, եւ պիտի կրկնուի վաղը:

Չի բաւեր սնապարծութեամբ ըսել, թէ մենք մշակոյթի ժողովուրդ ենք եւ հարց տալ, թէ հայերը ընդհանրապէս քանի գիրք կը գնեն տարուան ընթացքին եւ մանաւանդ՝ հայերէն:

Հարցախոյզներ եւ ընկերաբանական ուսումնասիրութիւններ անհրաժեշտ են հանրային նախաձեռնութիւններու ճամբան լուսաւորելու համար, որպէսզի ճահճացում չըլլայ: Երբեմն արագ հարցախոյզ մը պէտք է կատարել, ամպագորգոռ ճառ մը լսելէ ետք, գիտնալու համար, թէ ըսուած խօսքերը բեմէն վար իջա՞ն, առանց որպէս ճշմարտութիւն ընդունելու էսթէպլիշմընթի փակ ակումբի փոխ-հիացումները:

Եթէ գիտնանք խօսեցնել թիւերը եւ թուանշանները եւ լսել զանոնք, ինչեր կրնան փոխուիլ մեր ընկերային, քաղաքական, մշակութային եւ վաղուան պատկերացումներուն մէջ: Կը դադրինք անտեսելէ սառցակոյտի ովկիանոսի մակերեսէն վար թաքնուած մասը, եւ բաւարարուելէ ծփացող մասով: Եւ թերեւս այդ ձեւով ճամբայ կը հարթենք վերականգնումներու, փոխանակ աւաղելու ի տես եւ ի լուր նահանջներու:

Իսկ հարցախոյզ եւ ընկերաբանական ուսումնասիրութիւն գիտութիւն են, խաղ չեն, ինքզինք եւ ուրիշը խաբելու համար:

Անխարդախ թիւերը եւ թուանշանները կարեւոր են ոչ թէ յոռետեսութիւն մշակելու համար, այլ իրատեսութեամբ դիմաւորելու համար ապագան, եւ մանաւանդ խորք տալու համար նախաձեռնութիւններուն:

Երբ չկան թիւեր, մեր կարծիքները սոսկ տրամադրութիւն եւ ինքնախաբէութիւն են, այդքան են միայն, կամ ծխածածկոյթ՝ ճշմարտութիւնները վարագուրող: Եւ կը շարունակուին խարխափումները, հակառակ բարձրախօսներու աղմուկին:

Հարցախոյզներ եւ ընկերաբանական ուսումնսիրութիւններ հանրային  կեանք առաջնորդլու համար անփոխարինելի գործիքներ են, ինչպէս կողմնացոյցը՝ նաւապետին եւ օդաչուին համար:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles