
Կարօ Արմենեան
Կը թուի, թէ մարտ ամիսը բանակցութիւններու փուլն էր, քանի որ թէ՛ Փաշինեանը եւ թէ՛ Ալիեւը սկսեր էին խօսիլ Սիւնիքի մասին «կոմունիկացիա»ներու լեզուով։ Ալիեւ սկսեր էր նոյնիսկ դրուատել Փաշինեանի առաջնորդութեամբ գործող Հ․Հ․ կառավարութիւնը իր բարեյոյս պահուածքին համար։ եւ, իր կարգին, Փաշինեան յանկարծ հարցականի տակ կը դնէր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի Հայաստանի «թշնամիներ» ըլլալու փաստը…եւ Փաշինեանի քարոզարշաւով մենք սկսեր էինք մտնել եդեմակա՜ն մէկ նոր — ակներեւօրէն սո՛ւտ — աշխարհէ մը ներս։
եւ յանկարծ, այս օրերուն, Ալիեւ կրկին կը վերադառնայ թշնամական իր բնականոն խօսոյթին եւ մենք ունինք մեր դռներուն առջեւ գտնուող այս «անթշնամի»ի յստակ եւ բիրտ սպառնալիքը։ Ի՞նչ պատահեցաւ։
Պարզ է, որ ոչինչ գիտենք, թէ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ քուլիսներու ետին եւ կ՚ապրինք ենթադրութիւններու տիեզերքին մէջ։ Ոչինչ գիտէ յատկապէս սիւնեցին իր ապագայի եւ իր ճակատագրի մասին, որ կը ճշտուի պարտութեան վարչակարգի ամէնօրեայ խարխափումներով։
Նոյնքան պարզ կը թուի, որ Փաշինեան ձախողած է «թշնամի»-ին հետ իր վարած «բանակցութիւն»-ներուն մէջ։ Երեւի կը յուսար այս ստայօդ գործընթացէն «բան» մը կորզել — թէկուզ ձեւակա՛ն — կարենալ յաղթանակ յայտարարելու համար եւ համոզելու հանրութիւնը՝ թէ որքա՜ն արդիւնաւոր էին իր նոր նահանջական քաղաքականութեան եզրերը։ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին դիմաց կը յուսար ստանալ շօշափելի թուող բա՛ն մը…«բանակցութեան» դիրքերը հաւասարեցնելու ակնկալութեամբ…Բա՛ն մը՝ որ գոյութիւն չունէր եւ որուն անհրաժեշտութիւնը երբեք չտեսաւ թշնամի կողմը։
Հ․Հ․ Արտգործնախարարութեան յայտարարութիւնը կու գայ բացայայտելու, որ Հայաստան կ՚ապաւինի Մոսկուայի իրաւարարութեան Ալիեւի վերջնագիրը մեղմելու յոյսով։ Իսկապէ՞ս…
Պարտութեան վարչակարգը իսկապէ՞ս կը յուսայ լուծում բերել այս սնանկ իրականութեան։ Ժամանակը չէ՞ անդրադառնալու, որ Փաշինեանի իշխանութիւնը արդէն վաղուց սպառած է ինքզինք եւ իր անհեթեթ իշխանամոլութեամբ կը սպառէ երկրին վերջին ուժականութիւնները։ Ժամանակը չէ՞ համոզուելու, որ պարտութեան վարչակարգը կրնայ միայն խորացնել եւ արմատաւորել թշնամիին կողմէ երկրին պարտադրուած պարտութիւնը։ Ժամանա՛կն է։ եւ արդէն վաղո՛ւց։
Պարտութեան վարչակարգը պէտք է դուրս գայ հայ անկախ պետականութեան կեանքէն, որպէսզի երկիրը սկսի շնչել ու գործել խիզախութեամբ, իմաստութեամբ, արժանապատւութեամբ։Սկսի զգալ իր հարազատ ինքնութիւնը։ եւ սկսի տեսնել իր ապագան։