Իմ Մայրենի Լեզուն

0 0
Read Time:1 Minute, 16 Second

Մեղրի Տէր Վարդանեան
Հ. Ե. Դաշնակցութեան Պոսթընի «Նժդեհ» մասնաճիւղ

Լեզուն ազգի մը գոյատեւման միակ միջոցն է, ապրելու կամքն է, հպարտութեան առիթն է եւ ճողովուրդի մը ինքնութիւնը բնորոշող ազդակն է։ Ամէն ժողովուրդ ունի իր մայրենի լեզուն, իմ, եւ բոլոր հայերուն մայրենի լեզուն հայերէնն է։ Ուրեմն եկէք գուրգուրանք եւ պահենք մեր մայրենին անաղարտ մեսրոպեան 38 տառերը, օգտագործենք որպէս զէնք ու վահան, գրելով հայերէն, խօսելով հայերէն եւ ապրելով հայօրէն։
Ես հպարտ եմ որ ծնած եմ հայ: Վկայ Արարատը: Ծնիլ հայ հպարտութիւն է, ապրիլ եւ գոյատեւել որպէս հայ պարծանք է։ Ինչպէս հայօրէն ապրիլ սփիւռքեան այս խառնարանին մէջ, բանաստեղծը ըսած է,

Մեր շուրջը լեզուներ նոր ու հին
Մեր շուրջը կը խօսին այլօրէն
Եկ խօսինք եղբայր իմ հայերէն։

Այո՛ լեզուն է որ մեզ կը տարբերէ ուրիշ ազգերէ, եկուր երիտասարդ հայ, գրենք, խօսինք, երգենք հայերէն, որովհետեւ հայը ունի բարձր մշակոյթ, համաշխարային մակարդակով հպարտանանք:…Մեր անցեալով որպէսզի գալիքը ընդունինք պարծանքով։
Ճիշդ է, մենք հայերս ցրուած ենք, կ՞ապրինք շատ հեռու մեր հայրենիքէն, կը խօսինք եւ կը յարգենք ուրիշ ազգերու լեզուները, բայց միշտ սիրենք եւ գուրգուրանք մեր ոսկեղնիկ մայրենի լեզուն։ Պէտք է հասկնանք, եւ հասկնալով չի մոռնանք երբեք որ մեր ժառանգութեան մեծագոյն գանձը մեր լեզուն է։ ժ
Թող հայ լեզուն իր 38 տառերով դրօշմուած ըլլայ ամէն մէկ հայու մէջ, որ ոչ մէկ պատմական քամի չջնջէ մեր շրթունքներէն։ Թող մեր մայրենի լեզուն հնչէ ամէն հայ տան մէջ որպէսզի յաջորդ սերունդը մեծնայ եւ սնանի հայօրէն։

Մեծ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան աւանդած է մեզի.-

«Ու տես որդիս ուր էլ լինես,
Այս լուսի տակ, ուր էլ քնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո մայր լեզուն չմոռանաս»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles