Լրահոս

Իլինոյ․- Փոքր Ասիոյ Յոյներու Եւ Պոնտոսցիներու Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Նշում

Սքոքի (Իլինոյ)․- Ապրիլի 7-ին տեղի ունեցաւ Փոքր Ասիոյ եւ Պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը կլոր սեղանի շուրջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 350 ներկաներու: Իլինոյի Ողջակիզման թանգարանն ու կրթական կեդրոնը (IHMEC) հիւրընկալած էին Պոնտոս-յունական հետազօտական կեդրոնի, Շիքակոյի Պոնտոսցիներու միութեան, Ա․Մ․Ն․-ի եւ Քանատայի Պոնտոսական դաշինքին, Շիքակոյի Յունական գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ տեղւոյն ուղղափառ կեղեցւոյ համագործակցութեան անդամները:
Բացման խօսքը արտասանեց կեդրոնի պատասխանատուներէն՝ Քելի Զանի։ Ապա խօսք առաւ Պոնտոս-յունական հետազօտական կեդրոնի պատասխանատուներէն՝ Մարիա Իոանիտու, որ անդրադարձաւ Փոքր Ասիոյ մէջ կատարուած ցեղասպանութիւններուն եւ ապա հրեաներու ողջակիզման։ Շրջանի յոյն եկեղեցւոյ Առաջնորդ Նաթանիէլ Սիմոնիտէս աղօթեց ի յիշատակ նահատակուած զոհերուն։
Ապա, կլոր սեղան-զրոյցին մասնակցեցան Թեսաղոնիկէի համալսարանի դասախօս՝ Թէօտոսիոս Քիրիաքիտիս, Միշիկընի համալսարանի դասախօս Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէք եւ գանատահայ Ժորժ Շիրինեան։
Հետաքրքրութիւն ստեղծեց այս զրոյցը, որուն մասնակցութիւն բերին նաեւ երիտասարդներ։
Այս առթիւ ցուցադրուեցան նաեւ Փոքր Ասիոյ յոյներու եւ պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան գծով տեսարաններ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button