ԻԼԻՆՈՅԻ ՄԷՋ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ Հ.Օ.Մ.Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.Ի 89-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

0 0
Read Time:10 Minute, 9 Second

p1 main 

Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի 89րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ Իլի­նո­յի Կլէն­վի­ու շրջա­նին մէջ, հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ Շի­քա­կո­յի «Զա­պէլ» մաս­նա­ճիւ­ղին, Յու­լիս 16էն 19, 2009ին:

Ամէն ճիգ թափ­ուած էր յա­ջող ձե­ւով կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար այս ժո­ղո­վը:  Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.ի Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Եոր­քի, Ռոտ Այ­լըն­տի, Մա­սա­չու­սէ­ցի, Փէն­սիլ­վան­իա­յի, Քա­նե­թի­քը­թի, Վիր­ճին­իա­յի, Մի­շի­կը­նի, Իլի­նո­յի, Ուա­շինկ­թը­նի, եւ Ուիս­քան­սը­նի մաս­նա­ճիւ­ղե­րը: Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ա­ցան Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւնը եւ հիւ­րեր:

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին տա­րե­կան նիւ­թա­բա­րո­յա­կան ատե­նագ­րու­թիւնը ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ: Երեք նոր ան­դամ­ներ ընտր­ուե­ցան յա­ռա­ջի­կայ տա­րեշր­ջա­նի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ: Զա­նա­զան առա­ջարկ­ներ կա­տար­ուե­ցան յա­րա­բե­րա­կան եւ տնտե­սա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս, եւ վա­ւե­րաց­ուե­ցաւ 2009-2010 տա­րեշր­ջա­նի հաշ­ուե­ցոյ­ցը:

Ժո­ղո­վի ատե­նա­պետ­ներն էին ընկհ. Զա­պէլ Մու­րատ­եան Ֆէյ (Պինկ­համ­թը­նի «Անա­հիտ» մաս­նա­ճիւղ)եւ ընկհ. Քա­րո­լին Շմա­վոն­եան (Ֆի­լա­տելֆ­իոյ, «Ար­տե­միս» մաս­նա­ճիւղ).  Ժո­ղո­վի քար­տու­ղա­րու­հի­ներն էին ընկհ. Հօ­լի Խա­լիկ­եան (Ռէյ­սի­նի, «Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւղ), ընկհ. Անի Փի­լի­պոս­եան (Տիթ­րոյ­թի, «Շա­քէ» մաս­նա­ճիւղ), եւ ըն­կե­րու­հի­ներ Անիկ Քէ­շիշ­եան եւ Ռա­քել Ասա­տուր­եան (Նիւ Ճըրզիի Հատ­սըն գա­ւա­ռի «Շա­քէ» մաս­նա­ճիւղ):

Հ.Օ.Մ.ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նէր ըն­կե­րու­հի Մայ­տա Մել­քոն­եան: Ժո­ղո­վի  հաշ­ուեքն­նիչ, արխիւա­յին, եւ բա­նա­ձե­ւու­թեան յանձ­նա­խում­բե­րու ընտ­րու­թե­նէն վերջ, ար­ծարծ­ուե­ցան յա­ռա­ջի­կայ տա­րեշր­ջա­նի գոր­ծերն ու ծրա­գիր­նե­րը:

Բա­նա­ձե­ւու­թեան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներն էին ընկհ. Մե­լա­նի Հա­րոյ­եան (Կրա­նիթ Սիթիի «Ռու­պի­նա» մաս­նա­ճիւղ), ընկհ. Մէ­կի Խա­չեր­եան (Ուա­թըր­թաու­նի «Լէ­օ­լա Սա­սու­նի» մաս­նա­ճիւղ), եւ ընկհ. Թա­լին Յա­կոբ­եան (Տիթ­րոյ­թի «Մա­րօ» մաս­նա­ճիւղ):

Արխիւա­յին յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներն էին ընկհ. Սօ­նա Մի­շիկ­եան (Տիթ­րոյ­թի «Սի­պիլ» մաս­նա­ճիւղ), Շնո­րիկ Քա­րա­քել­եան (Ֆի­լա­տելֆ­իոյ «Անի» մաս­նա­ճիւղ), եւ Կա­յա­նէ Շի­րոզ­եան (Ֆի­լա­տելֆ­իոյ «Ար­տէ­միս» մաս­նա­ճիւղ):

 

Հաշ­ուեքն­նիչ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներն էին ընկհ. Փըրլ Պար­ղամ­եան Թիկ (Լօ­ուը­լի «Լուսն­թագ» մաս­նա­ճիւղ), ընկհ. Անի Քէ­շիշ­եան (Նիւ Ճըրզիի Հատ­սըն գա­ւա­ռի «Շա­քէ» մաս­նա­ճիւղ), եւ ընկհ. Մի­նա Յով­սէփ­եան (Նիւ Եոր­քի «Մայր» մաս­նա­ճիւղ):

Ընտ­րո­ղա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներն էին ընկհ. Մէ­րի Արապ­եան, Քնար Աբ­գար­եան, Ման­իա Պար­տագճ­եան, Երան Ման­ճիկեան, եւ Մա­րօ Նալ­պանտ­եան:

Ընկհ. Ճոյս Երեմ­եան ընտր­ուե­ցաւ խորհր­դա­կան, ընկհ. Մէ­լա­նի Քեր­նեքլ­եան ժո­ղո­վի լրագ­րող եւ Սօ­նա Կա­րա­պետ­եան՝ ներ­կա­յու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու: Հրա­ւիր­ուած հիւ­րերն էին – Հ.Օ.Մ.ի հա­րիւ­րամ­եա­կի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ՝ ընկհ. Ան­ժէլ Մա­նուկ­եան, Ճոյս Երեմ­եան, ընկհ. Ճոր­ճի-Ան Օշա­կան, եւ ընկհ. Մի­մի  (Միւրի­էլ) Բար­սեղ­եան (Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ, որ ծա­ռա­յած էր շրջա­նա­յին վար­չու­թե­նէն ներս մին­չեւ իր ընտ­րու­թիւնը կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան Հոկ­տեմ­բեր 2008ին):

Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան անկ­ման հե­տե­ւանք­նե­րը նիւթ դար­ձան, յատ­կա­պէս Հ.Օ.Մ.ի մար­դա­սի­րա­կան եւ կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու քննարկ­ման ժա­մա­նակ:  Շատ մը ծրա­գիր-աշ­խա­տանք­ներ մօ­տէն քննարկ­ուե­ցան: Բազ­մա­թիւ հար­ցեր կախ­եալ են շրջան­նե­րու կա­տա­րե­լիք դրա­մա­հա­ւա­քէն, որ հետզ­հե­տէ աւե­լի դժուա­րու­թեամբ կը կա­տար­ուի:

Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.ի ան­դամ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մաս­նակ­ցիլ Միու­թեան  հա­մաշ­խար­հա­յին ծրա­գիր­նե­րուն մէջ:  Ստո­րեւ, ատե­նագ­րու­թեան մէջ նշուած կա­րե­ւոր իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը.-

 Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ կա­տար­ուած որ­բե­րու յա­տուկ «Sponsor a Child» հիմ­նադ­րա­մին, ցայ­սօր կա­րե­լի եղած է եօթ հա­զար որ­բեր օժան­դա­կել: 1992էն սկսեալ, որ­բե­րու կրթու­թեան յա­տուկ հիմ­նադ­րա­մին՝ «Orphan Education Fund»ի մի­ջո­ցաւ, կրթա­թո­շակ­ներ յատ­կաց­ուած են Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ որբ ու­սա­նող­նե­րուն: Կա­րե­լի եղած է միշտ նե­ցուկ կանգ­նիլ «Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի հիմ­նար­կին, որ Ար­ցախ­եան գիւ­ղե­րու մայ­րե­րու եւ մա­նուկ­նե­րու օգ­նու­թիւն կը հայ­թայ­թէ: Մի­եւ­նոյն աշ­խա­տան­քը կա­տար­ուած է Գիւմրիի շրջա­նին մէջ, Հ.Օ.Մ.ի «Մայր ու Զա­ւակ» դար­մա­նա­տան եւ ծննդա­բե­րու­թեան կեդ­րո­նին, որոնք շրջա­նի ըն­տա­նիք­նե­րու առող­ջու­թիւնը կ’ապա­հո­վեն: Յա­տուկ օժան­դա­կու­թիւն կա­տար­ուած է նա­եւ  «When September Comes» ծրագ­րին, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ աշա­կերտ­նե­րու գրե­նա­կան պի­տոյք­ներ կը հայ­թայ­թէ:

Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.ի կող­մէ հա­մալ­սա­րա­նա­կան հայ ժա­ռան­գու­թիւն ու­նե­ցող աշա­կերտ­ներ կրթա­թո­շակ­ներ ստա­ցան իրենց ու­սու­մը օժան­դա­կե­լու հա­մար:  Կարգ մը աշա­կերտ­ներ ստա­ցան «Լա­զար­եան» կրթա­թո­շա­կը‘ մաս­նա­գի­տա­կան ու­սում շա­րու­նա­կող­նե­րու հա­մար:  Միու­թիւնը կ’օժան­դա­կէ ամէ­նօր­եայ եւ շա­բա­թօր­եայ վար­ժա­րան­ներ, եւ նոյն­պէս «United Armenia Fund» հիմ­նադ­րա­մին:  Միու­թիւնը նա­եւ բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւն կը կա­տա­րէ «Քէմփ Հա­յաս­տան»ին:

Հ.Օ.Մ.ի հա­րիւ­րամ­եա­կի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ, ընկհ. Ան­ժէլ Մա­նուկ­եան (Հ.Օ.Մ.ի հա­րիւ­րամ­եա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 2010ին), խօսք առաւ նշե­լով հիմ­նադ­րու­թեան հե­ռա­տե­սու­թիւնը, եւ կա­րի­քը յայտ­նեց վե­րար­ժե­ւո­րե­լու կազ­մա­կեր­պու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը հաս­նե­լու հա­մար դրա­մա­հա­ւա­քու­թեան նպա­տակ­նե­րուն:  Ընկհ. Մա­նուկ­եա­նի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը, հաս­տա­տա­կա­մու­թիւնը, լա­ւա­տե­սու­թիւնն ու  կայ­տա­ռու­թիւնը ոգե­ւո­րեց ներ­կայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը:  Ան նա­եւ ներ­կա­յա­ցուց «Դար Մը Յու­շեր» (A Century of Memories), պատ­մա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն մը, Հ.Օ.Մ.ի կա­տա­րե­լա­գոր­ծած աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին, կա­տար­ուած վեր­ջին հա­րիւր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, որ լոյս տե­սաւ եւ ցրուե­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.ի ճաշ­կե­րոյ­թին, կա­տար­ուած անց­եալ աշ­նան, Նիւ Եոր­քի մէջ, նա­խա­ձեռ­նե­լով շրջա­նի դրա­մա­հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը հա­րիւ­րամ­եա­կի  տօ­նա­կա­տա­րու­թեան առ­թիւ:

Այս տար­ուան «Ակ­նու­նի» տիտ­ղո­սը յանձն­ուե­ցաւ ժո­ղո­վի հիւր, ընկհ. Ճոյս Երեմ­եա­նի, Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թե­նէն ներս կա­տա­րած իր հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին պատ­ճա­ռով:  Ընկհ. Երեմ­եան հա­մես­տա­բար, հրճուան­քով եւ քիչ մըն ալ զար­ման­քով ըն­դու­նեց տիտ­ղո­սը, յայտ­նե­լով թէ սոյն միու­թեան ծա­ռա­յե­լը, իրեն հա­մար պա­տիւ է:

Նշենք թէ, ընկհ. Քնար Քի­լէճ­եան «Դար Ակումբ»ի շրջուն բաժակը ներ­կա­յա­ցուց Նիւ Ճըրզիի «Շա­քէ» մաս­նա­ճիւ­ղին, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ շրջա­նը կրցած էր լա­ւա­գոյն ան­դա­մար­շա­ւը կա­տա­րել: Հ.Օ.Մ.ի Ռէյսինի «Սօսէ» մասնաճիւղը վերոյիշեալ բաժակին տիրացած էր 2008ին:

Շի­քա­կո­յի «Զա­պէլ» մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դամ, ընկհ. Ար­փի Քիլ­եան խօսք առ­նե­լով, կա­րե­ւո­րեց Հ.Օ.Մ.ի առա­քե­լու­թիւնը, հայ կա­նա­ցի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, եւ կազ­մա­կեր­պու­թեան բա­րե­սի­րա­կան եւ խնա­մա­տա­րա­կան լայ­նա­ծա­ւալ աշ­խա­տան­քը:

Յա­ջոր­դա­բար ին­նե­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, Հայ Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րո­նին կազ­մա­կեր­պած նա­ւապ­տոյ­տի ըն­թաց­քին, ան­դամ­ներ զրու­ցե­ցին, խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին, ճա­շե­ցին, պա­րե­ցին, եւ վա­յե­լե­ցին Շի­քա­կո­յի սքան­չե­լի երկ­նա­գե­րե­րու տե­սա­րա­նը:

Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց 2008-2009 տա­րեշր­ջա­նի Շրջա­նա­յին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ըն­կե­րու­հի­ներ Մի­մի Բար­սեղ­եա­նի (մին­չեւ Հոկ­տեմ­բեր 2008), Քնար Քի­լէճ­եա­նի, Անի Աթ­թա­րի, Սիլ­վա Գու­յումճ­եա­նի, Գո­հար Դա­ւի­թեա­նի, Անա­յիս Չոլաք­եա­նի, եւ Վար­սէն Պետ­րոս­եա­նի, իրենց նուի­րու­մին եւ ճա­նա­չան աշ­խա­տան­քին հա­մար:

Հրա­ժար­եալ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ­ներն էին ըն­կե­րու­հի­ներ Քի­լէճ­եան, Աթ­թար, եւ Տաղլ­եան:  Նոր Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը կը բաղ­կա­նայ, հե­տեւ­եալ եօ­թը ան­դամ­նե­րէ.-  Սիլ­վա Գու­յումճ­եան (Նիւ Ճըրզիի «Շա­քէ» մաս­նա­ճիւղ), Գո­հար Դա­ւի­թեան (Նիւ Եոր­քի  «Մայր» մաս­նա­ճիւղ), Անա­յիս Չո­լաք­եան (Նիւ Եոր­քի «Մայր» մաս­նա­ճիւղ), Վար­սէն Պետ­րոս­եան (Նիւ Ճըրզիի «Սա­թե­նիկ» մաս­նա­ճիւղ), Քա­րօլ Ճա­ֆար­եան (Ուս­տը­րի «Քնար» մաս­նա­ճիւղ), Քա­րո­լին Շմա­վոն­եան (Ֆի­լա­տելֆ­իոյ «Ար­տե­միս» մաս­նա­ճիւղ), եւ Սիւ­զան Ազար­եան (Նիւ Ճըրզիի Պեր­կըն գա­ւա­ռի մաս­նա­ճիւղ):

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles