ԱմերիկահայԼրահոս

Իզապէլ Պայրագտարեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Նուիրուած Համերգով Հանդէս Պիտի Գայ Միշիկընի Մէջ

Bayrakdarian

 

 

Advertisement Subscribe Today

Մարտ 7-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յանձնաժողովը, Միշիկըն նահանգի Տիրպորն քաղաքի Ֆորտ համայնքային եւ կատարողական արուեստներու կեդրոնին մէջ պիտի ներկայացնէ «Իմ երգերը, իմ ժառանգութիւնը» խորագիրով համերգ: Այս առթիւ, ելոյթ պիտի ունենան «Կրեմի» մրցանակի առաջադրուած Գանատահայ սոփրանօ երգչուհի՝ Իզապէլ Պայրագտարեան եւ իր կողակիցը` Սերուժ Քրաճեան, ինչպէս նաեւ «Հենրիկ Կարապետեան» լարային քառեակը: Պիտի հնչեն հայկական շարականներ, ժողովրդական երգեր, դասական երաժշտութեան եւ քսաներորդ դարու երգեր:

Պայրագտարեան, մանուկ հասակին, Լիբանանէն գաղթած է Գանատա: 1997-ին, ան  յաջողութեամբ աւարտած է Թորոնթոյի համալսարանը` կենսաբժշկական ճարտարագիտութիւն մասնագիտացմամբ եւ նոյն տարին  առաջին հանդիսացած է «Մեթրոփոլիթըն Օփերա»ի մրցանքին:

Միշիկըն նահանգի Տերպորնի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յանձնաժողովը, որ կազմուած է տարածաշրջանի 15 յառաջատար հայ-ամերիկեան ընկերութիւններէն, ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին կազմակերպած է ձեռնարկներ` յարգելու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, պահանջելով ճանաչում եւ հատուցում:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button