Ի՞ՆՉ ՏԵՍԱԿԻ ԿՈՒՐՈՒԹԻՒՆ…

0 0
Read Time:5 Minute, 45 Second

Blind justice Ս.ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ծա­նօթ խօսք է.- “Ար­դա­րու­թիւնը կոյր է“:

Ֆլո­րի­տա­յի մէջ, ար­դա­րու­թեան ատ­եան մը, իր դա­տա­կազ­մով մի­ա­սին, այս խօս­քը բա­ռացի­օ­րէն կի­րար­կեց Յու­լի­ս 13-ին, փո­թո­րիկ յա­ռա­ջաց­նե­լով ամե­րիկ­եան ըն­կե­րու­թեան մէջ, ար­ձա­գանգ­նե­րը տա­րա­ծե­լով մին­չեւ պե­տա­կան շրջա­նակ­ներ:

zimmerman3…Աւե­լի քան տա­րի մը առաջ, 2012ի Փետր­ուա­րի վեր­ջե­րուն, Ճորճ Զի­մըր­ման անու­նով ինք­նա­կոչ, կա­մա­ւոր ու զին­եալ պա­հակ մը Թրէյ­վոն Մար­թին անու­նով 17-ամ­եայ սե­ւա­մորթ պա­տա­նի մը սպան­նեց. նախ` ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ հար­ցաքնն­ուե­լէ ետք տուն ղրկուե­ցաւ ան­պարտ, յե­տոյ, բո­ղո­քի ալիք­նե­րու դի­մաց, ան ամ­բաս­տան­ուե­ցաւ իբ­րեւ մար­դաս­պան եւ դատ­ուե­ցաւ: 10 Յու­նի­սին սկսած դա­տա­վա­րու­թիւնը շնչաս­պառ ըրաւ հար­ցի զար­գաց­ման հե­տե­ւող­նե­րը, մա­նա­ւանդ այն հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը, որոնք իրենք զի­րենք կը նկա­տեն խտրա­կա­նու­թեան, ար­դա­րա­դա­տու­թեան սխալ կի­րարկ­ման զո­հե­րը (պատ­մու­թիւնը հա­րուստ է ու ծա­նօթ, Մար­թին Լու­թըր Քին­կի շար­ժումն ու ար­դիւնք­ներն ալ ծա­նօթ են): Եւ ահա, շուրջ 6 շա­բաթ տե­ւած դա­տա­վա­րու­թե­նէ ետք, մար­դաս­պա­նը դարձ­եալ ան­պարտ հռչակ­ուե­ցաւ ու ազատ ար­ձակ­ուե­ցաւ: Դա­տա­կազ­մը իր քննար­կում­նե­րուն մէջ հա­սած է այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ ան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար սպան­նած է պա­տա­նին:zimmerman2

Քիչ մը ման­րա­մաս­նու­թիւն (մա­մու­լը բեռ­նա­ւոր­ուած է բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով): Երե­կոյ մը, սե­ւա­մորթ պա­տա­նին նպա­րա­վա­ճա­ռէ մը քա­նի մը կտոր ու­տե­լիք-խմե­լի­քով բեռ­նա­ւոր­ուած, կը յա­ռա­ջա­նայ դէ­պի իր իջե­ւա­նը, քա­լե­լով “ապա­հո­վու­թեան պատ­նէշ“ով շրջա­պատ­ուած բնա­կա­վայ­րի մը փո­ղոց­նե­րէն: Զի­մըր­ման, բնա­կա­վայ­րի ապա­հո­վու­թեան հսկող կա­մա­ւոր պա­հակ մը, կաս­կա­ծե­լով` կը հե­տե­ւի անոր, կը հե­ռա­ձայ­նէ եւ ոս­տի­կա­նու­թեան կը հա­ղոր­դէ իր կաս­կած­նե­րը, սա­կայն մին­չեւ անոնց հաս­նի­լը, վէ­ճի կը բռնուի Թրէյ­վո­նի հետ, որ ան­զէն էր. կ՛ըս­ուի, թէ պա­տա­նին յար­ձա­կած է Զի­մըր­մա­նի վրայ ու վի­րա­ւո­րած է զայն պա­հա­կը նախ ինք­նա­շար­ժով, յե­տոյ` հետի­ոտն հե­տապն­դած է ան­զէն պա­տա­նին, ու ընդ­հա­րու­մի պա­հուն, իր ատր­ճա­նա­կով կրա­կած է “կաս­կա­ծելի­ին“ վրայ ու սպան­նած է զայն:

Եւ ահա, դա­տա­կազ­մը ան­պարտ կը հռչա­կէ մար­դաս­պա­նը, ըն­դու­նե­լով ան­զէն պա­տանիի մը դէմ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դի­մած ըլ­լա­լու անոր բա­ցատ­րու­թիւնը: Դա­տա­րա­նը բնա­կա­նա­բար չի կրնար իմա­նալ պա­տանի­ին տե­սա­կէ­տը, որով­հե­տեւ ան… ար­դէն մե­ռած է, անոր “պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նը“, կամ` դէպ­քին ման­րա­մաս­նութ­իւն­նե­րը մա­սամբ հե­տը գե­րեզ­ման իջած են…

Եթէ մին­չեւ իսկ սպան­եա­լը յան­ցան­քի մեծ կամ փոքր բա­ժին ու­նե­ցած է, պէ՞տք է ար­հա­մար­հել ու կոյր ձե­ւա­նալ սա աղա­ղա­կող իրա­կա­նու­թեանց դէմ. Թրէյ­վոն Մար­թին ինք չէ եղած հե­տապն­դող, այլ` կաս­կա­ծի մը պատ­ճա­ռով (որ­քա՞ն հիմ­նա­ւոր­եալ) հե­տապնդ­եալն է: Ան ան­զէն եղած է եւ նուա­զա­գոյն կաս­կա­ծը չկայ, թէ ան մա­հա­ցու գոր­ծի­քով մը սպառ­նա­ցած է հե­տապն­դո­ղին կեան­քին: Վեր­ջա­պէս, սպան­նուող մը կայ, եւ սպան­նող մը. սա սպան­նո­ղը յան­ցան­քի որե­ւէ բա­ժին չու­նի՞ արդ­եօք…zimmerman4

Ստեղծ­ուած աղ­մու­կը առա­ւե­լա­բար “կը շրջա­գա­յի“ ցե­ղա­յին խտրա­կա­նու­թեան ոլոր­տին մէջ, մինչ­դեռ հար­ցին էու­թիւնը` ան­կէ ան­դին է: Ըսինք. կայ սպան­եալ մը եւ սպան­նող մը. ինք­նա­կոչ, կա­մա­ւոր պա­հա­կը արդ­եօք ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար չէ՞ր կրնար բա­ւա­րար­ուիլ “յար­ձա­կո­ղը“ վի­րա­ւո­րե­լով, կամ` սպա­սել ոս­տի­կա­նու­թեան ժա­մա­նու­մին, որով­հե­տեւ, բո­լոր տու­եալ­նե­րը ցոյց կու տան, որ պա­տա­նին անուղ­ղայ կամ սպառ­նա­կան որե­ւէ արար­քի մէջ չէր, անոր գլխա­ւոր յան­ցան­քը` գլխա­նո­ցով վե­րարկ­ուի մը մէջ “ապաս­նա­տած“ ըլ­լալն էր ու կաս­կած յա­ռա­ջաց­նող պտոյտ­նե­րը:

Հար­ցում­ներու շար­քը կա­րե­լի է եր­կա­րել. արդ­եօք մենք մեր թա­ղե­րուն մէջ յա­ճախ չե՞նք հան­դի­պիր կաս­կած յա­ռա­ջաց­նող պա­տա­նի­նե­րու կամ աղմ­կա­յա­րոյց երի­տա­սարդ­նե­րու, եր­բեմն չե՞նք դի­մեր ոս­տի­կա­նու­թեան մի­ջամ­տու­թեան…: Այ­սու­հե­տեւ, պէտք է զէն­քը քա­շել ու սպան­նել ոե­ւէ կաս­կա­ծե­լի՞…:

“Ար­դա­րու­թիւնը կոյր է“, կ՛ըսենք: Եւ` ինչ­պի­սի՜ կու­րու­թիւն, որուն կ՛ըն­կե­րա­նայ… ու­ղեղ­նե­րու խլու­թիւն:

Փո­ղո­ցը խլրտում­ներ կ՛ապ­րի: Նա­խա­գա­հէն սկսեալ, մին­չեւ ար­դա­րու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւնն ու այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ ուղ­ղա­կի կամ անուղ­ղա­կի կո­չեր կ՛ընեն հան­դար­տու­թեան, կը հա­ւաս­տեն` որ հար­ցը չէ փակ­ուած, պէտք է վստա­հիլ Ար­դա­րու­թեան:

Պայ­մա­նաւ որ Ար­դա­րու­թիւնը կոյր ու խուլ չմնայ, ոչ ալ ըլ­լայ մի­ա­կա­նի, այլ` մար­դաս­պա­նին ալ բաշ­խէ յան­ցան­քի ի՛ր բա­ժի­նը: Չէ՞ որ շա՛տ աւե­լի փոքր յան­ցանք­ներ գոր­ծող­ներ բան­տար­կու­թեան կը դա­տա­պարտ­ուին…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles