ԱզգայինԳլխաւորՅօդուածներ

Ի՞նչ կը Մտածէ Թուրքիոյ Ժողովուրդը

 

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Յատուկ «Հայրենիք»-ին

Միջազգային քաղաքականութեան վերլուծութեան մէջ շատ անգամ նուազ կարեւորութիւն կը տրուի պետութիւններու քաղաքացիներուն ընկերային մտահոգութիւններուն, մտածելակերպին, համոզումներուն կամ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին: Սակայն, իրականութեան մէջ, այս բոլոր տուեալները հիմնական դեր կը խաղան հասկնալու ոչ միայն ներկայ իրավիճակը, այլեւ՝ տեսնելու անցեալէն ժառանգուած տպաւորութիւնները, ենթադրելու հետագայ զարգացումներն ու ընտրա-քաղաքական վերիվայրումները կամ կայունութիւնը:

Advertisement Subscribe Today

Այս իմաստով Թուրքիան տարբեր չէ այլ պետութիւններէ: Թուրքիոյ քաղաքացիները ունին իրենց հայեացքները, համոզումները, նպատակները, դժգոհութիւններն ու մարտահրաւէրները: Այսպէս, ինչպէս որեւէ երկրի քաղաքացիները, թուրքերը եւս մտահոգ են տնտեսական իրավիճակէն: 2026 տարուան մասին հետազօտութեան մասնակիցներու 64 առ հարիւրին կարծիքը եղած է այն, որ Թուրքիոյ տնտեսական իրավիճակը պիտի վատթարանայ, իսկ միայն 23 առ հարիւրը յոյս ունի, որ պիտի բարելաւուի: Աւելին. Մասնակիցներու 65 առ հարիւրը կը համարէ, որ երկրի տնտեսական կառավարումը վստահելի անձերու տրամադրութեան տակ չէ, այսինքն՝ կառավարութիւնը տնտեսական դրական քաղաքականութիւն չունի: Այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ հետագային կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրական արդիւնքներուն վրայ:

Մնալով տնտեսական մարզին մէջ, Թուրքիոյ 30 տարեկանէն վար հաշուող 21 միլիոն քաղաքացիներէն 15 միլիոնը ամբողջութեամբ կախեալ է իրենց ծնողներէն ապահովելու համար իրենց ապրուստը։ Ոմանք նոյնիսկ կարողութիւնը չունին նոր բջիջային հեռաձայն գնելու:

Անօրէն տնտեսութեան մասին խօսելով, բախտախաղը Թուրքիոյ համար դարձած է հսկայական խնդիր: Ներկայիս Թուրքիոյ քաղաքացիներուն շուրջ 17 առ հարիւրը մխրճուած է այս երեւոյթին մէջ: Մտահոգիչ է, որ 18-24 տարեկան երիտասարդներուն 15.4 առ հարիւրը, իսկ 25-34 տարեկան երիտասարդներուն 13 առ հարիւրը կը տառապին բախտախաղի մոլիութենէ, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ հետագայ սերունդը առողջ վիճակի մէջ չէ: Թմրեցուցիչի պարագային իրավիճակը աւելի փայլուն չէ: Անցնող տարուան ընթացքին 42 առ հարիւրով բարձրացաւ թմրեցուցիչի գործածութեան պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը, հասնելով 427-ի: Նշենթ, թէ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ձեռբակալած է թմրեցուցիչի գործածութեան կամ վաճառման կասկածով 374,948 անհատներ: Միւս կողմէ, թմրեցուցիչի մոլիութենէն բուժուելու յատուկ կեդրոններ այցելած են 390,778 անհատներ: Աւելի վտանգաւոր երեւոյթ է այն, որ 2022-ին, Թուրքիոյ ապահովական ուժերը գրաւած էին 2300 քիլոկրամ քոքային, մինչ 2024-ին, այդ թիւը բարձրացած էր 3000-ի:

Հետեւաբար, Թուրքիոյ քաղաքացիութիւնը կը գտնուի տնտեսական ահաւոր կացութեան մէջ: Օրինակ տնտեսութեան հանդէպ վստահութիւնը քայքայուած է, իսկ յոյսերը գրեթէ անհետացած: Միւս կողմէ, անօրէն տնտեսութեան մէջ, Թուրքիոյ երիտասարդութիւնը ամէն օր կը շարունակէ փճանալ: Որեւէ հասարակութեան մէջ գլխաւոր թշնամիներէն են թմրեցուցիչը եւ բախտախաղը: Այսպիսով, հիմնական պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ ժողովուրդին ըսելիքը նախագահ Էրտողանի կառավարութեան, հարց տալով, որ արդեօք ո՞ւր են պահպանողական այս նախագահին քայլերը կանխելու համար նման երեւոյթներ:

Տնտեսականէն անցնելով քաղաքական դաշտ, անցնող ամիսներուն, յատկապէս Պոլսոյ նախկին քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ձեռբակալութենէն ետք, ակնյայտ է, որ Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը կրած է որոշ փոփոխութիւններ: Դեկտեմբեր 2025-ին հրապարակուած հետազօտութեան մը համաձայն Թուրքիոյ քաղաքացիներուն 34.3 առ հարիւրը մը մտադրէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր քուէն շնորհել գլխաւոր ընդդիմութիւն հանդիսացող Հանրապետական Ժողովրդական կուսակցութեան, մինչ 29.7 առ հարիւրը՝ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան: Սակայն, այս պատկերները ընդդիմութեան համար այդքան ալ դրական պէտք չէ ըլլան, որովհետեւ ընդդիմութեան 1.6 առ հարիւրը նահանջ, իսկ իշխանութիւնները 1.2 յառաջացում արձանագրած են նախորդ հետազօտութիւններու արդիւնքներէն: Այստեղ հիմնական է բարձր ժողովրդականութիւն վայելող Պոլսոյ նախկին քաղաքապետին բռնի բացակայութիւնը:

Միւս կողմէ, ծայրայեղ աջ կուսակցութիւններու շարքին «Գորշ Գայլեր»-ու քաղաքական թեւ համարուող Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան հաւանական քուէները նահանջած են 0.66 առ հարիւրով, մինչ Յաղթանակ կուսակցութիւնը, որ նախագահական նախորդ ընտրութիւններու առաջին փուլին արձանագրած էր անսպասելի 5 առ հարիւր արդիւնք մը, ներկայիս արձանագրած է 0.29 առ հարիւր մագլցում: Հետաքրքրական է, որ Ազգայնական Շարժում կուսակցութիւնը շարունակ կը նահանջէ, եւ այդ ալ 9 տարիէ ի վեր կազմուած «Լաւ» կուսակցութեան արդիւնք։Այս վերջինին անդամներուն մէկ մասը, նախապէս մաս կը կազմէր Ազգայնական Շարժումին։

Հետզհետէ «Գորշ Գայլեր»-ու քաղաքական թեւը կը տկարանայ: Արդեօք այս մէկը կը պատահի որովհետեւ թուրքերը նոր դէմքերով ներկայացուած ազգայնականութեն կը փնտռե՞ն: Հետաքրքրական է, որ նախապէս մեր նշած «Լաւ» Կուսակցութիւնը կրնայ տիրանալ հաւանական քուէներու 5 հարիւրին, մինչ անջատողական այս կուսակցութենէն իր կարգին անջատուած «Բանալի» Կուսակցութիւնը կրնայ ապահովել քուէներու 4.8 առ հարիւրը: Վերջապէս Քրտամէտ գլխաւոր կուսակցութիւնը ունի հաւանական քուէներու 9.24 առ հարիւրը:

Քաղաքական այս իրավիճակի ցոյց կու տայ հիմնական քանի մը կէտեր: Առաջին՝ Թուրքիոյ ծայրայեղ աջ շարժումներուն մէջ ներկայիս կայ սուր պայքար, սակայն այդ մէկը պէտք չէ հանգստացնէ այդ կուսակցութիւններու քաղաքական մտածողութեան ընդդիմադիրները, որովհետեւ եթէ միանան, այս կուսակցութիւնները կրնան ապահովել քուէներու շուրջ 18-20 առ հարիւրը: Այսինքն, Թուրքիոյ իւրաքանչիւր հինգ քաղաքացիներէն մէկը կը պատկանի ծայրայեղ ազգայնամոլ այս խմբաւորումներուն: Այս մէկը մտածել կու տայ, որ ապագային Թուրքիոյ նախագահ կրնայ առաջին անգամ ըլլալով ընտրուիլ քաղաքական այս մտածողութեան հետեւող անձ մը: Եթէ այդ մէկը պատահի, շատեր պիտի եզրակացնեն, որ նախագահ Էրտողան փոքրագոյն չարիքն էր:

2024-էն սկսեալ «Լաւ» Կուսակցութեան ղեկավարն է Մուսաուաթ Տէրվիշողլու, որ ծնած է Անգարա: Սակայն, մեր մատնանշումը անձին մասին չէ, այլեւ իր հօրը մասին: Տէրվիշողլուի հայրը իր երեք զաւակները կոչած է Մուսաուաթ, Ատալէթ եւ Հուրիէթ, որոնք միասնաբար կը կազմեն Երիտասարդ Թուրքերու Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան նշանախօսքը: Թուրքիոյ քաղաքական իրականութիւն ինքնին լեցուն է նման նմանութիւններով եւ նշաններով, ինչ որ ցոյց կու տայ թուրք ազգի հոգեբանական այս տեսակը եւ սէրը այս ոլորտին հանդէպ: Այսպէս, յիշատակելի է նշել Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի այլ իրականութիւն մը, որ կը պարզէ նաեւ յատկապէս Պոլիսէն դուրս բնակող ժողովուրդէն որոշ խաւի մը մտածելակերպը:

Աւարտելով, պէտք է վերահաստատել, որ ազգի մը մտածելակերպը հասկնալու համար հարկ է անդրադառնալ անոր մշակոյթին, պատմութեան եւ կրած ժառանգութեան: Միւս կողմէ, երկրի մը ներքին քաղաքականութիւնը խիստ կարեւոր պէտք է նկատել նաեւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ, յատկապէս իր ազդեցութեան համար, որ ինքնին կու գայ ժողովուրդի մը տրամադրութիւններէն: Այս մէկը նաեւ կը բացատրէ 2020-ին, Այա Սոֆիա թանգարանը մզկիթի վերածելու որոշումը, որ կրօնական հաւատքէ մեկնած չէր, ոչ ալ նախագահ Էրտողանի հաւատացեալ ըլլալէն, այլապէս՝ ազգայնամոլներուն քուէները ապահովելու պարզ պահանջքէն

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button