
ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ
Սփրինկֆիլտ, Մասաչուսէց
Երբեք չէի պատկերացներ, որ նման յօդուած մը գրելու անհրաժեշտութեան դիմաց պիտի գտնուիմ: Քաղաքական գործիչ մը չըլլալով հանդերձ, ինչպէս ոևէ հայ մտահոգ եմ Հայաստանով: Կը կարծեմ, որ սփիւռքը պէտք եղած չափով ուշադրութիւն չի դարձներ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին նկատմամբ: Եկող տարուայ Ապրիլին նոր սահմանադրութեան ուժի մէջ մտնելը, կարելիութիւն մը կրնայ տալ խաղաղօրէն փոփոխութիւն մը առաջացնելու: Միւս կողմէն, հետեւելով հայկական մամուլին ու լրատուական այլ միջոցներուն, ըլլա՛յ Հայաստանի մէջ, ըլլա՛յ սփիւռքի մէջ, պակասը կը տեսնեմ Ռուսիոյ մասին առարկայական ու իրատես տեղեկութեանց: Եղածները միակողմնակիօրէն դրական են կամ ժխտական: Տասնըչորս տարիներ ապրելով Ռուսիոյ մէջ ու լաւ ճանչնալով զայն, կը կարծեմ որ ճշմարիտ պատկեր մը կրնամ փոխանցել այդ երկրի մասին ու մանաւանդ փորձել բացատրել ատոր քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ: Յուսամ համոզիչ պիտի ըլլամ:
Հայաստան. ներկայ իրավիճակը. Ահա այս կարեւոր հարցումն է, որ կ’ուզեմ տալ այսօր: Արդէն քսանվեց տարիներ է ի վեր անկախ Հայաստանի մասին կը խօսինք, կը քննադատենք ու կը ցաւինք: Բոլորս ալ լաւ ծանօթ ենք իրավիճակին: Մանաւանդ վերջին տարիներուն փտածութիւնն ու ընկերային անարդարութիւնը այնքա՜ն խորացած են, որ յուսահատութիւն կը պատճառեն: Արտառոց է մանաւանդ այն հանգամանքը, որ այսպէս կոչուած «գողականները» այլեւս չեն պահուըտիր ու անոնցմէ շատերը կամ անոնց ընտանիքներուն անդամները Ազգային Ժողովին պատգամաւոր դարձած են: Նմանները մաֆիայի խումբերու կնքահայրերու նման մակդիրներ ունին: Նման յայտնի անուններէն են. հաւանաբար Հայաստանի ամենէն շատ ատուած Սերժ Սարգսեանի եղբայր՝ Սաշիկը (Ալեքսանդր Սարգսեանը՝ այսպէս կոչուած 50/50-ը, շատ մը յաջող ձեռնարկութիւններու շահերէն յիսուն տոկոս իւրացնողը), Լֆիկ Սամոն (Սամուէլ Ալեքսանեանը, Հայաստան շաքար ներմուծող մենաշնորհը ու Երեւանի Մալաթիա շրջանի «տէրը»), Շմայսը (Առաքել Մովսիսեանը, արմատներով Գամիշլիէն), Նեմեց Ռուբոն (Ռուբէն Հայրապետեանը), Չորնին (Գագիկ Թովմասեանը, երթեւեկութեան նախկին նախարարը), Թոխմախի Մհերը (Մհեր Սեդրակեանը), Մուկը (նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը), Լիսքան (Սուրէն Խաչատրեանը, Սիւնիքի նախկին մարզպետը)….և այլն: Ասոնցմէ է նաև յայտնի Դոդի Գագոն (Գագիկ Ծառուկեանը), որ միւսներէն կը տարբերուի իր բարեգործական մեծ ծրագիրներով ու այս պատճառով սիրուած է շատերուն կողմէն: Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել այսպէս կոչուած ճեներալները, որոնք Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մաուզերիստներու նման ալան-թալանով կ’ըզբաղուին և ահ ու սարսափի մէջ կը պահեն ժողովուրդը: Ասոնցմէ ամենէն յայտնին է Էջմիածնի Մանուէլ Գրիգորեանը, որ պատուհաս դարձած է քաղաքին ու շրջանին գլխուն: Ականատես մը կը պատմէ , թէ ինչպէս անոր թիկնապահները ծեծած են մէկու մը , միայն այն պատճառով որ ան իր մեքենան հաւասար չէր շարած ճամբու եզրին ու անցած ժամանակ Գրիգորեանին մեքենան քսուած ու գծուած էր այդ պատճառով: Գրիգորեանին տղան Էջմիածնի քաղաքապետն է:
Չնայած այն բանին, որ Խորհրդային օրերէն Հայաստանի մէջ միշտ փտածութիւն գոյութիւն ունեցած է , սակայն նոյնիսկ այդ տարիներուն մեր հայրենիքը նման ցած մակարդակի չէ իջած: Ասոր պատճառը Հոկտեմբեր 27, 1999-ին, Ազգային Ժողովին վրայ եղած յարձակման և Կարէն Դեմիրճեանին ու Վազգէն Սարգսեանին սպաննութիւններուն մէջն է: Ազգային այս ողբերգութենէն ետք, որպէսզի Ռոբերթ Քոչարեանը պահէ ու ամրապնդէ իր իշխանութիւնը, համաձայնութիւներու մէջ մտաւ վերը յիշուած շրջանակներուն հետ, բան մը որ պատճառ դարձաւ անոնց աննախադէպ հզօրեցման ու սանձարձակ ընթացքին: Միւս կողմէն Քոչարեանը, Հայաստանի պարտքին դիմաց Ռուսիային ծախելով Հայաստանի էներգիայի համակարգին կարեւոր մասը և ուրիշ այլ կարեւոր հաստատութիւններ, պատճառ դարձաւ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւնները դաշնակցայինէն՝ Հայաստանի համար ստորադասային դառնալու: Սերժ Սարգսեանին օրով այս երեւոյթները շատ աւելի խորացան ու արմատացան:
Վերջին տարիներուն ամենէն մտահոգեցուցիչ երեւոյթը ժողովուդին անտարբերութիւնն է: Ժողովուրդը յոգնած է և յուսահատ, քանի որ անցեալի բողոքի բազմաթիւ արտայայտութիւնները էական փոփոխութիւն մը առաջ չեն բերած: Ո՞ւր են այն օրերը երբ մարդիկ հարիւր հազարներով փողոց կ’իջնէին ու փոփոխութիւններ կ’իրականացնէին: Ու դեռ աւելին: Ազգային Ժողովի այս տարուան ընտրութիւններուն ժամանակ չնչին գումարներով ու մեծ թիւերով ձայներ առնելու փաստը (միջինը 20000 դր.=$40 մէկ քուէի համար) ցոյց տուաւ, որ զոհը իր դահիճին կը սատարէ, այսինքն՝ ժողովուրդը վարչակարգին: Նման աննախադէպ այլասերում մը ցոյց կու տայ այն խորունկ տագնապը որուն մէջ կը գտնուի մեր հայրենիքը: Այս վիճակին գլխաւոր մեղաւորը Սերժ Սարգսեանն է, որ ի տարբերութիւն Տէր-Պետրոսեանին ու Քոչարեանին ոչ թէ միայն ուժով, այլ խաբելով, ժամանակ շահելով ու այլ խաղերով գիտցած է ժողովուդին մէջ անկարողութեան բարդոյթ սերմանել:
Բոլոր այս երեւոյթները կրնան ողբերգական արդիւնքներու հասցնել: Թող ո՛չ մէկը փորձէ փնտռել հրեաներուն կամ ուրիշներուն մատը: Նման իրավիճակի մը պատճառը միայն ու միայն մենք ենք, ըլլա՛նք Հայաստանցիներ, ըլլա՛նք սփիւռքահայեր:
Կարծեմ բոլորս ալ կը հասկնանք, որ Հայաստանի հարցը առաջնային է: Հոս պէտք է նշել, որ Սերժ Սարգսեանն ու այսօրուայ վարչակարգը եթէ ուզեն անգամ, մեծ փոփոխութիւն մը չեն կրնար առաջացնել: Վարչակարգը այնքա՜ն կախում ունի իր իսկ կողմէն ստեղծած պայմաններէն, ան թակարդի մը մէջն է և ի զօրու չէ իսկական որևէ փոփոխութիւն մը կատարելու: Եթէ եկող տարուայ Ապրիլին նոր սահամադնարութեան կիրարկումը չյանգեցնէ իշխանութեան փոփոխութեան, հետեւանքները կրնան շատ ժխտական ըլլալ:
Ռուսական գործօնը. Շատերը Ռուսիան պատճառ կը նկատեն նման իրավիճակի մը համար: Ասոր մէջ ճշմարտութիւն մը կայ: Ռուսիան խորքայինօրէն ու պատմականօրէն փտած երկիր մըն է: Այս մէկը կու գայ ցարական շրջանէն, սակայն ի տարբերութիւն Հայաստանին ան հսկայ է, բնական հարստութիւններով լեցուն ու բաց սահմաններ ունի: Ուրիշ հիմնական կարեւոր տարբերութիւն մը կայ այսօրուայ Ռուսիոյ և Հայաստանի միջև: Այդ մէկը Փութինին սիրուած ըլլալու հանգամանքն է: Արեւմտեան լրատուական միջոցները ամէն բան չեն ըսեր ու կը կեդրոնանան ժխտական երեւոյթներու վրայ: Մինչդեռ անկասկածօրէն Փութինը իր բոլոր ընտրութիւններուն գո՛ն է վաթսուն տոկոսով շահած է: Ամենէն կարեւորը այն է, որ Փութինը բացի նախագահ ըլլալէն՝ դարձած է Ռուսիոյ ազգային ղեկավարը : Ան կրցած է տարբեր ձեւերով միաւորել հարիւրէ աւելի ազգութիւններ ունեցող Ռուսիան: Ան կրցած է ազգային հպարտութիւն ներշնջել ժողովուդին: Ճիշդ թէ սխալ, ինչ որ ան կ’ընէ իր մեծամասնութեամբ կը համապատասխանէ ռուսական ազգային մտայնութեան, խառնուածքին ու պատմութենէն եկած աշխարհայեացքին: Ահա հո՛ս է անոր ուժին գլխաւոր աղբիւրը: Յստակ է, որ Հայաստանը նման համեմատութեան մը պարագային շա՜տ հեռու է Ռուսիայէն: Այս օրերու մեր գլխաւոր հարցերէն մէկը այն է, որ հայ ժողովուրդը չունի ազգային ղեկավար մը՝ Խրիմեան Հայրիկ մը, Գարեգին Նժդեհ մը կամ Արամ Մանուկեան մը, որ կրնայ ըլլալ տեղ մը գոյութիւն ունի, բայց չի բիւրեղանար համատարած ազգային լճացման պատճառով:
Միւս կողմէն Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին իր պատրիարք Քիրիլով մեծ դեր կը խաղայ պետութեան ներքին խաղաղութիւնը ու միասնակամութիւնը ամրապնդելու համար, մանաւանդ քսան միլիոն իսլամ ունեցող և հարիւր է աւելի ազգերէ բաղկացող Ռուսիոյ մէջ, ատոր գլխաւոր ազգութեան՝ ռուսերուն միաւորելու տեսանկիւնէն: Այս դիտանկիւնէն նայած, պետութեան ենթակայ ըլլալէն աւելի՝ փոխ-համաձայնութիւն և շահերու համակերպում մը գոյութիւն ունի եկեղեցւոյ և պետութեան միջև:
Վերջին տարիներուն ու մանաւանդ անցեալ տարուայ Արցախի Ապրիլեան պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ հակառուսական տրամադրութիւնները զօրացած են, գլխաւորաբար Ռուսիայի Ատրպէյճանին զինամթենք ծախելու պատճառով ու այս մէկը հասկնալի է: Արտաքնապէս ժխտական ու անտրամաբանական կ’երեւի Հայաստանի դաշնակից Ռուսիոյ՝ Ատրպէյճանին զինամթենք ծախելը: Բայց հեռու մնանք արտաքնապէս պարզեցուած ու մակերեսային եզրակացութիւններէ ու դատենք քաղաքականօրէն: Ամէն մարդ գիտէ, որ քաղաքականութեան մէջ բարոյականութիւն գոյութիւն չունի , այլ շահեր: Ռուսիան հզօր պետութիւն է և իր շահերը ունի: Ատոր արտաքին քաղաքականութեան առաջին մտահոգութիւնը նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին վրայ իր ազդեցութիւնը պահելն է: Ան կ’ուզէ ինչքան կարելի է կանխել այն բանը, որ Ատրպէյճանը Վրաստանին նման հակառուսական երկիր մը չդառնայ: Այս պատճառով զանազան ձեւերով կ’ուզէ Ատրպէյճանին կախման մէջ պահել: Այդ ձեւերէն մէկը զէնք ծախելն է: Դեռ աւելին: Ատրպէյճանին կախման մէջ պահելու ուրիշ ու աւելի զօրաւոր միջոցը Արցախի հարցն է: Ռուսիան իրականութեան մէջ չուզէր Արցախի հարցին վերջնական լուծումը, որովհետև եթէ այդ տեղի ունենայ՝ Ատրպէյճանին Ռուսիայէն կախման մէջ պահող գլխաւոր գործօնը կը վերանայ, բան մը որ պատճառ կրնայ հանդիսանալ Ատրպէյճանին կատարելապէս թեքուելու դէպի Թուրքիա և Արեւմուտք: Գիտենք, որ Ռուսիան Ատրպէյճանին զէնք ծախելու դիմաց, Հայաստանին նպաստաւոր պայմաններով ու երբեմն անվճառ զինամթերք կը մատակարարէ ռազմական հաւասարակշռութիւնը պահելու համար: Կ’ուզեմ կրկնել, որ այս վիճակը անբնական է ու ցոյց կու տայ Ռուսիոյ բարդ ու դժուար դաշնակից մը ըլլալը, հանգամանք մը որուն հետ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է գործ ունենայ ու փորձէ տարբեր միջոցներով մեղմացնել ատոր ժխտական հետեւանքները:
Շարունակելով մտածել Արցախի հարցի մասին, լաւ գիտենք թէ աշխարհի բոլոր մեծ ուժերը դէմ են երկար ու լայնածաւալ պատերազմի մը: Կը մնայ անցեալ տարուայ Ապրիլեան պատերազմին նման կարճ ու փոքրածաւալ պատերազմերու պարագան, որ ինչպէս գիտենք գրեթէ անարդիւնաւէտ էր Ատրպէյճանի համար մեր նահատակներու արիւնին գնով, որ իր կարգին կրնար աւելի պակաս ըլլալ: Հոս կու գայ մեր բանակին աւելի լաւ պատրաստ ու զգաստ ըլլալու հանգամանքը, որպէսզի եթէ Ատրպէյճանին կողմէն նման արկածախնդրութիւններ կրկնուին, մեր զոհերուն թիւը աւելի քիչ ըլլայ ու թշնամին զօրաւոր հակահարուած ստանայ, ուրիշ խօսքով լաւ պատժուի, որպէսզի նման գործողութիւններ չկրկնուին: Հոս կ’արժէ յիշեցնել այս տարուան Յունուար ամսուն Լաւրովի այն յայտարարութիւնը, թէ Արցախի հարցը Ատրպէյճանին ներքին հարցը դադրած է ըլլալ ու դարցած է միջազգային հարց, հետեւաբար Ատրպէյճանը պետք չէ մտածէ նոր՝ թէկուզ կարճ պատերազմ մը սկսելու մասին: Ամենայն դէպս, ուշագրավ էր անցեալ տարուայ Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ այն հանգամանքը, որ ռուսական պետական լրատուական միջոցներն ու հանրային կարծիքը (նոյնիսկ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները) աւելի հայանպաստ էին, չնայած պետութեան զգոյշ կեցուածքին: Կը կարծեմ, որ տեսնելով անցեալ տարուայ պատերազմի ընթացքին մեր ու Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կարողութիւններն ու մանաւանդ կռուելու կամքը, ռուսերը աւելի համոզուեցան ատրպէյճանցիներուն անատակ ըլլալու մասին հակառակ այն բանին, որ վերջիններս ի տարբերութիւն Հայաստանին հսկայ գումարներ ծախսած էին իրենց զինամթերքն ու բանակը բարելաւելու համար: Ուրիշ խոսքով Ռուսիան աւելի համոզուեցաւ, որ Ատրպէյճանը՝ Արցախի ու Հայաստանի դէմ նոր պատերազմի մը պարագային դժուար թէ յաղթական դուրս կրնայ գալ: Ահա այստեղէն կու գայ Լաւրովին յայտարարութիւնը:
Ռուսիան հզօր պետութիւն է ու իր շահերը ունի, որ միշտ չէ որ կրնայ համապատասխանել մեր շահերուն: Այս մէկը բնական երեւոյթ մըն է դաշնակիցներու միջև: Մենք իրաւունք ունինք և պէ՛տք է աշխատինք շտկելու այն թերութիւնները որոնք գոյութիւն ունին մեր և Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մէջ: Ուրիշ բան է, երբ կը խօսուի Ռուսիոյ հետ կապերը կտրելու և ատոր դաշնակիցը դադրիլ ըլլալու մասին: Նման կարծիք յայտնողները անհեռատես են ու գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար սխալ ուղղութեամբ կ’ուզեն առաջնորդել հանրային կարծիքը: Հարցը հոն է, նոյնիսկ նման բան մը եթէ կարելի ըլլայ, ապա ո՞վ պիտի լեցնէ այդ պարապութիւնը և արդեօ՞ք կան երկիրներ, որոնք պիտի ուզեն Հայաստանը պաշտպանել ու դառնալ ատոր ռազմավարական դաշնակիցը: Նման յայտարարութիւններ ընողները արդեօ՞ք մոռցած են. «Մեր նաւերը Հայաստանի լեռները չեն կրնար բարձրանալ» խօսքը: Արդեօ՞ք անոնց բան մը չի՞ յուշեր Վրաստանի օրինակը: Այս հարցին կապակցութեամբ յաճախ կը բերուի 1920-ականներուն Լենինի համայնավար Ռուսիոյ կործանիչ քաղաքականութիւնը մեր նկատմամբ: Լենինը ապազգային մարդ մըն էր ու այսօրուայ Ռուսիոյ վերնախավին ու ժողովուրդին մեծամասնութեան կողմէն մերժուած: Մեր հողերէն աւելի՝ ան ռուսական հողեր տուած է Գերմանիոյ, որպէսզի իր իշխանութիւնը պահէ: Չնայած այն բանին, որ պատերազմը իր վերջին կը մօտենար ու Ռուսիան յաղթական կողմը ըլլալով մօտիկ էր, որ իր տարածքները ընդլայներ Գերմանիոյ հաշուին, Լենինը խոստացած էր, որ եթէ գերմանացիներու օգնութեամբ յաջողի իշխանութեան գլուխ գալ, ապա ան խաղաղութիւն պիտի կնքէ Գերմանիոյ հետ ու հողեր պիտի յանձնէ ատոր: Այդպէս ալ եղաւ:
Այսօրուայ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը կատարելապէս կը տարբերի Լենինի քաղաքականութենէն: Պէտք է նայիլ վերջին տարիներուն, երբ օրինակի համար՝ չնայած տարբեր ճնշումներուն Ռուսիան չդադրեցաւ Սուրիոյ պետութեան ամէն ձեւերով օգնելէն, չնայած այն բանին որ երբեմն լուրջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունէին Սուրիոյ և իր միջև: Ռազմավարականօրէն այս մէկը կը բացատարուի այն բանով, որ Սուրիան Ռուսիոյ միակ դաշնակիցն է Միջին Արեւևլքի մէջ: Նոյնը կրնանք ըսել Հայաստանի համար, որ մեր երկիրը Ռուսիոյ միակ բնական դաշնակիցն է Հարաւային Կովկասի մէջ: Ինչ որ ալ ըլլայ, Ատրպէյճանին հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւնը չի կրնար նոյն խորութիւնը ունենալ, ան աւելի մարտավարական է քան ռազմավարական: Ատրպէյճանը, հիմնականօրէն կը նայի Թուրքիոյ կողմը և զայն իր աւագ եղբայրը կը նկատէ: Գալով ներկայիս Ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն բարելաւման, ապա ան տեղի ունեցաւ ռուսական պայմաններով, Թուրքիոյ ներողութեամբ ռուսական ռազմաօդանաւը իյնացնելու համար, ու մանաւանդ սուրիական հարցին նկատմամբ թրքական քաղաքականութեան հիմնական փոփոխութեամբ, որուն մեզի համար ամենէն կարեւոր արդիւնքներէն մէկը եղաւ Հալէպի ազատագրումը: Ասոր վրայ իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ նաև Թրամփին ԱՄՆ-ներու նախագահ ընտրուիլը, որ դադրեցուց իր օժանդակութիւնը Սուրիոյ զինուած ընդդիմութեան ու յենեցաւ հիմնականօրէն Քիւրտերուն վրայ ընդդէմ այսպէս կոչուած Իսլամական Պետութեան: Նայելով Ռուսիոյ ընթացքին , այնպիսի տպաւորութիւն մը կ’ըստեղծուի, թէ կարծէք Ռուսիան ուշագրաւօրէն կը հետեւի ամէն բանին ու կ’ուզէ իր հսկողութեան տակը պահել: Այնպէս որ յստակ է ու չնայած գոյութիւն ունեցող հարցերուն, որ Ռուսիան կը մնայ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման համար ամենէն շահագրգուած ու վստահելի երկիրը, իր իսկ շահերուն համար
Հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ եղած սխալները աւելի կու գան հայկական կողմին տկարութենէն: Ամէն երկիր պէտք է գիտնայ ինչպէս պաշտպանել իր շահերը: Օրինակ. անցեալ տարի Ապրիլեան պատերազմի օրերուն նախապէս ծրագրուած Եւրոասիական Միութեան երկիրներու վարչապետներուն հանդիպում մը պէտք է տեղի ունենար Երեւանի մէջ: Ղազախստանը, որպէսզի իր աջակցութիւնը ցուցաբերէ Ատրպէյճանին ուզեց որ այդ հանդիպումը տեղափուխուի Երեւանէն այլուր: Այդպէս ալ եղաւ ու այդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ: Այսքանէն ետքը Հայաստանի վարչապետը մասնակցեցաւ այդ հանդիպման: Արդեօ՞ք Հայաստանը այնքան տկար է, որ չկրցաւ պոյքոթել այդ հանդիպումը: Կամ նոյնիսկ եթէ շատ կարեւոր էր Հայաստանին մասնակցութիւնը, Հայաստանը չէր կրնար գո՛ն է իջեցնել իր մասնակցութեան մակարդակը: Կամ ինչո՞ւ վերջերս Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ ստալինեան սարսափին մասին ցուցահանդէսը արգիլուեցաւ: Միւս կողմէն պէտք է նշել, անցեալ տարի նոյն Ապրիլեան պատերազմէն ետք Գարեգին Նժդեհին արձանին տեղադրումը Երեւանի կեդրոնին մէջ, բան մը որ չուրախացուց Մոսկուային, նկատի առնելով Նժդեհին համագործակցութիւնը Նացի Գերմանիոյ հետ: Ամենայն դէպս Հայաստանի կառավարութիւնը՝ Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութեան մէջ ի վիճակի չէ օգտագործելու Հայաստանի կարելիութիւններուն հիմնական մասը ներքին գործօններու պատճառով, որոնցմէ առաջինը՝ ժողովրդային աջակցութեան բացակայութիւնն է ու երկրորդը՝ կառավարութեան փոխ-կախուածութիւնը ծայրաստիճան փտած համակարգին հետ:
Ի՞նչ ընել. Ահա ա՛յս է ամենէն կարեւոր հարցը: Ո՛չ թէ ի՞նչ կը ցանկանք կամ կ’երազենք, այլ՝ նկատի ունենալով իրական կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող պայմանները, ի՞նչ կրնանք ընել: Քաղաքականութիւնը իրական կարելիութիւններու հետ խաղալու արուեստն է:
Նախ պէտք է բացառել զինեալ երկարամեայ յեղափոխութիւն մը: Չնայած այն բանին որ մեծամասնութիւնը այս իրականութիւնը կը հասկնայ, բայց դեռ երբեմն տարբեր տեղերէ նման ձայներ կը լսուին: Կը կարծեմ, թէ հոս պէտքը չկայ խորանալու: Եթէ երկարատև զինեալ բախում տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ, այդ մէկը կործանիչ կրնայ ըլլալ:
Խաղաղ ընդհանուր շարժումի մըն ալ հաւանականութիւնը քիչ կը թուի, վերը նշուած փաստերուն ու ժողովուրդին անկամութեան պատճառով: Եթէ անակնկալ մը պատահի ու նման բան մը տեղի ունենայ՝ լաւ, բայց դժբախտաբար քիչ է հաւանականութիւնը: Ամենայն դէպս, անգամ նման պարագային, այդ պէտք է արագ տեղի ունենայ: Հայաստանը չի կրնար դիմանալ երկարամեայ ցնցումներու:
Կը մնայ խաղաղօրէն իշխանութեան փոփոխութեան տարբերակը: Այսինքն՝ ներկայ վարչակարգին կամաւոր ձեւով իր իշխանութիւնը յանձնելը աւելի լաւ վարչակարգի մը: Այս բոլոր տուեալները նկատի առնելով ու մանաւանդ իրապաշտօրէն դատելով, այսօրուայ դրութեամբ միակ կարելի տարբերակը կը մնայ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին յաջորդ տարուան Ապրիլին, նոր սահամադրութեան ուժի մտնելէն ետքը, անոր նոյն պաշտօնին վրայ մնալը, որ կը նշանակէ Հայաստանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարն ու հետեւաբար առաջին դէմքը դառնալը:
Վարչապետը բացի խարիզմայէն, գործարարական և ուրիշ կարողութիւններէն ունի հիմնական առավելութիւն մը և հիմնական թերութիւն մը: Անոր առավելութիւնը այն է, որ արդէն նիւթական կարողութեան տէր է ու մանաւանդ՝ Հայաստանի ներքին իրավիճակին գերին չէ ի տարբերութիւն Սերժ Սարգսեանին: Ան շատ տալիք ու առնելիք չունի Հայաստանի փտած ու կիսաքրէական և ալիկարխական համակարգին հետ ու կախման չէ ատկէ: Գալով անոր թերութեանը, այդ մէկը անոր այս անգամ Ռուսիայէն կախման ըլլալու հանգամանքն է, որ այն մտավախութիւնը կը յառաջացնէ, թէ Հայաստանի վրայ արդէն գերիշխող Ռուսիան, ա՛լ աւելի իր ազդեցութիւնը կրնայ զօրացնել: Այս մտահոգութիւնը նաև կը վերաբերի Արցախի հարցին, որովհետև Ռուսիան կ’ուզէ որ Հայաստանը ներկայիս Արցախի յարակից շրջաններէն մի քանին յանձնէ Ատրպէյճանին, ատոր դիմաց Ատրպեյճանէն առանց որևէ զիջում ստանալով: Ասոր պատճառը Արցախեան մեծ պատերազմին պարտուած՝ Ատրպէյճանին վլվլուքները լռեցնելու Ռուսիոյ փորձն է ու աւելի հաւասարակշռուած երեւալու ճիգը, որպէսզի ձեւով մը շահի Ատրպէյճանին համակրանքը ու ցոյց տայ որ բան մը կրնայ ընել ատոր համար: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լավրովը այս մասին անուղղակիօրէն արտայայտուած է Ապրիլեան պատերազմի օրերուն: Անկեղծ ըլլալու համար, չեմ կարծեր որ հոս մեծ տարբերութիւն մը կայ նախագահ Սարգսեանին ու վարչապետ Կարապետեանին միջև: Սարգսեանը՝ Փութինին հետ հանդիպումներուն ժամանակ արդէն տկար կ’երեւի և որոշ տեղեկութիւններ կան, որ ան փորձած է նման զիջում մը կատարել Հայաստանին կողմէն, որ չէ յաջողած շնորհիւ արցախցիներուն դիմադրութեան: Հոս որևէ դիւրիմացութեան առաջ առնելու համար, պէտք է յստակեցնել, որ խօսքը բուն Արցախին Ատրպէյճանին յանձնելու մասին չէ: Միջազգային բոլոր կողմերը, ներառեալ Ռուսիան, համոզուած են որ Արցախը Ատրպէյճանին մաս չի կրնար կազմել:
Չնայած այն բանին, որ Կարապետեանին Հայաստան գալը հայկական նախաձեռնութիւն մըն է, յստակ է որ այդ մէկը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ իմացութեամբ: Ճիշդ է, որ Ռուսիան չուզեր Հայաստանին այնքան զօրանալը որ վերջինս կատարելապէս ինքնուրոյն ըլլայ, բայց նաև Ռուսիան չուզեր իրեն դաշնակից Հայաստանին շատ տկար երեւիլը:
Տրամաբանութիւնը կ’ենթադրէ, որ վարչապետը Հայաստան եկած է նախագահին հետ նախապէս համաձայնեցնելով ամէն հարցերը, ներառեալ անոր՝ վարչապետին հետագային առաջին դէմք դառնալու հարցը: Այս մէկը նախ կ’ենթադրէ բանակին ու ուժային համակարգին աջակցութիւնը Կարապետեանին ու նաև Սերժ Սարգսեանին ու անոր մօտիկ մարդոց և անոնց ընտանիքներուն անձեռմխելիութեան ապահովումը, առանց որոնց կարելի չէ իրականացնել իշխանութեան խաղաղ փոխանցումը: Նման պայմանով ժամանակին Ելցինը իշխանութիւնը փոխանցեց Փութինին: Գալով բանակին և ուժային համակարգին աջակցութեան, այդ մէկը կրնայ ապահովել Սարգսեանը: Հոս որոշ դժուարութիւն կրնայ պատճառել այսպէս կոչուած բարձրաստիճան այն սպաներու խումբը, որ փտած է ու կապ ունի ալիկարխական շրջանակներու հետ: Յոյսով եմ , որ նախագահը այս կարեւոր հանգամանքը նկատի առած է նախքան Կարապետեանին Հայաստան հրաւիրելը:
Վերջերս ներկայ համակարգի ներկայացուցիչներէն ոմանք անուղղակիօրէն ու երբեմն ուղղակիօրէն կը խօսին Ապրիլին՝ Սերժ Սարգսեանին Հայաստանի առաջին դէմք մնալու անհրաժեշտութեան մասին, բան մը որ երթալով աւելի բացայայտ պիտի ըլլայ ու զօրանայ: Յստակ է, որ Կարապետեանին հնարաւոր առաջին դէմք դառնալը կը վախցնէ անոնց: Անոնք կը վախնան վարչապետին որոշ յայտարարութիւններէն ու ապագայի կարելի գործողութիւններէն, որոնցմէ ամենէն աչքի զարնողը անոր յայտարարութիւնն ու փորձն է վերջ դնելու համար անօրէն մենաշնորհումներուն տնտեսութեան զանազան բնագաւառներուն մէջ: Ըստ մասնագէտներու, պետութեան կողմէն անարդարօրէն բաշխուած մենաշնորհումներու հարցն է այսօրուայ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման գլխաւոր խոչընդոտը: Հոս մտավախութիւն մը կը ծագի Սերժ Սարգսեանին վերաբերեալ, որ յայտնի է իր կիսատ լուծումներով, յաճախ խոստումները դրժելով ու խորամանկութեամբ: Յոյս ունիմ, որ գո՛ն է այս պարագային նման բան մը տեղի պիտի չունենայ ու ինչ որ բնականօրէն կ’ըսպասուի Ապրիլին, այսինքն՝ իշխանութեան խաղաղ փոխանցումը պիտի իրականանայ: Վերջապէս, այսօրուայ վարչակարգն ու անոր գլուխը հանդիսացող Սարգսեանը, պէտք է մտածեն թէ պատմութիւնը իրենց մասին ինչ պիտի ըսէ: Եթէ ոչ, Հայաստանի տագնապը աւելի պիտի խորանայ և արտագաղթը պիտի չնավազի: Այս է պատճառը, որ իրավիճակին լաւ ծանօթ Ռուբէն Վարդանեանը ըսած է, թէ Կարապետեանը մեր վերջին յոյսն է: Հոս կայ «բայց» մը, որ յուսալի է բայց քիչ հաւանական ու այդ մէկը անակնկալ ու արագ գործողութիւնով մը մեր «խենթեր»-ուն ազգին ոտքի հանելը: Անցեալ տարուայ Ապրիլեան պատերազմին մեր երիտասարդ տղոց հերոսութիւնը յոյս կու տայ, որ ազգին մէջ դեռ առողջ ջիղ գոյութիւն ունի, որ կրնայ որևէ ժամանակ ամբողջ մարմինը սթափեցնել: Պատահական չէ, որ Ապրիլեան պատերազմէն ետք իշխանութիւները շփոթման շրջան մը անցուցին:
Եզրակացնելով յոյս ունիմ, որ համոզիչ ձեւով կրցայ բացատրել կացութիւնը իր տարբեր երեսներով և ինչ ընելու մասին կրցայ բաւարար փաստարկումներ բերել: Ահա հո՛ս է մեր ընելիքը: Ամէն ձեւերով աջակցիլ ու եթէ պէտք է ճնշում գործադրել, 2018-ի Ապրիլին Հայաստանի իշխանութեան խաղաղ փոխանցումը իրականացնելու համար, որու պարագային միայն կրնանք յոյս ունենալ Հայաստանի վիճակը բարելաւելու և արտագաղթը նուազեցնելու, ապագայի հզօր ու բարգաւաճ Հայաստանի տեսիլքով: