
Յ. Պալեան
Դաշնագրի մը տրամադրութիւններուն յարգումը սովորական բարոյական խնդիր մը պէտք էր որ ըլլար: Բայց իրականութիւնը այն է, որ դաշնագիրները իմաստ եւ արժէք ունին ըստ անոնց ետին գտնուող շահերու ուժին:
Ինչո՞ւ դաշնագիր ստորագրել, եթէ պետութիւններ պիտի դրժեն իրենց խօսքը:
Կը սիրենք ամեակներ տօնել: Երեք տարի վերջ կրկին ամեակներու մասին պիտի խօսինք, մելան հոսեցնենք եւ բարձրախօսները յոգնեցնենք. Սեւրի դաշնագրի 100ամեակ եւ Մոսկուայի դաշնագրի 100ամեակ: Կրկին գիտաժողովներ պիտի գումարուին, հեղինակաւոր անձեր պիտի երթեւեկեն: Հաւանօրէն գիրքեր ալ լոյս պիտի տեսնեն:
Պետութիւններ, եթէ փափաքին, եթէ իրենց շահերը պահանջեն, կղպուած դարակներէ կը հանեն մոռցուած համարուած թուղթեր: Յիշողութիւններու աշխուժացումը կապ չունի բարոյական արժէքներու եւ ճշմարտութեան հետ: Անոնցմով կը հետաքրքրուին, անոնցմով իրենք զիրենք կը զբաղեցնենք տկարները եւ իրաւազրկուածները, չմոռնալու եւ մխիթարուելու համար: Երբեմն ալ յուշագիր կը ներկայացնեն ներքին ճակատի յոյսի յուզումները վառ պահելու համար:
Սեւրի դաշնագիրը պետութիւններու ստորագրութիւնը կրող յանձնառութեան թուղթ մըն է, երբեմն կ’ըսուի՝ մուրհակ: Գրողի կամ պատմաբանի մրոտած չէ: Մուրհակը չյարգողը անպարկեշտ առեւտրական կ’ըլլայ, զինք կը տանին դատարան, իր ինչքը կը գրաւեն հատուցում տալու համար: Երբ կը տիրէ անտառի օրէնքը, մուրհակ եւ դատարան պէտք չէ փնտռել: Բայց քանի որ միջազգային համայնքը կը սիրէ խօսիլ արդարութեան, իրաւունքի եւ բարոյականի մասին, մենք ալ այդ ըմբռնումով հրապարակ պէտք է գանք, առանց դիւանագիտական ծեքծեքումներու եւ սպիտակ ձեռնոցներու:
Մեր դրամագլուխը պատմութիւնը, ճշամարտութիւնը մեր իրաւունքն են:
Սեւրի դաշնագիրը ՈՐՈՇՈՒՄ էր, ստորագրած էին դաշնակիցները եւ Թուրքիան, Խաղաղութեան խորհրդաժողովէն ստացուած լիազօրութեամբ: Ստորագրողները փերեզակներ չէին, պետութիւններու լիազօր ներկայացուցիչներ էին, դաշնագիր ստորագրած էին ՅԱՆՈՒՆ ԻՐԵՆՑ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ: Այդ ստորագրութիւնները սկզբունքային կերպով ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ դարձուցած էին այդ պետութիւնները: Իսկ միամիտ պէտք է ըլլալ հաւատալու համար, որ քաղաքականութիւնը սկզբունքներով կ’առաջնորդուի: Հայաստանի սահմաններու սկզբունքը որդեգրուած էր, նոր քննութեան եւ ժողովի կարիք պիտի չըլլար, Ամերիկայի նախագահը ՈՐՈՇՈՒՄ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԱԴՐԷՐ, յանուն Խաղաղութեան Վեհաժողովին պիտի կատարէր ԹԷՔՆԻՔ աշխատանք մը: Եւ կատարեց: Հետեւաբար այն ինչ որ կը կոչուի ՈՒԻԼՍԸՆԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ նոր որոշում չէր, նոր բանակցութիւններու կարիք չունէր, ՎՃԻՌ էր, վաւերացման կարիք չունէր:
Այս պիտի ըսե՞նք որոշումը կայացնողներուն եւ անոնց իրաւայաջորդներուն, կոչ պիտի ընե՞նք յարգելու իրենք զիրենք եւ իրենց որոշումները: Ցեղասպանութեան ճանաչման ակնկալութիւններէն եւ այրած սրտերը զովացնող որոշումներէն անդին, ԱԶԳԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔ պիտի հետապնդե՞նք, առանց բարբաջանքի եւ բարբաջանքներ լսելու, որ արդէն դար անցած է: Իրենց ստորագրութիւնը չյարգած եւ չյարգող պետութիւններուն իրենց խօսքին եւ պատասխանատուութեան տէր կանգնելու հրաւէր պիտի ուղղե՞նք, անհանգստացնելով եւ քաղքենիի մեր հանգիստը խանգարելով:
Հայաստանի պետութիւնը այս պահանջով հրապարակ պիտի գա՞յ, պիտի ուզէ գալ: Պատահած է, որ խորհրդային շրջանին քաղաքական ղեկավար մը ըսէ, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ամենայն հայոց կառավարութիւն չէ: Այսօր, Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի ստանձնէ ամենայն հայոց կառավարութիւն ըլլալու պատասխանատուութիւնը, այժմէականացնելով Սեւրի դաշնագիրը եւ անոր գործադրութիւնը ըլլալ հանդիսացող Ուիլսընեան սահմանները, նոյնիսկ եթէ նման նախաձեռնութիւն ոչ մէկ ձեւով «բիզնես»ային է: Իսկ սփիւռքները հիւրընկալ երկիրները չանհանգստացնելու համար լո՞ւռ պիտի մնան, թէ հրապարակ պիտի գան, Սեւրի ստորագիր պետութիւնները յարգելի ըլլալու համար պէտք է յարգեն իրենց ստորագրութիւնը: Այս պիտի ընե՞ն առանց երախտագիտական զեղումներու մէջ խեղդուելու:
Թուրքիան ալ ստորագիր պետութիւն էր, եւ միջազգային վարկ ունենալու համար, փոխանակ շարունակելու անարդարութիւնները եւ ամէն տեսակի խախտումները, մեծնալու եւ ազնուանալու համար, պիտի յարգէ իր ստորագրութիւնը եւ ինք նախաձեռնէ Ուիլսընեան սահմաններու ստեղծման գծով պարկեշտ բանակցութիւններու:
Նոյնհետայն պէտք է խօսիլ 1921ի ռուս-թրքական դաշնագրի եւ ըստ անոր տրամադրութիւններուն ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՄԱՍԻՆ: Այդ խնամակալութիւնը, ստորագիր պետութիւններու վերահսկողութեամբ, վերջ պիտի գտնէր 1946–ին: Այսինքն, այդ խնամակալութիւնը ժամանակաւոր էր եւ ԿՑՈՒՄ ՉԷՐ: Թէեւ այսօր ցեղապաշտական վերաբերումներով, պատմութեան եւ մշակութային իրաւունքներու խախտումներով, Նախիջեւանը կը համարուի Ատրպէյճանի մաս: Ռուսիան եւ Թուրքիան միջազգային իրաւունքի առջեւ պարտք ունին ըսելու, որ խնամակալութեան շրջանը աւարտած է եւ բնաւեր ժողովուրդի մը իրաւունքը իր պատմական հողերուն վրայ ապրելու պէտք է վերականգնել, յարգելով դաշնագրի ոգին եւ տառը:
Քանի տարի առաջ կազմուած էր Նախիջեւանցիներու միութիւնը: Ան պիտի դառնայ իրաւունքի հետապնդման քաղաքական ազդակ:
Եթէ յառաջիկայ երեք տարիներուն չյաջողինք այժմէակացնել Սեւրի եւ Մոսկուայի դաշնագիրներու օդինական տրամադրութիւնները, ամեակներ տօնել պիտի նմանի մանուկներու պղպջակներու խաղին:
Այս զոյգ ամեակները ոչ մխիթարութեան ակնկալութիւն են եւ ոչ սուգ-սրբացումի հանդիսութիւններ: Անոնց հետապնդումը եւ անոնցմով նախատեսուած իրաւունքներու ձեռքբերումը ազգի եւ հայրենիքի գոյատեւման երաշխիք են:
Հարկ է բանալ թղթածրարները, բանալ էջերը, հրապարակել, հասցնել բոլորին, հարցերը դուրս բերել մոռացման, շահակցական եւ երկչոտութեան մշուշներէն: Չբաւարարուիլ յիշեցումներով, այլ՝ պահանջել:
Այսօր ինչպէս կարելի է բնորոշել ստեղծուած կացութիւնը: Խնամատարը իւրացուցած է իրեն տրուած աւանդը: Գիտենք թէ ի՞նչ կը մտածեն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը: Բայց ի՞նչ կը մտածէ եւ ի՞նչ պիտի ընէ Ռուսիան, որուն մենաշնորհեալ դաշնակիցը կը համարեն մեզ եւ մենք ալ այդպէս կը մտածենք:
Երեք տարի վերջ զոյգ ամեակներ: Լուսնի խաւարման գիշերներու թիթեղի թմբկահարման աղմուկէն աւելին պիտի ընծայուի՞ մեր ժողովուրդին, գլխագիր հայրենիքին եւ հայոց պատմութեան…
Այս աշխատանքը ընթացիկ եւ զանազան հոգեպարար մխիթարութիւններու տուրիզմէն աւելին կը պահանջէ:
Մանրամասնել՝ սրտաճմլիկ ճառի պիտի նմանի… եթէ ձեռնածալ մնանք կամ իսկական խնդիրը դիտենք մատներու արանքէն: