
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խրիմի մէջ կատարուած քաղաքական անցուդարձերն ու դէպքերու արագ ընթացքը, այնքան մը հարցականներ ստեղծած են, որ վստահաբար քաղաքագէտներ, իրենց սեղմ օղակէն ներս, կրնան “պլէք հիւմըր“ով մը, երեւակայել թէ Մալեզիական ընկերութեան կորսուած օդանաւը…գաղտնի էջք մը կատարած է թերակղզիի մայրաքաղաք` Սիմֆերոփոլի օդակայան:
Սակայն, մէկ բան յստակ է թէ նոյնինքն քարոզչական մեքենան, ինքն ալ կորսուած է: Այսպէս թէ՛ Ուքրայինական (մօտիկ գործակցութեամբ` Արեւմտեան աշխարհին հետ) եւ թէ՛ Ռուսական մետիան ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ է որ կը սփռեն ԻՆՔՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ հովանիին տակ:
Այսպէս, Մարտ 16-ին, Խրիմի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի միանալու կամ Ուքրայինայի կազմին մէջ ինքնավար շրջան մնալու շուրջ հանրաքուէ մը, որ բնականաբար, նկատի ունենալով շրջանի ռուս բնակչութեան մեծ համեմատութիւնը, աւարտեցաւ ի նպաստ առաջին ընտրանքին:
Պայմանները այնպէս մը ընթացան որ, նոյնինքն Քիեւի մէջ արձանագրուած Եուրօմայտանի յաղթանակը, դուռ բացաւ Խրիմի կացութեան: Նաեւ, Էրտողանի վարչամեքենան իր երկրի ներքին հարցերով կլանուած, ժամանակն իսկ չունեցաւ թերակղզիի շօշափելի թաթար բնակչութիւնը գործի լծելու:
Հազիւ արդիւնքները յայտարարուած, Ռուսաստանի նախագահ Փութին, ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն մէջ պարզաբանեց թէ նկատի ունենալով խրիմի հանրաքուէին ընթացքին, տեղւոյն ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնը, կը ճանչնայ Խրիմը իբրեւ գերիշխան եւ անկախ պետութիւն: Նախագահական հրամանագիրը ստորագրուած ըլլալով, անմիջապէս ուժի մէջ մտաւ:
Իսկ, Ռուսաստանի Դաշնութեան կազմին մէջ, Խրիմը իբրեւ նոր տարածք ընդգրկելու հարցով, Փութին պիտի դիմէ Դաշնակցային խորհուրդին:
Մարտ 16, 2014-էն շատ աւելի առաջ…անցեալ դարաշրջանի կամ նոյնիսկ հազարամեակի աւարտի օրերուն` Դեկտեմբեր 10, 1991-ին, տեղի ունեցած էր նմանօրինակ իրադարձութիւն մը, Ստեփանակերտի մէջ, ուր կատարուած էր Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման հանրաքուէն եւ աւարտած էր Արցախի Հանրապետութեան ստեղծմամբ:
Տեղին է բաղդատականներ կատարել, այս երկու հողաշերտերու վերագրուած ճակատագրի առնչութեամբ, մանաւանդ որ երկուքն ալ Խորհրդային Միութեան օրերուն, մութ հաշիւներու եւ ղեկավարներու քմահաճոյքներու արդիւնք, կցուած էին այլ “արբանեակ“ պետութիւններու: Եւ դեռ ալ կարելի է, յար եւ նման պայմաններու տակ, բաղդատել Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Մոլտովայի Արեւելեան շրջանի` Մերձդնեստրի (Թրանսնիսթրիա) շրջաններուն հետ:
Նախքան ընտրութեան նախատեսուած արդիւնքն ու այս գծով Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան լոյս ընծայած հաղորդագրութիւնը, նոյնինքն Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարած էր թէ Խրիմի մէջ պատահածը միջազգային իրաւունքի առանցքային սկզբունքներէն մէկն է, եւ ժողովրդավարական կամքի արտայայտութեան միջոցով, շրջանի մը ճակատագիրը որոշելու իւրաքանչիւր ժողովուրդի հաստատ իրաւունքն է:
Այս մօտեցումն ու դիրքաւորումը, յստակօրէն կը բացատրէ թէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման գործօնը որքա՜ն առաջնահերթ եւ այժմէական է: