ԺԽՈՐԱՑՈՒՄ

0 0
Read Time:33 Second

jekhor

ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ

Հալէպ
Մայիս 18, 2008

ափերուս վրայ կը ծփայիր
ինչպէս աղջամուղջի մէջ միաձուլուած
ծփացող արծաթագոյն ճաճանչներ
այդքան խաղաղ էիր
թափացիկ
ինչպէս բեւեռի յստակ արշալոյս
եւ երազկոտ անշշուկ
ինչպէս գիշերային անդորրի մէջ կորսուած
ննջող գիւղեր եւ հիւղակներ
բայց կամաց-կամաց արթնցող
խճողուած կայարաններով
ճամբաներով կամուրջներով
իրենց բնական շնչառութիւնը վերագտնող
քաղաքներու ժխորի նման
դուն ալ ժխորուեցար
կամուրջ դարձար
եւ կայարան
թռչող ճայ մը
կամ զբօսաշրջիկներուն
իր հին քաղաքին մասին պատմող
ազնիւ քաղաքացի մը
եւ ես սիրեցի այն քաղաքը
որ քեզի ամէն օր յոգնութիւն պարգեւեց
եւ ամէն երեկոյ
անտառի խորքերն իրարու միախառնուած
երկու ծառերու նման
յոգնութեանդ սաղարթներն ասեղնագործուեցան
խոնջէնքիս խէժաթաթախ կոճղերուն
ծփացող գիշերուայ մարմնին վրայ
ցանելով
լոյսի փշրանքներու պլպլացող պուրակներ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles