
ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 20-ին, «Նոր Հայաստան» շարժումի ղեկավարներէն՝ Ժիրայր Սեֆիլեան ձերբակալուեցաւ խումբ մը անձերու կողմէ, ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելու, փոխադրելու եւ պահելու ամբաստանութեամբ: Նախաքննական աշխատանքը կը շարունակուի:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ Ծիծեռնակաբերդի խճուղիին սկիզբը տեղի ունեցած երթեւեկի արկածի վայր հասած ոստիկանութեան ծառայողները ինքնաշարժներէն մէկուն մէջ գտած են զէնք եւ զինամթերք:
Յիշեալ ինքնաշարժին վարորդն ու ուղեւորը ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք պահելու եւ փոխադրելու կասկածով ձերբակալուած են ոստիկանութեան կողմէ: Դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական գործ:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Յատուկ քննչական ծառայութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ կատարուեցաւ քննութիւն եւ ի յայտ եկաւ վարորդին եւ ուղեւորին ինքնութիւնը, նաեւ` ինքնաձիգներուն շրջանառութեան հանգամանքները: Պարզուած էր, թէ Ժիրայր Սեֆիլեան խումբ մը անձերու հետ ծրագրած էր զինուած խմբաւորումներու միջոցով, զէնքի գործադրումով, գրաւել շէնքեր, շինութիւններ, հաղորդակցութեան եւ կապի միջոցներ, որոնց կարգին` Երեւանի պատկերասփիւռի աշտարակը: Այդ նպատակով, Սեֆիլեան կազմակերպած է խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելը, փոխադրելը եւ տարբեր վայրերու մէջ զանոնք ապօրինի կերպով պահելը: