
Մարք Յարութիւնեան
Փարիզ
Հայութեան հանդէպ Թուրքիոյ եւ անոր նախագահի յարձակապաշտութիւնը գաղտնիք չէ միջազգային դիւանագիտութեան համար: Կը խօսին վերլուծաբանները:
Այդ յարձակապաշտութեան թիրախը Հայաստանն է, բայց նպատակը աւելի ընդարձակ է. միջազգային սպառնալիք եւ վտանգ: Այս չէ որ մենք պիտի բացատրենք աշխարհին:
Ինչո՞ւ սրտցաւ խօսքէ անդին չեն անցնիր արդարութեան եւ խաղաղութեան պահպանման իրենք զիրենք կոչածները, որոնք, չյարգելով 1920ի Սեւրի Խաղաղութեան դաշնագիրը, ստեղծած են վախցնող խրտուիլակ չեղող (յիշել Հայաստանի նախագահի մը թեթեւամիտ բնորոշումը) ներկայի անմիջական եւ բազմերես թրքական վտանգը:
Հարցը հայութեան հանդէպ համակրանքի եւ հակակրանքի սահմաններէն դուրս է: Միջազգային իրաւունքի եւ խաղաղութեան լրջագոյն խնդիրներուն առջեւ կանգնած են Եւրոպան, արաբական աշխարհը, Ամերիկան, Ռուսիան, Չինաստանը: Բոլորն ալ պէտք է հարց տան իրենք իրենց, թէ ի վերջոյ ի՞նչ կ’ուզէ Թուրքիան:
Անցնող հարիւր տարիներուն Թուրքիան Կովկասով ուղղակի չէր հետաքրքրուած: Հիմա այդ կ’ընէ, ոչ միայն խօսքով եւ դիւանագիտութեամբ, այլ նաեւ զէնքով, հետապնդելով ծաւալապաշտական նպատակներ: Ստեղծուած է եռանկիւն խաղ մը, Ռուսիոյ, Ատլանտեան Ուխտի (ՆԱԹՕ) եւ Թուրքիոյ նոր-օսմանականութեան միջեւ: Փորձադաշտը,- կրնաք ըսել ռազմադաշտը,- Կովկասն է:
Աշխարհ լուռ հանդիսատես է, ուստի՝ մեղսակից, երբ Թուրքիա բացորոշ կերպով զինուորական խորհրդատուներ կը ղրկէ Ատրպէյճան, երբ վերջինը մարդկային, պատերազմական օրէնքները եւ բարոյականութիւնը չյարգող պատերազմ շղթայազերծած է 150.000 բնակիչով Արցախի դէմ, հազարամեայ հայրենիքը մարդոց, որոնք միջազգային ընդունուած իրաւունքով հարաքուէ կազմակերպած են եւ ինքնորոշուած:
Թուրքիոյ օժանդակութիւնը նախայարձակ Ատրպէյճանի խորհրդատուական չէ միայն: Ան կը յանձնէ նաեւ արդի զինատեսակներ, անօդաչու TB2 Պայրաքտար սարքերը, զորս գործածած էր իր Լիպիական զինուորական միջամտութեան ժամանակ: Գաղտնիք չէ. Թուրքիա հարիւրաւոր (օտար երկիրներու յատուկ սպասարկութիւնները ըսին հազարներ) արաբ վարձկաններ կը հաւաքագրէ եւ կը ղրկէ ճակատ: Այդ ըրած էր նաեւ Սուրիոյ մէջ, քիւրտերու կամ Սուրիոյ բանակին դէմ:
Թուրքիա ոչ միայն դեռ չ’ընդունիր, որ օսմանեան կայսրութեան մէջ պետական կազմակերպութեամբ գործուած է հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ կը շարունակէ հայաջինջ նոյն ծրագիրը, այս անգամ մասնակից դառնալով, օժանդակելով, հայ քաղաքներու եւ բնակավայրերու ռմբակոծման, հայկական տարածքներէ վերացնելու համար հայ կեանքը եւ հայկական հետքը:
Թուրքիա անցեալին ցեղասպանութիւն գործած էր հողի համար, հիմա կրկին հողի համար կ’աւերէ հայկական քաղաքները եւ հայու երկիր Արցախը:
Թուրք-Ազերի նախայարձակումը երեւութապէս Արցախի եւ հայ ժողովուրդին դէմ է: Ան նաեւ ազդարարութիւն է ուղղուած այլ հասցէներու, ուր պատասխանատուներ ո՛չ կոյր են եւ ո՛չ ալ խուլ: Հասկցած են, որ Էրտողան կ’ուզէ «մեծերու» կողքին նստիլ եւ անոնց պարտադրել իր նոր-օսմանական ծրագիրը:
Թէ ինչո՞ւ հասցէատէրերը չեն հակազդեր, կը մնան իրենց շուկայական մրցակցութիւններու ուռկանին մէջ, արդէն այլ հարց է:
Այդ ազդարարութիւնը Էրտողան ըրած էր ուրբաթ Հոկտեմբեր 2–ին, Գոնեայի մէջ, հիւանդանոցի մը բացման առիթով իր խօսած ճառով: Իր խնդրայարոյց քաղաքականութիւնը կ’արդարացնէ, ըսելով, որ Թուրքիան տագնապներու օղակի մը մէջ է, Սուրիայէն Միջերկրական ծով եւ Կովկաս, այսինքն կայ Թուրքիան շրջափակման ենթարկելու քաղաքական միտում: Եւ կ’ըսէ. «Միաժամանակ կը պաշտպանենք մեր ժողովուրդի եւ ազգի միութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր Պետութեան հզօրութիւնը, կը գործենք քանդելու համար այս պաշարումը»:
Իր ճառով, Էրտողան վերստին հաստատած է Թուրքիոյ հաստատակամութիւնը Ատրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին օժանդակելու, վերջ տալու համար Հայաստանի կողմէ ապօրինաբար գրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքներուն:
Էրտողան մասնաւորաբար ըսած է. «Այս կռիւը պիտի շարունակուի մինչեւ ազատագրումը Լեռնային Ղարաբաղի»: Ապա բուռն կերպով քննադատած է միջազգային համայնքը եւ ԵԱՀԿ–ի Մինսքի խումբը, որոնք «երեսուն տարուան ընթացքին ոչինչ ըրած են վերջ տալու համար հայկական բռնագրաւման, որ ՄԱԿի բազմաթիւ որոշումներով դատապարտուած է»:
Ապա շարունակած է շեշտելով Թուրքիոյ ցանկութիւնը երկխօսութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ իւրաքանչիւր հարցի լուծում գտնելու, որպէս օրինակ յիշելով Լիպիան եւ Արեւելեան Միջերկրականը: Ինքնատիպ բարի կամքի դրսեւորում, Լիպիոյ մէջ որպէս մէկ կողմի նեցուկ բանակ պահելով եւ Արեւելեանի Միջերկրականի մէջ սանձարձակ հորահատումներ ընելով:
Էրտողանի տրամաբանութեամբ երկխօսութիւն եւ դիւանագիտութիւն կը նշանակեն, պահանջներս բաւարարեցէ՛ք, ապա թէ ոչ բանակ կը ղրկեմ, ինչպէս Լիպիա եւ Ղարաբաղ… միաժամանակ դատապարտած է Եւրոմիութեան անդամ կարգ մը երկիրներու սպառնալիքները, որոնք «Արեւելեան Միջերկրականի մէջ չեն յաջողած Թուրքիան նահանջի մղել եւ հիմա ստիպուած կը լսեն մեր երկխօսութեան կոչերը»:
Էրտողան չէ վարանած ամբաստանելու կարգ մը պետութիւններ, որոնք Թուրքիոյ սահմաններուն վրայ «ահաբեկչական պետութիւն մը ստեղծելու» միտում ունեցած են:
Էրտողան կ’ըսէ. «Եթէ իրարու կապէք տագնապի շրջանները, Սուրիայէն Միջերկրական մինչեւ Կովկաս, կը հաստատէք, որ անոնք կը ձգտին պաշարման ենթարկել Թուրքիան», եւ կ’եզրակացնէ… «մենք կը պաշտպանենք մեր ժողովուրդի միութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր պետութեան ուժը, եւ կը գործենք ճեղքելու համար այս պաշարումը»:
Հարցում. ինչպէ՞ս կ’ըլլայ պատերազմի յայտարարութիւնը:
Միջոցին, հայութիւն եւ փոքրիկ Արցախ կը հանդիսանան հակառակութիւններու ուժերը չափելու եւ կշռելու փորձադաշտ, մինչեւ որ հասնի սուղ վճարելու պահը:
Մինչ այդ մեզի կը շնորհեն, սրտցաւութեան եւ մխիթարութեան ճանաչումներ, աղքատի պնակին մէջ որպէս ողորմութիւն նետուած արժեզրկուած մետաղադրամի պէս, զորս երբեմն պէտք է մերժել գիտնալ: