ԳլխաւորՅօդուածներ

Թրքական «Ռամատան Դիւանագիտութիւն»

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Յատուկ «Հայրենիք»-ին

Իսլամական կրօնքին մէջ կարեւորագոյն տօներէն մէկը կը հանդիսանայ Ռամատանը, որ կը նկատուի Իսլամական տոմարին իններորդ ամիսը, որուն ընթացքին Քուրանը հերթաբար յայտնուեցաւ Մոհամատ մարքարէին: Այսպիսով, այս տօնը կը նկատուի հիմք բոլոր Իսլամներուն համար կրօնական որոշ պարտաւորութիւններ կատարելու, ինչպէս ծոմապահութիւն, ընկերային անապահովութեան մէջ գտնուող անձերու օժանդակութեան տրամադրում եւ աղօթք:

Քաղաքականութեան մէջ սակայն, կրօնքը շատ անգամ կը շեղի հոգեւոր իր իրականութենէն եւ կը դառնայ «Փափուկ Ուժ»-ի լաւագոյն զէնքերէն մէկը: Քաղաքականութեան մէջ զգացական կամ հոգեւոր կերպարներ միայն արտաքին ցուցական երեւոյթներ են: Իշխանը կամ ղեկավարը, ինչպէս կը բացատրէ իտալացի քաղաքագէտ Նիքոլօ Մաքիաւելլի, պէտք է իր ժողովուրդին ներկայանայ իբրեւ հաւատացեալ, աստուածավախ եւ արդար մարդ, սակայն անոր արտօնուած է ամէն միջոց գործի դնել իր իշխանութիւնը պահելու, ապահովելու կամ ամրապնդելու համար: Այսպէս, անձնակեդրոն այս միտքը կրնայ նաեւ վերածուիլ մենատիրական պետականակեդրոն զէնքի մը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քաղաքական մտածողութիւնը անցած է զանազան փուլերէ: 1990-ական թուականներուն իսլամականութեան հզօրագոյն տասնամեակն էր Թուրքիոյ մէջ եւ այդ մթնոլորտին մէջ հասակ առած Էրտողան յաջողեցաւ դառնալ ոչ միայն կեդրոնական դէմք, այլեւ՝ Պոլսոյ քաղաքապետ: Յաջողութիւններով լեցուն քաղաքապետութեան իր նստաշրջանը աւարտեցաւ իր ժամկէտէն շատ աւելի առաջ երբ կրօնական բանաստեղծութիւն մը ընթերցելու յանցանքով բանտարկուեցաւ: Այդ դէպքէն ետք, Էրտողան գիտակցեցաւ, որ Քեմալական Թուրքիոյ մէջ կարելի չէ իշխանութեան տիրանալ ըլլալով կրօնամէտ գաղափարախօսութեան խօսնակներէն մէկը:

Advertisement Subscribe Today

Քաղաքական բացառիկ ճկունութեամբ Էրտողան շեղեց իր ամբողջ կերպարը վերածուելով վստահաբար պահպանողական, սակայն ոչ ծայրայեղ կրօնամէտ եւ կեդրոն-աջ մտածողութեան հետեւող ընդունելի քաղաքական եւ Թուրքիոյ հարցերուն լուծում բերող դէմք: Այս քարոզչութիւնը որոշակի կերպով յաջողեցաւ նաեւ Պոլսոյ մէջ իր արձանագրած ընկերատնտեսական յաջողութիւններուն շնորհիւ, ցոյց տալով, որ նոյնիսկ քաղաքականութեան մէջ անձ մը պէտք է ունենայ յաջողութեան եւ կենդանի գործի հիմք մը:

2002-ին, Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը հասաւ իշխանութեան եւ այդ օրուընէ ի վեր սկսաւ հերթաբար մասնատել Քեմալական Թուրքիոյ քաղաքական ենթակառոյցը, ամրացնել կրօնամէտ եւ ազգայնամոլ հոսանքները, տեւաբար ըստ կարիքի, յարմարութեան եւ քաղաքական ճկունութեան: Ներկայիս, Թուրքիան հեռացած է աշխարհական իր անցեալէն եւ վերածուած կրօնամէտ ազգայնամոլ խառնուրդ մը, կամ իր թշնամիներուն համար՝ վտանգաւոր փոթորիկ մը:

Ներքին քաղաքականութեան մէջ օգտագործուած կրօնամէտ գաղափարախօսութիւնը իրականութեան մէջ «Փափուկ Ուժ»-ի գործադրում է: Այս մէկը քաղաքականօրէն կարեւոր է: Սակայն, երբ այս մտածողութիւնը գործադրուի դիւանագիտութեան մէջ, այդ կը դառնայ ամբողջութեամբ այլ բան, փորձելով ստեղծել համաշխարհային ղեկավարութեան մը  կամ խալիֆայութեան մը միտքը: Գաղափարը հսկայական ըլլալով հանդերձ, գործադրութիւնը այնքան ալ դժուար չէ:

Այսպիսով, սերտենք Թուրքիոյ «Ռամատան դիւանագիտութիւն»-ը.

2021-ին, Թրքական կազմակերպութիւններէն, Ռամատանի առիթով, սննթամթերքի եւ դեղորայքի նուիրատուութիւններէն օգտուեցան Հարաւային Ափրիկէի մէջ 85 հազար ընտանիքներ, Ռուանտայի մէջ հազար ընտանիքներու եւ ընդհանուր տարուան ընթացքին 75 երկիրներու քաղաքացիական որոշ խաւեր:

Նոյնպէս, 2022-ին, Հարաւային Սուտանի 5 հազար ընտանիքներ, իսկ տարուան աւարտին հասնելով 400 հազարի: Մինչ, Ուկանտայի 3 հազար անհատներու տեղական սղաճին պատճառով անհասանելի դարձած անհրաժեշտ նիւթեր ստացան:

2023-ին, Ուկանտայի, Սուտանի եւ Սոմալիոյ մէջ 25,000 անհատներ Ռամատան ամսուան առիթով սննդեղէնի յատուկ պարկեր ստացան, իսկ հազարաւոր զինեալներ եւ ահաբեկիչներ արտադրած Աֆղանիստանի մէջ որբերու յատուկ իֆթար մը տեղի ունեցաւ:

2024-ին, Էթիոփիայի մէջ, թրքական կազմակերպութիւններ 40 թոն սննդեղէն տրամադրեցին շուրջ 1,500 ընտանիքներու: Քոսովոյի նախագահ Իֆթարի երեկոյ մը ունեցաւ այդտէղ տեղակայուած թրքական զինեալ ուժերուն հետ: Վերջապէս, Ուկանտայի մէջ թրքական համալսարաններէ աւարտած ուսանողներու յատուկ իֆթար մը տեղի ունեցաւ տեղւոյն թրքական դեսպանատան մէջ:

2025-ին, թրքական կազմակերպութիւններ նոյնպէս սննդեղէն տրամադրեցին Ֆիլիփինի Փալաուան նահանգի 500 ընտանիքներու: Իֆթար մը կազմակերպուեցաւ Ամերիկեան Ճորճթաուն համալսարանի 200 ուսանողներու համար, նպատակ ունենալով աշակերտներուն ծանօթացնել թրքական մշակոյթը: Ճափոնի մէջ, 16,000 հրաւիրեալներու ներկայութեամբ, թրքական կազմակերպութիւններու կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ իֆթար մը տեղւոյն իսլամ փոքրամասնութեան համար: Պէտք է նկատել, որ ներկաներէն 6,000-ը բնիկ Ճափոնցիներ են, որոնք կրօնափոխ ըլլալով իսլամացած են եւ կը յաճախեն թրքական կամ ընդհանրապէս իսլամական մզկիթներ:

Այս տարի, 2026-ին, Ղանայի մէջ, թրքական կազմակերպութիւն մը ներկայութեամբ տեղւոյն Թուրքիոյ դեսպանին, Ռամատանի առիթով, սննդեղէն տրամադրեց ոչ թէ բնակիչներու, այլեւ՝ բանտարկեալներու: Թուրքիան արդեօք այլ երկրի մը բանտարկեալներուն ինչո՞ւ սնունդ պիտի փոխանցէ: Ներողամտութեան արդիւնք է արդեօ՞ք: Աֆղանիստանի մէջ թրքական կազմակերպութիւն մը սննդեղէն տրամադրեց որբերու: Թրքական ոտնագնդակի երկրորդ դասակարգին մէջ խաղացող Անգարակուջու խումբը Կազայի մէջ 1,500 մանուկներու սննդեղէն տրամադրեց: Ղանայի մէջ 1,000 որբերու համար յատուկ իֆթար կազմակերպուեցաւ, մինչ ամէնօրեայ դրութեամբ սննդեղէն կը փոխանցուի նաեւ Կազա եւ Սուրիա: Վերջապէս, Փաքիստանի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ իֆթար մը, որ համախմբեց Փաքիստանի, Լիպիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարները:

Այս երկիրներուն մատուցուած օժանդակութիւններուն միջոցաւ թրքական ճաշերը ներկայիս պահանջուած են Փաքիստանի, Հնդկաստանի, Հարաւային Ասիոյ, Ափրիկէի եւ բազմաթիւ այլ տարածաշրջաններու հիմնականօրէն իսլամ բայց նաեւ ոչ-իսլամ հասարակութիւններու կողմէ:

Օրինակները բազմաթիւ չեն, սակայն պատկերը յստակ է: Օժանդակութիւնները կը տրամադրուին ճկունութեամբ՝ որբերու, բանտարկեալներու, կարիքաւորներու, ուսանողներու, աւարտականներու, եւայլն: Այսինքն, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար երկրորդական է, թէ այս անձերը ո՞վքեր են: Կարեւորը այն է, որ այս ընտանիքներէն կամ անհատներէն ոմանք Անգարան կարենայ սիրաշահիլ: Այսինքն, պէտք չէ թերագնահատել «Փափուկ Ուժ»-ի ազդեցութիւնը եւ Անգարայի կողմէ գործադրուած «Ռամատան Դիւանագիտութիւն»-ը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button