
Ա.Ա.
Ճիշդ է, որ Երեւան եւ Անգարա պաշտօնապէս կը յայտարարեն, որ հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը պէտք է շարունակուի առանց նախապայմաններու, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի համաձայն, Անգարայի իշխանութիւնները ունին նախապայմաններ, որոնք կը վերաբերին Հայաստան- Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրին, Լեռնային Ղարաբաղը ապազինուորականացնելու թուրքեւատրպէյճանական ծրագրին եւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը շատ յստակ է եւ արդիւնք է Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ ամբողջական համակարգումի մը։ Սահմանին վրայ թէ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ շարունակել ճնշում բանեցնել Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ, արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակին մէջ առաւելագոյնը կորզելու համար՝ միջազգային ընտանիքին ներկայանալով Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման երաշխաւորներու դերով մը։
Պատկերասփիւռային հարցազրոյցին ընթացքին Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը երրորդ անգամ ըլլալով է, որ նման նախապայմաններու կ՛ակնարկէր։ Սակայն «Հապէր Կլոպալ»ի եթերէն խօսելով՝ Չաւուշօղլու այս անգամ շատ մտահոգիչ ակնարկութիւն մըն ալ կատարեց, թէ «Թուրքիա եւ Ատրպէյճան խաղաղութիւն կ՛ուզեն, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները խաղաղութեան հասնելու համար քայլելու պէտք է ձեռնարկեն, ոչ թէ փորձեն արդարանալ, որ ենթակայ են Սփիւռքի եւ հայաստանեան ծայրայեղական ուժերու ճնշումներուն»։
«Հայաստանի իշխանութիւնները խորհրդարանական ընտրութիւններուն վստահութեան բարձր քուէ ստացան, իսկ Սփիւռքի միայն փոքր հատուածն է, որ կ՛ընդդիմանայ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին», ըսաւ Չաւուշօղլու, առանց մանրամասնելու թէ Երեւանի իշխանութիւնները երբ եւ ուր նման պատճառաբանութիւններ յառաջ քշած են։
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետին այս յայտարարութեան լոյսին տակ պէտք է հարց տալ, թէ Չաւուշօղլու ինչ տուեալներու վրայ հիմամբ հրապարակաւ կ՛ակնարկէ Սփիւռքին եւ հայաստանեան ծայրայեղական ուժերու ընդդիմութեան վերաբերեալ «Երեւանի իշխանութիւններուն արդարացման փորձերուն»։ Հաւանական երկու պատասխան ունի այս հարցումը։ Կամ Չաւուշօղլու կը ստէ, կամ ալ Երեւանի իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները իսկապէս արդարացման նման փորձ կատարած են՝ նշելով «Սփիւռքին ու հայաստանեան ծայրայեղական ուժերուն ընդդիմութիւնը»։
Եթէ Չաւուշօղլու հրապարակաւ կը ստէ, ապա խնդիր չկայ, որովհետեւ ամբոխավարական յայտարարութիւն մը կը համարուի ասիկա եւ այդ պարունակին մէջ ալ կը մնայ։ Իսկ եթէ իսկապէս Երեւանի իշխանութիւնները թրքական կողմին նման արդարացում ներկայացուցած են, իրավիճակը շատ վտանգաւոր բնոյթ կը ստանայ, որովհետեւ հայեւթրքական յարաբերութիւններուն կարգաւորման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ «խաղաղութեան» հաստատման դէմ ընդդիմացող կողմը այս պարագային կ՛ըլլան Սփիւռքն ու հայաստանեան ծայրայեղական ուժերը, իսկ Երեւան՝ արդարացողը, թէ սփիւռքեան եւ ներքին ծայրայեղական ուժերու ճնշումներուն ենթակայ է։ Այլ խօսքով՝ կրնայ համամիտ ըլլալ Հարաւային Կովկասեան խաղաղութեան, որ խորքին մէջ թրքական չափազանց վտանգաւոր պարտադրանք մըն է։
Չաւուշօղլուի այս յայտարարութենէն մինչեւ Լաչինի հապճէպ յանձնումը, հայկական բնակավայրերու պարպումը, Ատրպէյճանի պահանջներուն դիմաց՝ ռուսական կրաւորականութիւնն ու հայկական կողմին վարած քաղաքականութիւնը մտահոգութիւններու դուռ կը բանան։Իսկ զոհը Արցախն է։ Հարաւային Կովկասի մէջ խաբուսիկ խաղաղութեան մը հասնելու դիմաց ցցուած արգելքներն ալ կրնան համարուիլ Սփիւռքն ու հայաստանեան ընդդիմադիր ծայրայեղական ուժերը։Պաշտօնական Երեւան անպայման ըսելիք ունի Չաւուշօղլուի յայտարարութիւններուն մասին։