
ԵՐԵՒԱՆ․- Յունիս 28-ին, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ թրքագէտ, Հանրային ձայնասփիւռի կայանի թրքերէն հաղորդումներու խմբագիր Մելինէ Անումեանի «Ճանաչում եւ դատապարտում,- Երիտթուրքերի դատավարութիւնները (1919-1921 եւ 1926 թուականներուն)» (Acknowledgment and Condemnation: the Trials of Young Turks in 1919-1921 and 1926) գիրքի անգլերէն հրատարակութեան շնորհահանդէսը:
Գիրքի թարգմանիչն է քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր երջանկայիշատակ Արա Գաբրիէլեանը (Նիւ Եորք): Թարգմանութեան անաւարտ ձեռագիրը իր աւարտին հասցուցած եւ խմբագրած է թարգմանիչի այրին` Արեւիկ Գաբրիէլեանը: Գիրքի գրախօսներն են Հ․Հ․ Պատմութեան հիմննարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը եւ թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու դասախօս Արսէն Աւագեանը:
Մենագրութիւնը հրատարակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան` Անթիլիասի տպարանը, «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ» մատենաշարով:
Գիրքի հայերէն բնագիրը տպագրուած էր 2013-ին, Երեւանի մէջ` Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկին կողմէ:
Մենագրութեան առաջին գլխով ներկայացուած է քաղաքական մթնոլորտը Օսմանեան կայսրութեան մէջ` Մուտրոսի զինադադարի կնքումէն ետք, ինչպէս նաեւ` հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու խնդրի քննարկումները օսմանեան մամուլին եւ երկպալատ խորհրդարանին մէջ 1918-ի վերջերուն:
Հեղինակը առաջին գլխին մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ այն հետաքննութիւններուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուներու նկատմամբ իրականացուած են Օսմանեան պետութեան մէջ` նշուած ժամանակահատուածին:
Երկրորդ գլխով ուսումնասիրւուած են 1919-1921 թուականներու հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մեղադրանքով Պոլսոյ ռազմական արտակարգ ատեաններուն մէջ քննուած դատական գործերը եւ 1919-1920 թուականներուն Երիտթուրքերու դատավարութիւնները:
Երրորդ գլխին մէջ քննուած են քաղաքական զարգացումները Թուրքիոյ մէջ, 1923-1926 թուականներուն: Հեղինակը կը ներկայացնէ ազգայնական պայքարին մէջ, էական դերակատարութիւն ունեցած երիտթուրքերու` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն ետք ընդդիմութեան ճակատէն ներս յայտնուելու պատճառները եւ հանրապետութեան նախագահ Մուսթաֆա Քեմալի դէմ ծրագրուած Իզմիրի մահափորձը:
Երրորդ գլխին մէջ ուսումնասիրուած են նաեւ 1926-ի Թուրքիոյ Հանրապետութեան անկախութեան դատարաններէն ներս քննուած Իզմիրի մահափորձի եւ Անգարայի կամ «սեւ աւազակախմբ»ի դատական գործերը:
Աւարտին հեղինակը համեմատութիւն կը կատարէ երիտթուրքերու 1919-1921 եւ 1926-ի դատավարութիւններու միջեւ, եւ կ՛ընդգծէ իթթիհատական աւանդոյթի պահպանման փաստը Թուրքիոյ հանրապետութեան քաղաքական կեանքին եւ գաղափարախօսութեան պետական կառավարման մէջ:
Շնորհահանդէսին ելոյթ ունեցան ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը, Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի ներկայացուցիչ Դաւիթ Մուրադեանը, գիրքի անգլերէն հրատարակութեան խմբագիր Արեւիկ Գաբրիէլեանը, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանը եւ գրքի հեղինակ Մելինէ Անումեանը: Խօսք առնողները կարեւորեցին այս գործին մեծ արժէքը:
Նաեւ, բարձր գնահատանք արտայայտուեցաւ թարգմանիչ՝ ամերիկահայ մտաւորական, ազգային-հասարակական գործիչ ու նուիրեալ հայրենասէր Տոքթ. Արա Գաբրիելեանի մեծ վաստակի հանդէպ:
Գիրքը կարելի է պատուիրել հետեւեալ միջոցով՝
https://www.ciliciabookstore.com/product/acknowledgment-and-condemnation-the-trials-of-young-turks-in-1919-1921-and-1926/
Հայերէն բնագիրը մատչելի է.-
http://www.armeniansgenocide.am/am/books_chanachum_ev_datapartum.