ԹՐՈՅ.- ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

ԹՐՈՅ (Նիւ Եորք)․- Կիրակի, Սեպտեմբեր 25-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ «Հայր Մեր»-էն առաջ հանդիսաւոր թափօրով նոր օրհնեալ Սուրբ Միւռոնը բերուեցաւ Սուրբ Խորան եւ կատարուեցաւ Ջրօրհնէք։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը ուրարի տուուչութիւն կատարեց դպիր Երուանդ Պարտագճեանին։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ Հայաստանի վերանկախացման 31-րդ տարեդարձի հանրապետական մաղթանքը, եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն։ Հաւատացեալները ապա ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր Սրբազան Հայրը կատարեց օրհնութիւնը եկեղեցւոյ նորոգ մայր դրան, որ նուիրուած էր տէր եւ տիկին Արա եւ Ռաքէլ Ալթունեաններու կողմէ։

Արարողութիւններէն ետք, մօտակայ Country Club of Troy-ի շքեղ սրահներէն մէկուն մէջ նշուեցաւ եկեղեցւոյ 64-ամեակը։ Օրուան հանդիսավարը՝ Յակոբ Մինասեան վարեց յայտագիրը։ Մանուկներ ու պատանիներ գեղեցիկ արտասանութիւններով հանդէս եկան, Երուանդ Պարտագճեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն շնորհուած եկեղեցական կարգին համար, իսկ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Անդրանիկ Գարակէօզեան, ներկայացուց կատարուած եւ ծրագրելի ձեռնարկներու ամփոփ պատկերը։

Մանուկներով շրջապատուած, Սրբազան Հայրն ու հոգաբարձութեան անդամները կտրեցին 64-ամեակի կարկանդակը։ Հուսկ ապա խօսք առնելով, Սրբազան Հայրը յայտնեց իր խոր գոհունակութիւնը երիտասարդ անդամներէ կազմուած հոգաբարձութեան նուիրուածութեան, ինչպէս նաեւ ծխականներու եւ բարեկամներու զօրակցութեան համար։ Յատկապէս վեր առաւ հանդիսավար՝ Յակոբ Մինասեանի, եւ Երուանդ Պարտագճեանի երախտագիտական այն արտայայտութիւնը, թէ ծնողաց կը պարտին եկեղեցւոյ իրենց կապուածութիւնը, ինչպէս նաեւ ծխականի մը թանկագին այն վկայութիւնը, թէ Թրոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ծուխը փոքր ու գործօն «ընտանեկան» համայնք մըն է։

Պաշտօնական յայտագրի աւարտին, տեղի ունեցաւ ներկաներու կողմէ հաճելի անակնկալ մը. փոքր երգահանդէս մը։ Խանդավառ մթնոլորտի մէջ կատարուեցան սրտաբուխ նուէրներ, եւ «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով աւարտին հասաւ իրա՛ւ ընտանեկան նկարագիր ունեցող այս գաղութի 64-ամեայ տօնախմբութիւնը։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles