ԹՈՒՐՔ ՂԵԿԱՎԱՐ ՓԵՐԻՆՉԷՔԻ ԴԱՏԱՒԱՐՈՒԹԻՒՆ .- ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ԹԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ…ՅԱՆՑԱՆՔ ՉԷ

0 0
Read Time:1 Minute, 18 Second

 p1 a ՓԱՐԻԶ.- Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը, Դեկտեմբեր 17, 2013-ի, վճիռով մը հաստատեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն չէ: Ըստ անոր, Լօզանի դատարանի 2007-ի վճիռը` Թուրքիոյ բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Տօղու Փերինչէքի դէմ, հարուած է ազատ խօսքի իրաւունքին: Փերինչէք իբրեւ ժխտողական դատապարտուած էր զուիցերիական դատարանին կողմէ:

Թուրք քաղաքական գործիչը բազմիցս, ներառեալ` Զուիցերիոյ մէջ կայացած գիտաժողովներու եւ այլ հաւաքներու ընթացքին, հրապարակաւ հերքած է եւ դեռ ալ կը հերքէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացուի, թէ Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը, Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Պրիւքսէլի Գրասենեակին հետ գործակցաբար, իր բոլոր կարողականութիւնը պիտի դնէ եւրոպական դատարանի անընդունելի այս որոշումին դէմ:

“Զուիցերիա երեք ամսուան ժամանակամիջոց ունի բողոքելու եւ վերատեսութեան պահանջ ներկայացնելու եւրոպական դատարանին: Այս առումով, տեսակցութիւն պահանջուած է առաջին հերթին Փարիզի մէջ, Զուիցերիոյ դեսպանին հետ` ներկայացնելու համար մեր ակնկալութիւնները զուիցերիական իշխանութիւններէն: Համակարգուած այլ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ` Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով, ինչպէս նաեւ` պաշտօնական Երեւանի կողմէ, միացեալ ճակատ կազմելով այս արշաւին դէմ“, կը տեղեկացնէ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նաեւ կը նշուի թէ այսուհետեւ հայութիւնը, որուն այս իրաւունքը կը զլացուի, պիտի չկարենայ Եւրոպայի մէջ գտնել օրէնքով սահմանուած իր պաշտպանութիւնը: Առանց այս հիմնական իրաւունքին, ոչ մէկը կրնայ ուրեմն հաստատել, թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ հայութեան հետագայ քայլերը եւ միջոցները` իրաւական ինքնապաշտպանութեան փնտռտուքի այս հոլովոյթին մէջ: Իսկ միւս կողմէ, տխրահռչակ այս որոշումը անպայմանօրէն պիտի գօտեպնդէ եւ յաւելեալ ներուժ պիտի տայ թրքական ծայրայեղական շարժումներուն ու զուգահեռաբար պիտի հարուածէ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ բարձրացող արդար ձայներուն: Եւրոպական դատարանը յայտարարելով, որ “Ցեղասպանութիւն եզրը միաձայնութիւն չի վայելեր“, ուղղակիօրէն կը նոյնանայ Փերինչէքի ժխտողական այն յայտարարութեան հետ, ըստ որուն` “Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ մըն է“:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles