ՊՈԼԻՍ.- “Իսլամական Պետութեան“ կողմէ շղթայազերծուած յարձակումը կը շարունակուի Հիւսիսային Սուրիոյ Թուրքիոյ սահմանամերձ Քոպանի քրտական քաղաքի վրայ:
Քիւրտ մարտիկներ բուռն կերպով կը պայքարին, սակայն ըստ երեւոյթին թրքական բանակի սահմանապահ ուժեր արգելք կը հանդիսանան, որ պաշարուած Քոպանին պաշտպանող քիւրտ մարտիկներուն օգնութիւն տրամադրուի թրքական սահմանէն։
Այս պայթուցիկ մթնոլորտը, արդէն իսկ խոր վիշտ եւ ցասում յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ բնակող քիւրտերու, որոնք զանազան քաղաքներու մէջ կը կատարեն ցոյցեր:
Այսպէս Հոկտեմբեր 7-ին արիւնալի բախումներ կայացած են քիւրտ ցուցարարներու եւ թրքական ոստիկանութեան միջեւ, յատկապէս Պոլսոյ, Անգարայի, Մուշի, Տիարպեքիրի,Ատանայի, Արդուինի, Սասունի, Վանի, Էրզրումի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Կարգ մը նահանգներէ ներս նահանգներու մէջ, շրջագայութիւնը արգիլող որոշում առնուած է: Իսկ Վանի մէջ, ցուցարարները հրկիզած են Աթաթուրքի արձանը:
Բախումներ տեղի ունեցած են ոչ թէ միայն ցուցարարներու ու ոստիկաններու միջեւ, այլ նաեւ քիւրտերու եւ թուրք ազգայնամոլ խումբերու միջեւ: Էրզրումի մէջ խումբ մը ազգայնամոլներ` զինուած դանակներով, յարձակած են ցուցարարներու վրայ եւ վնասներ հասցուցած են:
Ըստ պաշտօնական աղրիւրներու, այս բողոքի ցոյցերու ընթացքին արդէն իսկ տասնեակ մը ցուցարարներ մահացած են:

