ԳլխաւորՅօդուածներ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

Նախագահ Էրտողան Թուրքիան համարեց կարեւոր դերակատար մը՝ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ, քննադատելով ընդդիմութիւնը, ներքին տարակարծութիւններ հրահրելու եւ տեսլական մը չունենալու համար։

«Մեր անաղմուկ յեղափոխութիւններուն շնորհիւ, կարողացանք Թուրքիան հասցնել նոր ժամանակաշրջան մը։ Մենք յաջողեցանք վերածուելու ամէնէն յաջող իշխանութիւններուն, մեր հանրապետութեան հարիւր երեք ամեայ պատմութեան մէջ, ուր մեր անունները փորագրեցինք փառքով եւ արժանապատուութեամբ», ըսաւ ան։

Ըստ Էրտողանի, իր իշխանութիւնը աւելի քան 90 միլիառ տոլար ներդրած է մայրաքաղաք Անգարայի մէջ՝ մարտահրաւէրներ ուղղելով օրին անիրապաշտ  տնտեսական եւ ռազմավարական ծրագրերու։

*

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գործադրուեցաւ խուզարկութիւններու եւ հետապնդումներու լայնածիր արշաւ մը, որուն իբրեւ արդիւնք ձերբակալուեցան 209 անձեր, որոնք կը գտնուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամ ըլլալու ծանր մեղադրանքին տակ։

Advertisement Subscribe Today

Ըստ թրքական դատական աղբիւրներու, ձերբակալեալներուն շարքին են Իսլամական Պետութեան, ձախակողմեան կազմակերպութիւններու եւ զինեալ խմբաւորումներու անդամներ։

Տեղին է նշել ,որ 7 Յուլիսին Անգարայի մէջ պիտի կայանայ ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովը։

*

 

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով Եւրոպական Յանձնաժողովի յանձնակատար Մարթա Քոս (Սլովենիա) յայտարարեց, որ Թուրքիա առանցքային գործընկեր մըն է՝ Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ հետ Եւրոպայի կապուածութեան ամպապնդման եւ զանազան ուղղութիւններով գործելու իմաստով։

Մինչ Եւրոպական Միութեան ուղղուած թրքական քննադատութիւնները վերջերս նոր թափ ստացած են, եւրոպացիք կը ջանան ներկայանալ իբրեւ Թուրքիոյ գործընկերներ, զանազան առիթներով դարպասելով Անգարայի իշխանութիւնները։ Տեղին է նշել ,որ Թուրքիա կը պահանջէ, որ Եւրոպական Միութեան իր անդամակցութեան թղթածրարին քննարկումն ու ուսումնասիրութիւնը վերսկսի։

*

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը ծրագրէ յառաջխաղացք արձանագրել Թուրքիոյ հարիւրաւոր միլիոն տոլարի արժողութեամբ օդանաւային շարժակներու վաճառքի հարցին մէջ, հակառակ Քոնկրէսին առարկութիւններուն։

Խօսքը կը վերաբերի «Ճենըրըլ Էլեքթըրիք» ընկերութեան արտադրած շարժակներուն, որոնք առաջին անգամ ըլլալով պիտի օգտագործուին թրքական ՔԱԱՆ տիպի պատերազմական օդանաւերուն մէջ։ ՔԱԱՆ-ի արտադրութեան ծրագիրը, որ ընթացք առած է 2016-ին, կը նպատակադրէ նուազեցնել Թուրքիոյ կախեալ ըլլալը՝ այլ երկիրներէ պատերազմական օդանաւ գնելու իմաստով։ Ըստ որոշ աղբիւրներու, գործարքին գումարը կը գերազանցէ 700 միլիոն տոլարը։

*

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Կիպրոսի թրքական բաժնին, որ իրողապէս կը գտնուի թրքական գրաւման տակ։

Մինչ շրջանառութեան դրուեցան տեղեկութիւններ, թէ Մ․Ա․Կ․-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական բանագնաց Մարիա Անխելա Հոլկուին Քուէլար (Քոլոմպիա) վերջին շրջանին քննարկումներու առարկայ դարձուցած է Կիպրոսի մէջ դաշնակցային թոյլ դրութիւն մը ստեղծելու ծրագիր մը, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Անգարա կտրականապէս կը մերժէ կղզիին մէջ հաւասարակշռութիւնը խախտող որեւէ ծրագիր, շեշտելով, որ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան ապահովութիւնը Թուրքիոյ ապահովութիւնն է։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button