ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 53 անձեր, Իզմիրի ափամերձ Պուճա շրջանին մէջ ընդդիմութեան կողմէ ղեկավարուող տեղական խորհուրդին մէջ կատարուած խուզարկութիւններէն ետք։
Ձերբակալեալներուն շարքին է Պուճայի քաղաքապետ Քէօրքէմ Տուման, որ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան (CHP) անդամ է։ Ձերբակալուեցաւ նաեւ նախկին քաղաքապետ Էրհան Քըլըճ։
Ըստ դատախազութեան, Քէօրքէմ եւ Քըլըճ կը գտնուին կաշառակերութեան, համայնքային պիւտճէն իւրացնելու եւ լիազօրութիւններ գերազանցելու մեղադրանքներու տակ։ Ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ այս մեղադրանքները քաղաքական խորք ունին եւ կը հրահանգուին նախագահական պալատէն։
Երկու տարի առաջ կայացած քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին Էրտողան պարտութիւն կրեց կարեւոր քաղաքներու՝ ինչպէս Իզմիրի եւ Պոլսոյ մէջ, ուր դատական իշխանութիւնները անմիջապէս քննութիւններու ընթացք տուին ընդդիմադիր քաղաքապետերու դէմ։
*
Հայաստանը շրջանցող Պաքու – Թիֆլիս – Կարս երկաթուղին, որ երեք տարիէ ի վեր վերանորոգութեան կ՛ենթարկուէր, վերսկսաւ բանիլ։
Այս առիթով՝ Ախալքալաքի մէջ կայացած արարողութեան ներկայ գտնուեցան Վրաստանի վարչապետ Հերաքլ Կոպախիձէ, Ատրպէյճանի թուային զարգացման եւ փոխադրութեան նախարար Ռաշատ Նապիեւ եւ Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու։
Այս երկաթուղին այսուհետեւ պիտի ունենայ տարեկան 5 միլիոն թոն ապրանք փոխադրելու կարողութիւնը։
*
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիոյ բնական կազ հայթայթելու միտող՝ թուրքեւատրպէյճանական նախաձեռնութիւնը Սուրիոյ տնտեսութեան վերականգնման նպատակը կը հետապնդէ։
Պաքուի մէջ կազմակերպուած ուժանիւթի շաբթուան բացման հանդիսութեան առաքած իր խօսքին մէջ՝ Էրտողան նկատել տուաւ, որ շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները անգամ մը եւս ցոյց տուին Ատրպէյճանի հետ առնուած Թուրքիոյ այս քայլին կարեւորութիւնը։ Այս ծիրին մէջ ան մատնանշեց Պաքու – Թիֆլիս – Ճէյհան, Պաքու – Թիֆլիս – Էրզրում եւ Անդրանատոլեան կազատարները, որոնք կառուցուած են Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ համագործակցաբար։
Էրտողան նաեւ կարեւորեց Իգտիր – Նախիջեւան կազատարը, որ Նախիջեւանի բնական կազի մատակարարման ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորէ։
*
Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Օմէր Պոլաթ յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Ֆրանսա նպատակադրած են մինչեւ 2030 իրենց միջեւ առեւտուրի ծաւալը հասցնելու երեսուն միլիառ տոլարի։
Պոլաթ, որ Փարիզի մէջ խորհրդակացութիւններ ունեցաւ արտաքին առեւտուրի եւ տնտեսութեան գրաւչութեան նախարար Նիքոլաս Ֆորիսէի հետ, նշեց, որ քննարկած է թուրքեւֆրանսական յարաբերութիւնները եւ տնտեսական զարգացման ուժեղ ներուժին կապուած հարցեր։ «Քննարկեցինք նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական աւելի ուժեղ համարկման հեռանկարները», աւելցուց ան։
Տեղին է նշել, որ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ առեւտուրը վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին 71 առ հարիւրի աճ արձանագրած է, 14 միլիառէն 24.2 միլիառի հասնելով։
*
Թուրքիոյ տնտեսութիւնը ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակին 2.5 առ հարիւրի աճ մը արձանագրած է, ըստ ելեւմուտքի նախարար Մեհմէտ Շիմշէքի, որ նաեւ յայտնեց, թէ տարեկան ազգային մուտքը գերազանցած է 1.6 թրիլիոն տոլարը։
Շիմշէք շեշտեց,որ Անգարայի իշխանութիւնները պիտի շարունակեն գործադրել տնտեսական կայունութիւնը ամրացնելու քաղաքականութիւնը, նաեւ՝ ապահովելով բարձր աճ մը, բարձրարժէք արտադրութիւններու արտածման միջոցով։Ան յայտնեց, որ տեղեկատուուական եւ հաղորդակցութիւններու մարզերը տարեկան ամէնէն ուժեղ աճը արձանագրած են՝ առաջին եռամսեակին 389.6 միլիառ տոլարով։
*
Ատհայի տօնին առիթով, եւրոպական անցագիր (վիզա) ստանալու համար՝ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն դիմումները կտրուկ աճ մը արձանագրած են, ինչ որ մերժումներու աննախընթաց բարձր մակարդակ մը պատճառած է։ Եւրոպական եօթը երկիրներու՝ Մալթայի, Լեհաստանի, Շուէտի, Նորվեկիոյ, Ֆինլանտայի, Գերմանիոյ եւ Դանիոյ պարագային մերժումները հասած են մինչեւ 35 առ հարիւրի։
Վերջին տարիներուն եւրոպական երկիրներ աւելի խստացուցած են Թուրքիայէն ներկայացուող անցագրի դիմումներուն նկատմամբ իրենց քաղաքականութիւնը։ Ասոր իբրեւ հետեւանք, Թուրքիոյ քաղաքացիներու վիզայի դիմումներու մերժման մակարդակը հասած է պատմական առաւելագոյնի։

