ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի աւագ խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճ ընդունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով ռուս յատուկ բանագնաց Իկոր Խովայեւը,որուն հետ քննարկեց Անգարա – Մոսկուա յարաբերութիւնները, Երեւան – Պաքու կապերը՝ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարով, ինչպէս նաեւ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ արձանագրուած նորագոյն զարգացումները։
*
Թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց եւրոպացի վեց գործող դէտեր, որոնք Թուրքիա ժամանած էին՝ քաղաքական բանտարկեալներու բանտային պայմանները ուսումնասիրելու համար։
Ըստ պաշտպան փաստաբան Նայիմ Էմինօղլուի, իտալացի, ֆրանսացի, սպանացի, պելճիքացի եւ ռուս անձնաւորութիւնները պիտի ուսումնասիրէին «ջրհորի տիպի բանտային համակարգ»-ը՝ չափազանց նեղ եւ արեւի լոյսէն զրկուած խուցեր, որոնք կը ստեղծեն խոր ջրհորի մը մէջ գտնուելու տպաւորութիւնը։ Նման բանտերու մէջ կը գտնուին քաղաքական որոշ բանտարկեալներ։
Էմինօղլու նաեւ յայտնեց, որ գրաւուած են կալանաւորեալներուն անցագրերը։
*
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարեց,որ պաշտպանական ճարտարարուեստի արհեստագիտութիւնը իր վարչակազմին հետապնդած « Թուրքիոյ Դար» տեսլականին հիմնաքարն է։
«Պաշտպանական ուժեղ ճարտարապետութիւն մը կը տարածուի բոլոր բնագաւառներուն վրայ, ծովուն խորերէն մինչեւ տիեզերք, տարածքներէն մինչեւ համակարգչային եւ համացանցային ապահովութիւն։ Վերջին 23 տարիներու արձանագրուած ձեռքբերումներուն շնորհիւ, հասած ենք մակարդակի մը, որ ամբողջ աշխարհը զարմացուցած է», յայտարարեց ան՝ ընդծովեայ «Սանճար» սարքին ներկայացման հանդիսութեան ընթացքին։ «Սանճար»-ը արտադրուած է թրքական «Հաւելսա»ն ընկերութեան կողմէ։
Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա բնաւ չի հետապնդեր ուրիշներու տարածքներու գրաւումը, այլ միակ նպատակն է օժանդակել համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան։
*
Թրքական «Պայքար» պաշտպանական եւ օդանաւատիեզերական ընկերութեան համահիմնադիր եւ խորհուրդի նախագահ Սելճուք Պայրաքտար կը գտնուին Թուրքիոյ ամէնէն հարուստ անձերու ցանկին առաջին տասնեակին մէջ։
Ըստ հեղինակաւոր «Ֆորպս» պարբերականի, Պայրաքտարի հարստութիւնը կը գնահատուի 2,7 միլիառ տոլարով։ Անոր եղբայրը՝ ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն՝ Հալուք Պայրաքտար եւս ցանկին վրայ է՝ 2,4 միլիառ տոլար հարստութեամբ։
«Պայքար» ընկերութիւնը Թուրքիոյ պաշտպանական արտադրութեան մեծագոյն արտածողներէն մին է, որուն անօդաչու սարքերը կ՛օգտագործուին թրքական եւ այլ երկիրներու օդուժներուն կողմէ։

