ԳլխաւորԼրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Օմէր Փոլատ շեշտեց Ատրպէյճանի դերակատարութիւնը՝ իբրեւ Անգարայի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարանցիկ հանգոյց, դէպի Կեդրոնական Ասիա եւ Ծայրագոյն Արեւելք։ Ան այս ծիրին մէջ նշեց այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին կարեւորութիւնը։

Փոլատ յայտարարեց, որ մօտիկ ապագային «Զանգեզուրի միջանցք»-ին բացումը կարելի պիտի դարձնէ թրքական աշխարհին աշխարհագրական համարկումը եւ տնտեսական կապերու զարգացումը, միաժամանակ աշխուժացնելով Միջին միջանցքը, որ կը սկսի Ծայրագոյն Արեւելքէն եւ կ՛երկարի մինչեւ Եւրոպա։

Տեղին է նշել, որ թուրք եւ ատրպէյճանցի պաշտօնատարներ կը շարունակեն «Զանգեզուրի միջանցք» կոչել «Թրամփի Ուղի» կոչուած ճանապարհը, որ Հայաստանի տարածքով ճամբայ կը բանայ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ։

*

   Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ զօրավար Սելճուք Պայրաքտարօղլուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Պաքուի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։

Advertisement Subscribe Today

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը բարձր գնահատեց Թուրքիոյ մնայուն աջակցութիւնը եւ թուրք զինուորականներուն ներկայացուց ատրպէյճանական բանակին գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ։ Քննարկման առարկայ դարձան շրջանային ապահովութիւնը եւ թուրքեւատրպէյճանական զինուորական գործակցութեան հեռանկարները։

*

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղակայուած թրքական բանակային ուժերը Սուրիայէն կրնան հեռանալ միայն, երբ երաշխաւորուած է Թուրքիոյ սահմաններուն ապահովութիւնը։

Նոյն աղբիւրին համաձայն, թրքական ուժերը Սուրիա կը գտնուին՝ հիմնուելով միջազգային օրէնքով սահմանուած ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի վրայ, Թուրքիոյ սահմաններու ապահովութիւնը երաշխաւորելու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ ահաբեկչական միջանցքի ստեղծումը կանխարգիլելու համար։

*

Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն Իպրահիմ Քալըն Դամասկոսի մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ փոխանցման կառավարութեան նախագահ  Ահմէտ Շարէհի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ՝ քննարկելով ապահովական եւ գաղտնի սպասարկութիւններու գործունէութեան կապուած հարցեր եւ խնդիրներ։

Քալըն նաեւ արծարծեց Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ նշանակալից ուժ համարուող քրտական միաւորներուն սուրիական բանակին մէջ համարկուելու հոլովոյթը, որ ներկայիս կասեցուած է՝ որոշ դժուարութիւններու պատճառով։

Տեղին  է նշել, որ նախագահ Էրտողան նախապէս Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Շարէհի հետ։

*

Պոլսոյ ատեանը որոշեց մինչեւ Հոկտեմբեր հետաձգել ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան ղեկավար Օզկիւր Օզելը պաշտօնէ հեռացնելու եւ քաղաքական ուժին երկու տարի առաջ կայացուցած համագումարը չեղեալ ճանչնալու հարցով վճիռին հրապարակումը։ Դատարանը կը պնդէ, որ համագումարը կայացած է խախտումներով։

Տեղին է նշել, որ Մարտին ձերբակալուեցաւ Պոլսոյ քաղաքապետ, Էրտողանի ամէնէն լուրջ մրցակից Էքրեմ Իմամօղլուն՝ փտածութեան մեղադրանքով։ Իմամօղլուի ձերբակալութիւնը պատճառ դարձաւ լայնածաւալ ցոյցերու՝ ամբողջ երկրին տարածքին։ Ձերբակալուեցան նաեւ տասնեակէ աւելի ընդդիմադիր գործիչներ։

Միւս կողմէ, կալանաւորուեցաւ Պոլսոյ Պայրամփաշա շրջանի քաղաքապետ Հասան Մութլու, որ ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամ է։ Ան տասնութերորդ քաղաքապետն է, որ կը կալանաւորուի՝ փտածութեան եւ կաշառակերութեան մեղադրանքներով։ Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան անդամ քաղաքապետներու դէմ այս արշաւը կը համարուի Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ նախաձեռնուած ծրագիր մը, որուն նպատակն  է տկարացնել ընդդիմութեան շարքերը։

*

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար յայտարարեց,որ կորիզային ուժանիւթը կեդրոնական դերակատարութիւն ունի երկրին ուժանիւթի երկարաժամկէտ ռազմավարութեան մէջ, որ կառուցուած է յարատեւ զարգացման, ուժանիւթի ապահովութեան եւ զերօ արտանետման սիւներուն վրայ։

Ըստ Պայրաքտարի, Թուրքիոյ ելեկտրուժի պահանջը յառաջիկայ երեսուն տարիներուն ընթացքին երեգ անգամ պիտի աւելնայ եւ այս պահանջին հետ քայլ պահելու համար, երկրին տարածքին կ՛որդեգրուին ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագրեր, ներառեալ՝ կորիզային ուժանիւթը։

Պայրաքտար ուրուագծեց Թուրքիոյ կորիզային ուժանիւթի ճամբու քարտէսը, բացայայտելով,որ կը ծրագրուի մինչեւ 2035 եօթը ճիկաուաթ ելեկտրուժ արտադրել կորիզային կայանի միջոցով, ինչպէս նաեւ մինչեւ 2050 այս կարողականութիւնը բարձրացնել 50 ճիկաուաթի՝ կորիզային փոքր հնոցներու համարկմամբ։

Տեղին է նշել,որ քանի մը ամիսէն պիտի բանեցուի Աքքէօյու կորիզային կայանին առաջին հնոցը։ Քսան  միլիառ տոլար արժողութեամբ կայանը կը կառուցուի Ռուսիոյ պետական «Ռոսաթոմ» ընկերութեան կողմէ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button