ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ մէջ ընթացք առին Կարսէն Նախիջեւան երկաթուղիի կառուցման աշխատանքները, յայտարարեց փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու։
Այս երկաթուղին, ըստ նախարարին, զգալի ներդրում պիտի ունենայ «Հարաւային Կովկասի տնտեսական համագործակցութեան եւ Զանգեզուրի միջանցքին բացման հարցին մէջ», բարձրացնելով բեռներու փոխադրութեան արդիւնաւէտութիւնը, Պէյճինկէն մինչեւ Լոնտոն։
Նոր երկաթուղին նախատեսուած է 5.5 միլիոն ուղեւորի եւ 15 միլիոն թոն բեռներու տեղափոխման համար։ Կը նախատեսուի ամբողջ երկաթուղիին երկայնքով կառուցել 5 փապուղի եւ 10 կամուրջ։ Անիկա նաեւ կարեւոր խթան պիտի հանդիսանայ արեւելեան Անատոլուի տնտեսութեան համար, ըսաւ Ուրալղօլու, որ նաեւ բացայայտեց, որ 224 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող երկաթուղիին կառուցման համար Թուրքիա 2.4 միլիառ եւրոյի արտաքին ֆինանսաւորում ապահոված է։
*
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որ Էրտողանի փոխանցեց Ալասքայի մէջ կայացած ռուսեւամերիկեան վեհաժողովին մասին իր գնահատականները։
էրտողան եւ Փութին, ըստ Քրեմլինի, նաեւ քննարկած են Ուքրայինայի տագնապը, որուն կապակցաբար Փութին գոհունակութիւն յայտնած է՝ Թուրքիոյ ցուցաբերած օժանդակութեան համար, ռուս եւ ուքրանացի պաշտօնատարներու միջեւ Պոլսոյ մէջ բանակցութիւններու կազմակերպման նպատակով։
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին խորհրդակցութիւններու նիւթ դարձած են ռուսեւթրքական յարաբերութիւնները, առեւտրական կապերը եւ ներդրումային ծրագրերը։
*
Թրքական նաւահանգիստներու մաքսատուներու պատասխանատուները սկսած են նաւային գործակալներէ դիմում- նամակներ պահանջել , թէ իրենց նաւերը առնչութիւն չունին Իսրայէլի հետ եւ անոր համար զինուորական վտանգաւոր բեռներ չեն փոխադրեր։
Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ նաւահանգիստներու պետական վարչութիւնը բանաւոր հրահանգ յղած է նաւահանգիստներու գործակալներուն, որ նման երաշխիքներ տրամադրեն։ Սակայն այս հարցով պաշտօնական շրջաբերական չկայ։ Հրահանգը կը վերաբերի Թուրքիոյ բոլոր նաւահանգիստներուն։
*
Ճափոն Թուրքիայէն անօդաչու սարքեր պիտի գնէ՝ ընդարձակելու համար անօդաչու սարքերու իր խմբաքանակը։
Այս գնումին կապուած հարցերը քննարկելու համար Ճափոնի պաշտպանութեան նախարար Կեն Նագաթանի ժամանեց Անգարա։ Ան Ճափոնի պաշտպանութեան առաջին նախարարն է, որ Թուրքիա կ՛այցելէ։ Նաքաթանի իր թուրք պաշտօնակիցին՝ Եաշար Կիւլէրի հետ քննարկեց պաշտպանութեան մարզի սարքերու եւ արհեստագիտութեան մարզին մէջ համագործակցութեան հեռանկարները։
*
Թուրքիոյ Վիճակագրութեան Հիմնարկը առաջին անգամ ըլլալով հրապարակեց արդիւնքները վիճակագրութեան մը, որ կատարուած է՝ յայտնաբերելու համար քաղաքներու այն թաղամասերը, որոնք բարեկեցիկ բնակչութիւն ունին։
Առաջին դիրքի վրայ կը գտնուի Պոլիսը, որուն շրջաններէն 29 ը կ՛իյնայ Ա + դասակարգին մէջ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Պոլսոյ ընդհանուր բնակչութեան մէկ կարեւոր համեմատութիւնը կը համարուի միջինէն քիչ մը վեր դասակարգին պատկանող հաւաքականութիւն մը։
Միւս կողմէ մայրաքաղաք Անգարայի Չանքայա շրջանը ունի ընկերատնտեսական ամէնէն բարձր ցուցանիշը։ Բարեկեցիկ բնակչութիւն ունեցող շրջաններ են նաեւ Պոլսոյ Պեշիկթաշ եւ Պաքըրքէօյ, Անգարայի էթիմեսքութ, Պուրսայի Նիլուֆեր եւ Իզմիրի Կիւզելպահչէ թաղերը։ Պեշիկթաշի եւ Պաքըրքէօյի մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով հայեր։
Տեղին է նշել, որ հարցախոյզները կատարուած են Թուրքիոյ տարածքին տարբեր նահանգներու մէջ գտնուող քաղաքներու 26 միլիոն շրջաններու մէջ։

