ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Անգարայի մէջ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ առաջին անգամ Թուրքիա ժամանած՝ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Քավելաշվիլին, որուն հետ քննարկեց թուրքեւվրացական յարաբերութիւնները, կովկասեան ընդհանուր իրավիճակը եւ միջազգային խնդիրներ։
Թուրքիա եւ Վրաստան սերտօրէն կը գործակցին Ատրպէյճանի հետ՝ 2014ին ստեղծուած եռակողմ գործակցութեան ծիրին մէջ։ Անգարա եւ Թիֆլիս նաեւ կը գործակցին Թուրքիա – Վրաստան – Ատրպէյճան – Իրան հարթակին վրայ։ Տեղին է նշել,որ գործակցութեան բազմաթիւ ծրագրերու շարքին օրակարգի վրայ է Ահիշքա թուրքերու Վրաստան վերադարձի խնդիրը, որ Անգարայի կողմէ մնայուն ուշադրութեան առարկայ է։
*
Թուրքիա եւ Վրաստան ոստիկանական միացեալ գործողութիւն կատարեցին, որուն ընթացքին Թիֆլիսի մէջ ձերբակալուեցան 12 անձեր, որոնք վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին թրքական ոստիկանութեան կողմէ կը հետապնդուէին՝ «Ինթըրփոլ»-ի «կարմիր» հրամանագրերով։
Վրաստանի քրէական ոստիկանութեան վարչութեան փոխ տնօրէն Հերակլ Տոնտոլաձէ յայտնեց, որ ձերբակալեալներուն շարքին են սպանութեան եւ կողոպուտի մէջ մեղադրուող անձեր։ Բոլոր ձերբակալեալները թուրքեր են։
*
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Սուրիոյ քիւրտերուն կոչ ուղղեց՝ համարկուելու սուրիական բանակին մէջ, հրաժարելով ձգձգման մարտավարութենէն։ Ան նաեւ քրտական ուժերը ամբաստանեց՝ Սուրիան ապակայունացնելու Իսրայէլի քաղաքականութեան լծակից ըլլալու յանցանքով։
Ֆիտան այս յայտարարութիւնները կատարեց Անգարայի մէջ, ուր տեսակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի հետ։
Ներկայիս Անգարայի իշխանութիւնները իրենց ճիգերը միացուցած են Սուրիոյ ժամանակաւոր իշխանութիւններուն ճիգերուն, որպէսզի ծունկի բերեն երկրին հիւսիսային շրջաններուն մէջ հեղինակութիւն ունեցող քրտական ուժերը։ Անգարա այս ուժերը կը համարէ ահաբեկիչներ, որոնք ունին Թուրքիոյ լուրջ գլխացաւ մը ըլլալու բոլոր կարելիութիւնները։
Իր կարգին, Շիպանի եւս Իսրայէլը ամբաստանեց Սուրիան ապակայունացնելու յանցանքով՝ զօրավիգ կանգնելով տիւրզիներուն եւ այլ խմբաւորումներու։ Ան շեշտեց, որ Սուէյտա, որ տիւրզի բնակչութիւն ունի, կը պատկանի Սուրիոյ եւ իշխանութիւնները տիւրզիները վտարելու ոչ մէկ մտադրութիւն ունին։
*
Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար յայտարարեց, որ ճիգերը կը շարունակուին, որպէսզի վերջ տրուի ուժանիւթի մարզին մէջ Թուրքիոյ կախեալ ըլլալուն։ Ան շեշտեց, որ մօտիկ ապագային Թուրքիա պիտի միանայ կորիզային ուժանիւթ գործածող երկիրներուն խումբին։
Պայրաքտարի համաձայն, 2016ին որդեգրուած Ազգային Ուժանիւթի եւ Հանքերու քաղաքականութիւնը նոր ժամանակաշրջան մը բացաւ Թուրքիոյ համար։ Ան նշեց, որ Ֆաթիհ, Եաւուզ, Քանունի եւ Ապտիւլ Համիտ Հան պեղումներու նաւերը գործի լծուեցան եւ բարձրացուցին Թուրքիոյ կարողականութիւնները։
Ներկայացնելով Աքքէօյու կորիզային կայանին կառուցման աշխատանքներուն ընթացքը, Պայրաքտար յայտնեց, որ ծածկուած է կայանին առաջին հնոցին տանիքը, իսկ երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ հնոցներուն կառուցման աշխատանքները մեծ թափով կը շարունակուին։
*
Թուրքիոյ հարաւային Մերսին եւ Հաթայ նահանգներուն մէջ անտառային մեծ հրդեհները մրցանշային արագութեամբ կը տարածուին՝ զանոնք մարելու աշխատանքները դժուարացնելով։
Մերսինի Սիլիֆքէ շրջանին մէջ արագօրէն թաւուտներէն տարածուած է դէպի անտառ՝ ուժեղ քամիին պատճառով։
Մերսինի եւ Հաթայի անտառային հրդեհներուն դէմ պայքարին միացան հրշէջ խումբեր՝ Ատանայէն, Օսմանիայէն, Քոնիայէն եւ Քահրաման Մարաշէն։
Անտառային հրդեհներուն զոհ գացած են տասը հրշէջներ եւ երկու գիւղացիներ։

