ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Անգարայի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմըս Պարաքի հետ, որ շաբաթ մը առաջ բացայայտած էր, որ Ուաշինկթընի վարչակազմը կը փափաքի վարձակալել Մեղրիի տարածքը՝ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքը բանեցնելու համար։
Հանդիպումին մօտիկ դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, Պարաք Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին հետ քննարկած է ստեղծուած իրավիճակը՝ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան զինաթափման որոշումին լոյսին տակ։
*
Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա կրնան համաձայնագիր մը կնքել՝ հեղուկ կազի մարզին մէջ գործակցութեան մասին, հաղորդեց Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական հարստութիւններու նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար, որ նախապէս խորհրդակցութիւններ ունեցած էր Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմ Պարաքի հետ։
Պայրաքտար նաեւ յայտնեց, որ Պարաքի հետ քննարկած է քարիւղի եւ բնական կազի թուրքեւամերիկեան միացեալ հետազօտութիւններու աշխատանքներ կատարելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ՝ կորիզային փոքր հնոցներու մարզին մէջ գործակցութեան ծրագրերը։
*
Պաշտօնական Անգարա ընդգծեց Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ պետութեան յանձնառութիւնը եւ միութենէն պահանջեց հետեւիլ ընդարձակման սկզբունքային եւ վստահելի հոլովոյթի մը, որուն մէջ անդամակցութեան թեկնածու բոլոր պետութիւններուն համար առարկայական նոյն չափանիշերը կը հաստատուին։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս, Անգարայի մէջ ունեցան խորհրդակցութիւններ, որոնց աւարտին հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն, Ֆիտան պահանջած է, որ Եւրոպական Միութիւն հաւասար եւ արդար մօտեցում ցուցաբերէ անդամակցութեան թեկնածու բոլոր երկիրներուն նկատմամբ։
Թուրքիա եւրոպական պլոքին անդամակցութեան թեկնածու հռչակուեցաւ 1999ին։ Սակայն անդամակցութեան վերաբերեալ բանակցութիւնները ընթացք առին միայն 2005ին։ Անոնք առկախուեցան՝ Պրիւքսէլի եւ Անգարայի միջեւ քաղաքական խոր տարակարծութիւններու պատճառով։
*
Թուրքիոյ եւ Ղազախստանի նախագահներ՝ Ռեճէփ Էրտողան եւ Քասիմ- Ճոմարտ Թոքաեւ կնքեցին համագործակցութեան զարկ տալու վերաբերեալ 18 համաձայնագրեր։
Էրտողան եւ Թոքաեւ հրապարակեցին նաեւ միացեալ հռչակագիր մը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ Ղազախստանի միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի նիստին արդիւնքներուն։ Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ պաշտպանութեան, արդիւնաբերութեան, տեղեկատուուական, արհեստագիտութեան, արհեստական բանականութեան, ելեւմտական, քաղաքացիական օդանաւորդութեան, մշակոյթի, կրթութեան, առողջապահութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան հեռանկարները։

