Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողան Անգարայի մէջ ընդունեց Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու ղեկավար շէյխ Մոհամէտ Նահիանը, որուն հետ քննարկումներ կատարուեցան՝ Թուրքիա – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ յարաբերութիւններուն ամրապնդման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ։

Էրտողան եւ Նահիան նաեւ նախագահեցին Թուրքիա- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ռազմավարական պետական յանձնախումբին ժողովին։ Այս մարմինին նպատակն է զարկ տալ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ծրագրերուն։

*

    Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Օմէր Պոլաթ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տնտեսութեան նախարար Մարիամ Քիրիվիշլիիի հետ բացումը կատարեց Թուրքիա – Վրաստան տնտեսական համագումարին, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա կը ձգտի Վրաստանի հետ առեւտուրի տարեկան ծաւալը հասցնել 3,5 միլիառ տոլարէն հասցնել 5 միլիառ տոլարի։

Պոլաթ նաեւ յայտնեց, որ Ազատ Առեւտուրի համաձայնագրին շնորհիւ, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի միջեւ առեւտուրը տարուէ տարի զարգացում կ՛արձանագրէ՝ աւելցնելով, որ թուրք գործարարներ Վրաստանի տարածքին 304 ծրագրեր կ՛իրականացնեն՝ ընդհանուր 5.6 միլիառ տոլարի արժողութեամբ։

Advertisement Subscribe Today

*

Եւրոպական Միութեան համապատասխան կառոյցները Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար դիւրացուցած են Շենկէնեան գօտի մուտք գործելու ընթացակարգը, իսկ Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Թոմաս Հանս Օսովքի կոչ ուղղեց՝ անյապաղ վերսկսելու առանց վիզայի դրութեան շուրջ բանակցութիւններուն։

Ըստ Օսովսքիի, նոր ընթացակարգը բաւական կը կրճատէ տարիներ շարունակ Եւրոմիութեան անցագիր (վիզա) ստանալու հոլովոյթին կապուած թուրքերուն դժգոհութիւնները։ Ան սակայն նկատել տուաւ, որ առաջարկուող փոփոխութիւնները բաւարար չեն հարցին մնայուն լուծում մը տալու համար։

Տեղին է նշել ,որ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու է 1999-էն ի վեր, սակայն անդամակցութեան հոլովոյթը շարունակ սառեցուած է՝ մարդու իրաւունքներէն մինչեւ ժողովրդավարութեան կապուած խնդիրներու պատճառով։ Թուրքիա նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու միակ երկիրն է, որ Շենկէնեան գօտիի հետ ազատ անցագիրի դրութիւն չունի։

*

Թուրքիա կը դիմագրաւէ վերջին 65 տարիներու ամէնէն ծանր երաշտը, որ մեծ հարուած հասցուցած է հողագործներուն եւ գիւղատնտեսութեան։

Անգարայէն մինչեւ Իզմիր, Պուրսա, Քոնիա, Հաթայ եւ Ատանա, անձրեւներուն չգոյութիւնը եւ բարձր ջերմաստիճանը ջուրի պահեստները վտանգաւոր կերպով նուազեցուցած են,  մեծ հարուած մը տալով երկրագործութեան մարզին։ Օրինակի համար Ատանայի մէջ մեծ վնասներ կրած են արեւածաղիկ աճեցնող երկրագործները, իսկ ցորենի բերքը, որ ամէն տարի շուրջ 21 միլիոն թոն կ՛ըլլայ, այս տարի  18 միլիոն թոնէն նուազ է։

Ըստ թրքական Վիճակագրական Հիմնարկին, այս տարի երկրագործական բերքը 5,3 առ հարիւրի նուազում մը արձանագրած է։

*

Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքը դարձեալ կը գրաւէ ներքին գաղթի մեծագոյն հոսքի ցանկին առաջին դիրքը։

Թրքական Վիճակագրական Հիմնարկին հրապարակած տուեալներուն համաձայն, անցեալ տարի 395,485 անձեր տարբեր նահանգներէ փոխադրուած են Պոլիս, որ կը դիմագրաւէ ահաւոր խճողում, քաղաքային ենթակառոյցներու վատ վիճակ մը եւ բնակարաններու բարձր վարձքեր։

Տնտեսական, մշակութային եւ կրթական իր առաւելութիւններուն եւ կարելիութիւններուն պատճառով, ամէն տարի յատկապէս երիտասարդներ մեծ թիւերով, Պոլիս կը հաստատուին նոր կեանքի մը սկսելու հեռանկարով։

Միւս կողմէ, հիմնարկին հրապարակած զեկոյցը ցոյց կու տայ, որ անցեալ տարի Թուրքիոյ մէջ 2,6 միլիոն անձեր իրենց բնակութեան քաղաքները եւ նահանգները փոխած են։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button