
Ա.Ա.
Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ կայացած՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն անդրանիկ հանդիպումէն ետք, Հայաստանի բանագնաց, Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան Ազգային Ժողովին Յունուար 17-ի նիստին ընթացքին սուր բանավէճեր ունեցաւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու հետ, որոնցմէ մի քանին ակնարկութիւններ կատարեցին Նոյեմբեր 2017-էն մինչեւ Մայիս 2018 Պոլսոյ մէջ ուսման շրջան մը բոլորելու Ռուբինեանի փորձառութեան՝ նոյնիսկ հաւանական համարելով, որ ան կրնայ թրքական ազդեցութեան գործակալ մը ըլլալ։
Նիստէն քանի մը օր ետք հաւաստի տեղեկութիւններու հոսք մը կատարուեցաւ Պոլսոյ մէջ երկու համալսարաններու՝ Սապանճիի եւ Քատիր Հասի մէջ Ռուբինեանի ուսման հանգամանքներուն շուրջ։
Նախ «ազդեցութեան գործակալ» եզրին մասին։ Ասիկա կը վերաբերի անուղղակի քարոզչութիւն կատարելու եւ դրական կեցուածքներ ունենալու կացութեան մը, որ Պաղ պատերազմի տարիներուն թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Խորհրդային Միութեան կողմէ կիրարկուած է։ Դիւանագէտներու, մշակութային գործիչներու, արուեստագէտներու, ակադեմականներու եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ ծանօթացման եւ զանոնք իրենց ազդեցութեան տակ ձգելու մարտավարութիւն մըն էր, որ կը գործադրուէր գաղտնի սպասարկութիւններու գործակալներու կողմէ, որոնք կը ծանօթանային տուեալ անձին հետ, բարեկամական յարաբերութիւններ կը հաստատէին եւ ապա կը սկսէին զանոնք մղել, որպէսզի դրական կեցուածքներ արձանագրեն հակառակ կողմին արժէքներուն նկատմամբ։ Այս հոլովոյթը անպայման գաղտնի գործակալներու միջոցով չէր իրականացուէր։Ասոր լաւագոյն օրինակներէն մին է թուրք երգչուհի Սեզեն Աքսուն։ Երկար տարիներ պոլսահայ հանրածանօթ երգահան Օննօ Թունչի հետ սիրավէպ մը ապրած ըլլալով, նաեւ՝ Իզմիրի մէջ յոյներու մէջ բարեկամական կապեր ունենալով, Սեզեն Աքսու թուրք հանրութեան կը ներկայանայ իբրեւ հանդուրժողականութեան տիպար մը, որ նոյնիսկ թուրքեւյունական յարաբերութիւններուն ամէնէն լարուած տարիներուն, համարձակած է յոյն նոյնքան հանրածանօթ երգչուհի Խարիս Ալեքսիուի հետ նոյն բեմին վրայ երգելու եւ խօսելու յոյն եւ թուրք ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին։ Հոս պէտք է նշել,որ ազդեցութեան գործակալին կատարած աշխատանքին արդիւնքը մեծապէս կախեալ է անոր վայելած հեղինակութեան եւ ճանաչման տարողութենէն։ Ազդեցութեան գործակալը դաւաճան կամ մատնիչ չէ, այլ պարզապէս որոշ դրական զգացումներ եւ տպաւորութիւններ ունի հակառակ կողմին կապակցաբար։ Ան կը վերածուի վտանգաւոր գործակալի մը, եթէ իր գործունէութիւնը սկսի համակարգել հակառակ կողմին գաղտնի սպասարկութիւններուն հետ։
Ռուբինեանի ազդեցութեան գործակալ մը ըլլալու հաւանականութեան մասին խօսքերը կը հիմնուին որոշ տուեալներու վրայ։ Երեւանի պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքը աւարտելէ ետք, 2011-ին մեկնած է Անգլիա, ուր University College of London-էն ստացած է Մագիստրոսի աստիճան՝ քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու մասնագիտութեան մէջ։ Ռուբինեան ապա մեկնած է Լեհաստան, ուր նաեւ Եակլոնեան համալսարանէն տիրացած է Մագիստրոսի աստիճանի, մասնագիտանալով Եւրոպական ուսումնասիրութիւններու մէջ։
Ռուբինեանի կենսագրական գիծերուն մասին Ազգային Ժողովի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած տեղեկութիւններուն մէջ արձանագրուած է, որ 2017-էն 2018 Ռուբէն Ռուբինեան ունեցած է գիտական գործունէութիւններ, որոնց վայրը, տեղը եւ այս գործունէութեան հանգամանքները չեն նշուած։Այս հանգրուանին մասին է, որ հրապարակուեցան հաւաստի տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, Ռուբինեան Նոյեմբեր 2017-էն մինչեւ Մայիս 2018 Պոլսոյ Սապանճի եւ Քատիր Հաս համալսարաններուն մէջ «Փորձառութեան փոխանակման նախագիծ»-ին ծիրին մէջ մասնակցած է ուսումնասիրական եւ փորձագիտական աշխատանքներու՝ ֆինանսաւորմամբ Հրանդ Տինք հիմնադրամին։
Սապանճի համալսարանը հիմնադրուած է թուրք ազգայնական Հաճի Օմէր Սապանճիի զաւակներուն կողմէ։ Հաճի Օմէր 1934-ին Աթաթուրքի խորհուրդով ընտրած է Սապանճի մականունը եւ անոր անմիջական միջամտութեամբ տիրացած է Ատանայի հայ բնիկներուն անհատական եւ եկեղեցապատկան ունեցուածքին, որ շուրջ հարիւր միլիառ տոլարով կը գնահատուի։ 1994-ին հիմնադրուած համալսարանին մէջ կը կիրարկուին ծրագրեր, որոնց դասախօսները թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն անդամներ են, որոնք կը զբաղին օտար ուսանողներու ուղեղներու լուացմամբ։ Եւ նշելին այն է, թէ Սապանճի համալսարանին Պոլսոյ քաղաքականութեան կեդրոնին մէջ, ուր Ռուբինեան հետեւած է դասընթացքներու, մշակուած է «Հասարակական կազմակերպութիւններու դերակատարութեան բարձրացման եւ անոնց միջոցով քաղաքական փոփոխութիւններ իրականացնելու նախագիծը»։
Ազգային Ժողովին նիստին ընթացքին ընդդիմադիր պատգամաւորներ այս տեղեկութիւնները եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Ռուբինեանի մասին կատարած յայտարարութիւնները ի մտի ունենալով է, որ նշեցին անոր թրքական ազդեցութեան գործակալ մը ըլլալու հաւանականութիւնը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Մեւլութ Չաւուշօղլու Ռուբինեանը համարեց Թուրքիոյ նկատմամբ բարի նպատակներ ունեցող անձնաւորութիւն մը։
Հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւնները առանց նախապայմաններու կատարելու եւ բովանդակային խօսակցութիւններու միջոցով դրական լուծումներու հասնելու Երեւանի իշխանութիւններուն ակնկալութիւնը յստակ է։ Հայկական կողմը կը սպասէ, որ սահմանները բացուին եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուին Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ։ Ասոր մասին ակնարկութիւն կատարեց նաեւ Ռուբէն Ռուբինեան։ Սակայն խնդիրը այն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրը, Արցախի վերջնական կարգավիճակի ճշդումը եւ Զանգեզուրի միջանցքի հարցը փշոտ հարցեր են, որոնք կրնան բանակցութիւններու որեւէ պահու թրքական նախապայմաններու վերածուիլ։ Այս մտավախութիւնը առաւել կը հիմնաւորուի, եթէ ի մտի ունենանք, որ Անգարա եւ Պաքու ամբողջական համակարգում կատարած են եւ կը ներկայանան իբրեւ մէկ ճակատ։ Եթէ նման իրավիճակ ստեղծուի, ամբողջ հայութիւնը ականատես պիտի ըլլայ Երեւանի իշխանութիւններուն կեցուածքներուն, որպէսզի յստակ դառնայ Հայաստանի պետութեան պաշտօնական դիրքորոշումներուն, ինչ կը վերաբերի այս խնդիրներուն։ Պաշտօնական դիրքորոշումները ի վերջոյ միայն թուղթի վրայ գրուելու եւ բեմերէն յայտարարուելու համար չեն։ Հայեւթուրք բանակցութիւններուն որեւէ հանգրուանին նախապայմանի վերածուելու բարձր հաւանակութիւն ունեցող Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Արցախի վերջնական կարգավիճակի ճշդման եւ Զանգեզուրի միջանցքի հարցին կապակցաբար Երեւանի իշխանութիւններուն որդեգրելիք դիրքորոշումներն են, որ պիտի որոշեն անոնց ճակատագիրը։