
Թուրքիոյ նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով միեւնոյն օրը կազմակերպուեցան, իրաւասութիւնը տուին գործող նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի, որպէսզի շարունակէ վարել նախագահի պաշտօնը՝ հինգ տարի եւս, մինչեւ 2023։
Էրտողան տիրացաւ քուէներուն շուրջ յիսուն երկու առ հարիւրին, եւ նախագահ վերընտրուեցաւ, ի դերեւ հանելով գլխաւոր մրցակից Մուհարէմ Ինճէի յոյսերը՝ ընտրութեան երկրորդ փուլ մը Յուլիս 8-ին կազմակերպելու վերաբերեալ։ Ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան թեկնածու Ինճէ ընտրութենէն 24 ժամ ետք իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընդունեց պարտութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ Էրտողան ո՛չ թէ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար, այլ ամբողջ Թուրքիոյ եւ բոլոր թուրքերուն նախագահը կը դառնայ։
Էրտողանի այս յաղթանակը որոշ հարցականներ կը գծէ կարգ մը ներքին եւ արտաքին գործօններու եւ տուեալներու շուրջ, որոնց ամբողջութիւնը՝ իբրեւ մէկ փաթէթ, վստահաբար իր բաւական մեծ ազդեցութիւնը եւ հետեւանքը պիտի ունենայ Թուրքիա – արտաքին աշխարհ յարաբերութիւններուն եւ կապերուն հոլովոյթին ու ճակատագրին վրայ։
Թուրքիա, իբրեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ հետեւաբար Միջին Արեւելեան ռազմաքաղաքական բաւական բարդ դրութեան մը մէջ՝ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու բնական դաշնակից, ունի բաւական կեդրոնական դերակատարութիւն մը, շրջանին տագնապներուն լուծման կամ դիմակալման հոլովոյթներուն մէջ, ուր բնականաբար Սուրիոյ տագնապը եւ Գաղթականներու հոսքը դէպի Արեւմտեան Եւրոպա կը կազմեն գլխաւոր թղթածրարները։ Միացեալ Նահանգներ յատկապէս՝ ունին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ բաւական բարդ յարաբերութիւններ, որովհետեւ մէկ կողմէ բնաւ չեն կրնար մեկուսացնել Թուրքիան՝ Սուրիոյ տագնապին լուծման ճիգերէն, իսկ միւս կողմէ ալ, մեծ անհանգստութեամբ կը հետեւին Թուրքիա – Ռուսաստան մերձեցման, որուն ճարտարապետը Էրտողանն է։ Միացեալ Նահանգներու միջին արեւելեան քաղաքականութեան բաղկացուցիչները թրքական խաղաքարտեր ունին եւ երբ Էրտողան, այս իրողութիւնը լաւապէս հասկնալով, Ռուսաստանի հետ մերձեցման քայլերու կը դիմէ, ամերիկեան դժգոհութիւնը երեւան կու գայ իր ամբողջ ուժգնութեամբ։
Թուրքիա Արեւմտեան Զինակցութեան մէջ իւրայատուկ երեւոյթի մը վերածուեցաւ, երբ առանց իսկ տատամսելու դիմեց Ռուսաստանի եւ պետական վարկ ալ դասաւորելով՝ ձեռք ձգեց Էս- 400 տիպի գերարդիական միջցամաքամասային հրթիռներու համակարգը, խոր ընդվզում ստեղծելով Ուաշինկթընի մէջ։ Էրտողանի այս քայլին նախորդած էր ռուսական ներդրմամբ Թուրքիոյ առաջին կորիզային կայանին կառուցման ծրագիրը, որ Ռուսաստանը կը վերածէ թրքական ուժանիւթի մարզին մէջ կարեւոր գործընկերոջ մը։
Այս ենթահողին վրայ նաեւ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել այն կազատարներուն, որոնք կասպեան եւ ատրպէյճանական բնական կազը Թուրքիոյ վրայով Եւրոպա կը հասցնեն եւ որոնք բնական կազի շուկային մէջ Ռուսաստանի մենատիրութեան վերջ տալու ճիգեր են, որոնք դարձեալ Էրտողանի ուժանիւթի քաղաքականութեան դրսեւորումներ են։
Ռուսաստանի նկատմամբ թրքական այս քաղաքականութիւնը կը բխի շրջանային եւ միջազգային ռազմաքաղաքական իրադրութիւններուն նկատմամբ Անգարայի պատկերացումներէն եւ ակնկալութիւններէն, որոնց շարքին է Արցախի հիմնահարցը ի նպաստ Ատրպէյճանի լուծելու Անգարայի հարաւային կովկասեան քաղաքականութիւնը։
Հիմա որ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան բաւական լայն լիազօրութիւններով պիտի սկսի նախագահի իր պաշտօնավարութեան երկրորդ հնգամեայ ժամանակաշրջանին, Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ իրենց դէմ՝ յանձին Էրտողանի, պիտի ունենան ղեկավար մը, որ ներքին իմաստով բռնատէրի մը բոլոր ձգտումները եւ դրսեւորումները ցուցաբերած է, իսկ արտաքին իմաստով ալ տարբեր ուղղութիւններու վրայ կը ջանայ գործնապէս դրսեւորել եւ վերակենդանացնել նախկին օսմանեան կայսրութեան մը քաղաքական ազդեցութեան եւ հեղինակութեան ծիրին վերահաստատման ճիգերը։ Թուրքիա այս իմաստով ալ բաւական լուրջ մարտահրաւէր մըն է Արեւմուտքին համար։