
Read Time:16 Second
ՊՈԼԻՍ,- Կիրակի, Յունիս 24-ին կատարուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներէն ետք, Ազգային ժողով մուտք գործեցին Մարգար Եսայեան եւ Կարօ Փայլան։ Այս վերջիններու վերընտրութիւնով կը շարունակուի խորհրդարանէ ներս հայազգի երեսփոխաններու գոյութեան նախընթացը։ Մարգար Եսայեան Պոլսոյ Բ. ընտրաշրջանէն թեկնածու առաջադրուած էր Էրտողանի կուսակցութեան կողմէ։ Իսկ Կարօ Փայլանն ալ Քրտամէտ Ժողովրդավար կուսակցութեան կողմէ թեկնածու ներկայացած էր Տիգրանակերտէն։