ԳլխաւորԼրահոս

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններ.- ԷՐՏՈՂԱՆ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑԱՒ ՔՈՒԷՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ

 

p2-3a

ՊՈԼԻՍ.- Նոյեմբեր 1ին, Թուրքիոյ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները, որոնք աւարտեցան իշխող «Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան յաղթանակով:
Յունիս 7ի ընտրութիւններէն ի վեր կարելի չէր եղած կառավարութիւն կազմել: Ոչ մէկ կուսակցութիւն յաջողած էր բացարձակ մեծամասնութեան համար անհրաժեշտ քուէներ ապահովել եւ համախոհութեան կառավարութիւն մը կազմելու համար տարուած բանակցութիւնները ապարդիւն դուրս եկած էին:
Անցնող հինգ ամիսներուն, դիտմամբ քաոսային մթնոլորտ մը ստեղծելով, եւ նոյնիսկ կարգ մը շրջաններէ ներս, ընդդիմադիր ճակատի հաւաքներ արգիլելով, Էրտողան կրցաւ ներգրաւել տեղացին, եւ յաղթական դուրս եկաւ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button