ԹՈՒՐՔԻԱ ՇՈՒԱՐԱԾ՝ ՆԱԹՕ-Ի ԱՆԴԱՄ ԸԼԼԱԼՈՒՆ ԵՒ ԻՐ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

0 0
Read Time:6 Minute, 52 Second
Ռուսական սուզանաւ մը Պոսփորի ափին

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Ռուսիոյ եւ Ուքրայինայի միջեւ արձանագրուող զինուորական գործողութիւններու մագլցումներուն առընթեր, Թուրքիա իր կարգին սկսած է որդեգրել զինուորական յաւելեալ քայլեր ու դասաւորումներ։

Ռուսիոյ համար Ուքրայինայի հետ ստեղծուած տագնապը հիմնականին մէջ քաղաքացիական անվտանգութեան տագնապ է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը մղեց գործելու պատմական սխալներ, որոնք իրենց կարգին Ռուսիոյ ապահովական կացութիւնը բացայայտ դարձուցին. իրականութիւն մը, որ աններելի էր, եւ Ռուսիոյ համար ծանր բեռ մը կը նկատուէր։

Փութինի համար ամէնէն աւելի ծանրը այն էր, որ ապահովական առումով Ռուսիա բաց էր ՆԱԹՕ-ի դիմաց, նկատի ունենալով, որ ՆԱԹՕ-ն մօտեցած էր Ռուսիոյ սահմաններուն, ու անոր պատկանող զինուորական խարիսխները՝ աշխարհագրական առումով, ռուսական սահմաններուն շատ մօտեցած էին։

Այս կը նշանակէր, թէ ՆԱԹՕ-ի զինուորական խարիսխները չորս վայրկեանի ընթացքին կրնային ռազմավարական հրթիռներու թիրախ դարձնել Ռուսիան։

Հետեւաբար ասիկա լուրջ մարտահրաւէր մըն էր, որուն Մոսկուա պէտք էր վերջ տար եւ սրբագրեր՝ կասեցնելով ՆԱԹՕ-ի ընդարձակումը, եւ յատկապէս արգիլելով, որ Ուքրայինա մաս կազմէ ՆԱԹՕ-ին։

Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւնները ճանչնալու եւ անոնց հետ գործակցութեան ու բարեկամութեան համաձայնագիրներ ստորագրելու Մոսկուայի նախաձեռնութիւնը կը նշանակէր Ուքրայինան աշխարհագրական առումով նօսրացնել, եւ ՆԱԹՕ-ի ընդարձակումը կասեցնել։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՆՈՐՈՇ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ ԻՍԿՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ համար գրեթէ յստակ է, թէ Ամերիկա Ուքրայինայի համար պիտի չկռուի, այլ պարզապէս պատժամիջոցներ որդեգրելու իր քաղաքականութեան պիտի վստահի։

Թուրքիոյ համար յստակ է նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ մեծ թիւով երկիրներ, որոնք անդամ են նաեւ Եւրոպական Միութեան չեն մտադրած Ռուսիոյ դէմ պատերազմիլ։ Այդ երկիրներուն շարքին են գլխաւորաբար Գերմանիան եւ Ֆրանսան, որոնք Ե. Միութեան հիմնական ուժը կը կազմեն։

Տակաւին յստակ է նաեւ այն իրականութիւնը, որ Ե. Միութեան անդամ երկիրներուն մեծ մասին համար Ռուսիան է ուժանիւթի աղբիւրը։

Այս բոլորին զուգահեռ ՄԱԿ իր անկարողութիւնը փաստեց երբ անոր ընդհանուր քարտուղարը Անթոնիօ Կութիերես վիտէօ քամերաներուն դիմաց Փութինին ուղղեց հետեւեալ կոչը. «Մարդկութեան անունով կը խնդրեմ քեզմէ, որ ուժերդ հեռացնես»։ Իսկ մեծագոյն անակնկալը այն էր, որ Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտըն կոչ ուղղեց աշխարհին աղօթելու ուքրանացի ժողովուրդին համար. այլ ճշմարտութիւն մը, որ գերազանցեց Կութիերեսի ցուցաբերած անկարողութիւնը։

Անգարա ուշադիր կը հետեւի Ամերիկայի կողմէ Ռուսիոյ եւ ռուս պատասխանատուներու դէմ որդեգրուող պատժամիջոցներուն եւ զանոնք կը նկատէ մեղմ պատժամիջոցներ՝ քան այն ինչ որ սպառնացած էին։

Ըստ Անգարայի, դէպի Գերմանիա եւ եւրոպական այլ երկիրներ երկարող «Նորտ Սթրիմ 2» ռուսական կազատարը կասեցնելու Գերմանիոյ տուած որոշումը շատ աւելի կարեւոր է ու կարծր։ Բայց եւ այնպէս այդ որոշումը նոյնքան ծանր է Գերմանիոյ եւ անոր տնտեսութեան համար, այնպէս ինչպէս Ռուսիոյ, որ այս պարագային իր կազը կրնայ արտածել դէպի այլ երկիրներ, ինչպէս Չինաստան, որ տնտեսապէս հզօրանալու իր ընթացքը աւելի եւս կ’ամրապնդէ, յատկապէս «Քորոնա»-ի համաճարակն ու անոր հետեւանքները հակակշռելէ ետք։

21 Փետրուարին, Փութինի կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւնները ճանչնալէ կարճ ժամանակ ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ Թուրքիա կը մերժէ այդ մէկը, ինչպէս նաեւ հաստատած էր, թէ ռուսական այդ որոշումը Ուքրայինայի քաղաքական միասնականութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան դէմ ուղղակի ոտնձգութիւն է։ Հետեւաբար Ռուսիոյ եւ Ուքրայինայի միջեւ զինուորական լարուածութիւնը շեշտուելէ ետք, Թուրքիա իր կարգին զինուորական յաւելեալ միջոցառումներ որդեգրեց։ Այս որոշումը անշուշտ ուղղակիօրէն կապուած էր Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն գումարած ժողովին ընթացքին տրուած որոշումներուն։

Թուրքիոյ որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն կողքին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի համար ամէնէն կարեւորը այն էր, որ Սեւ Ծովուն մէջ ապահովական մագլցումներ չարձանագրուին եւ անիկա պատերազմի չվերածուի։

Ճիշդ է, որ Ռուսիոյ քայլերը դատապարտուեցան Ամերիկայի, Իսրայէլի, Ճափոնի եւ ՆԱԹՕ-ի ու Ե. Միութեան անդամ այլ երկիրներու կողմէ, սակայն գործնական իմաստով եւ գետնի վրայ ոչ մէկ երկիր լուրջ քայլի դիմեց։

Այս բոլորին կողքին, Թուրքիոյ կեցուածքը կը թելադրէր աշխատիլ ՆԱԹՕ-ի հետ. այս շրջագիծին մէջ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտնեց, որ նոյնիսկ եթէ թրքական ընդդիմութիւնը իշխանութեան հասնի, Թուրքիա դաշնակից պիտի մնայ ՆԱԹՕ-ի հետ, եւ անոր արտաքին քաղաքականութեան հիման վրայ պիտի գործէ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ՆԱԹՕ Թուրքիոյ հետ ունի հզօր համաձայնագիր մը, որ այլ երկիրներ չունին։ Այդ համաձայնագիրն է 1936-ին ստորագրուած Մոնթրոյի համաձայնագիրը, որ իրեն յաւելեալ իրաւունքներ կը վերապահէ Պոսֆորի անցքին եւ Սեւ Ծովուն մէջ։

Այս իմաստով Անգարայի մէջ Ուքրայինայի դեսպան Վասիլ Պուտնար կոչ ուղղեց Թուրքիոյ մարտանաւերուն դիմաց իր անցքերը փակելու, երբ զինուորական գործողութիւնները պաշտօնապէս սկսան։

Վստահաբար Ուքրայինայի նախագահ Զելենսքի կը փափաքէր, որ Թուրքիա Ռուսիոյ դէմ աւելի հատու եւ կտրուկ որոշումներ որդեգրեր։ Հոս պէտք է նկատի ունենալ, որ Մոնթրոյի համաձայնագիրին 21-րդ յօդուածը Թուրքիոյ համար քաղաքական կարեւորագոյն զէնքն է, նկատի ունենալով, ան կ’արտօնէ Թուրքիոյ արգիլել մարտանաւերուն երթը՝ Տարտանելի եւ Պոսֆորի անցքերէն, եթէ երբեք ան ինքզինք պատերազմի սպառնալիքի ենթակայ նկատէ, եւ եթէ նոյնիսկ ան պատերազմի մասնակից կողմ չի նկատուիր։

Թուրքիա դիմեց այդ քայլին եւ իր անցքերը փակեց մարտանաւերուն դիմաց, որոնց շարքին նաեւ ՆԱԹՕ-ի մարտանաւերը, որովհետեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ այս երկիրը նաեւ ռազմավարական յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ հետ, իսկ եթէ ան ՆԱԹՕ-ի նեցուկ կանգնի, ապա կրնայ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կանգնիլ, եւ այդ դժուարութիւններն ու հետեւանքները կրնան դրսեւորուիլ Սուրիոյ մէջ։

Յատկապէս Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ յարաբերութիւնները կրնան վատթարանալ եւ Փութին կրնայ յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրել Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան, որ իր կարգին կրնայ Թուրքիայէն արտագաղթի նոր ալիք մը յառաջացնել, ինչ որ ուղղակի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Էրտողանի պարզած իրավիճակին վրայ՝ 2023-ի ընտրութիւններու նախօրեակին։

Էրտողանի հարցը հիմնականին մէջ տնտեսական է։ Հոս ամէնէն տեղին հարցումը կրնայ ըլլալ հետեւեալը. «Ռուսիայէն եւ Ուքրայինայէն զբօսաշրջիկները Թուրքիա պիտի այցելե՞ն»։ Թուրքիոյ համար զբօսաշրջութեան մարզին ապահոված շահերը, երկրին տնտեսութեան 5 առ հարիւրը կը կազմեն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ համար դրամ ապահովող աղբիւր կը նկատուին։

Վերջին տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան մարզը առաջին հերթին կը վստահի ռուս զբօսաշրջիկներուն վրայ, երկրորդ հերթին՝ գերմանացիներու, իսկ երրորդ հերթին՝ ուքրանացիներու վրայ։ Ռուս զբօսաշրջիկներուն Թուրքիա այցելութիւնը ուղղակիօրէն Փութինի կեցուածքներէն եւ յայտարարութիւններէն կախեալ է, իսկ Թուրքիա իր կազին 40 առ հարիւրը Ռուսիայէն կը ներածէ, որուն կէսը կ’օգտագործուի ելեկտրականութիւն արտադրելու։

Աւելի՛ն. Ռուսիոյ մէջ կապալառուներու թրքական ընկերութիւնները առաջին դիրքի վրայ կը գտնուին եւ Թուրքիոյ տնտեսութեան 20 առ հարիւրը կը կազմեն։ 2015-ին «Սոխոյ» օդանաւի միջադէպին պատճառով Ռուսիա յանկարծակի որոշումով մը արգիլեց Մոսկուայի մէջ թրքական ընկերութիւններուն գործունէութիւնը։ Նման որոշում մը կրնայ Թուրքիոյ տնտեսութեան համար վտանգաւոր սպառնալիք մը ըլլալ, յատկապէս նկատի ունենալով Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը, որ հասած է 50 առ հարիւրի, ինչպէս նաեւ թրքական դրամանիշի արժեզրկումը։

Այս շրջագիծին մէջ Էրտողան եւ անոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու համաձայնեցան այն քաղաքականութեան շուրջ, որ Թուրքիա պէտք է որդեգրէ ռուսական-ուքրանական տագնապին ընթացքին, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել Թուրքիոյ քաղաքական եւ տնտեսական շահերը։

ՌՈՒՍԻՈՅ ԵՒ ՈՒՔՐԱՅԻՆԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ ԿԸ ՀԵՏԱՊՆԴԷ ԵՒ Ի՞ՆՉ ՇԱՀԵՐ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԱՊԱՀՈՎԵԼ

Ռուսիա-Ուքրայինա տագնապին մէջ, Էրտողան կը փորձէ միջնորդի դերակատարութիւն ունենալ, հակառակ անոր որ Մոսկուա զինք կը նկատէ Քիեւի կողմ թեքուող երկիր մը, որ թրքական արտադրութեամբ զէնքեր ու անօդաչու թռչող սարքեր ունի։

Ամիսներէ ի վեր, Էրտողան կը փորձէ Ռուսիոյ եւ Ուքրայինայի միջեւ միջնորդի դեր խաղալ, եւ այդ մասին յաճախ արտայայտուած է, նոյնիսկ երբ Ռուսիա-Ուքրայինա զինուորական գործողութիւնները տակաւին նոր սկսած էին։ Սակայն արդեօք Էրտողան կը յաջողի իրականացնե՞լ այս նպատակը, եւ այս իմաստով Թուրքիա ի՞նչ շահեր կը հետապնդէ։

Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ Ուքրայինայի հետ քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններ ունի, այդ պատճառով է, որ ան Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ կը փորձէ միջնորդութիւն կատարել։

Հոս նշենք, որ Թուրքիա իր շուկային ցորենի պահանջին 80 առ հարիւրը կ’ապահովէ Ռուսիայէն եւ Ուքրայինայէն։ Սակայն ըստ թուրք վերլուծաբաններու, անկախ Անգարայի այս միտումէն, Թուրքիա ռուսական զինուորական գործողութիւնը կը նկատէ «յարմար առիթ» մը՝ բարելաւելու համար Ամերիկայի, Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի հետ իր յարաբերութիւնները, նկատի ունենալով, որ Ռուսիոյ հետ ան արդէն իսկ յարաբերութիւնները բարելաւած է։

Այդ պատճառով ալ Թուրքիոյ կեցուածքները ցարդ կը մնան պղտոր, այն իմաստով, որ Թուրքիա ոչ մէկ կողմի զօրակցութիւն յայտնած է՝ հակառակ զինուորական գործողութիւնները բացայայտ կերպով դատապարտելու իր կեցուածքին։

Անգարա տակաւին կը փորձէ ռուսական զինուորական գործողութիւնը արժեւորել՝ Արեւմուտքին հետ յարաբերութիւնները վերստին զսպելու իբրեւ աքթ, եւ այդ ենթահողին հիման վրայ է, որ Էրտողան ինքզինք կ’առաջադրէ իբրեւ այս տագնապի լուծման միջնորդ։

Հակառակ Թուրքիոյ ցուցաբերած այս գաղջ կեցուածքին, Ռուսիա եւ Արեւմտեան երկիրներ կրնան զայն մղել աւելի յստակ կեցուածք որդեգրելու, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Թուրքիա Ուքրայինայի զէնք վաճառած է։ Հետեւաբար Ռուսիոյ կողմէ զինուորական գործողութիւններու շարունակութիւնը թրքական արտաքին յարաբերութիւնները կը կաշկանդեն։

Միւս կողմէ, տակաւին յստակ չէ, թէ Անգարա Արեւմուտքին պիտի միանա՞յ՝ Ռուսիոյ դէմ որդեգրուած պատժամիջոցներուն, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ Ռուսիան Թուրքիոյ ուժանիւթ տրամադրող մեծագոյն երկիրն է։

Բայց եւ այնպէս վերլուծաբաններ կը հաստատեն, թէ Մոսկուա-Քիեւ տագնապին միջնորդելու նպատակով Էրտողանի բոլոր ջանքերը պիտի ձախողին, իսկ եթէ Անգարա այդ տագնապին հանդէպ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն չ’որդեգրէ, ապա անոր համար ռուսական զինուորական գործողութիւնները բաւական սուղ պիտի արժեն։

Ամէն պարագայի Մոսկուա կտրուկ կերպով պիտի մերժէ Թուրքիոյ առաջարկը՝ նկատի ունենալով, որ Ռուսիոյ նպատակն է տապալել Քիեւի ներկայ կառավարութիւնը, այսինքն՝ Ռուսիա կը գտնուի ուքրանական իշխանութիւններուն հետ բանակցելու անկարելութեան դիմաց` հակառակ թրքական միջնորդութեան մնայուն առաջարկներուն։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles