Յօդուածներ

Թուրքիան Նիճերիոյ Մէջ. Ռազմական Եւ Տնտեսական Ամրացող Գօտի

 

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Յատուկ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ին

 Ափրիկէի մէջ Թուրքիոյ դիւանագիտական, տնտեսական, մշակութային եւ ռազմական ներկայութիւնը գաղտնիք չէ: Իրականութեան մէջ, այս ներկայութիւնը հետեւանքն է աւելի քան երկու տասնամեակներու ընթացքին գործադրուած քաղաքականութեան մը: Այս իմաստով, Նիճերիան կը հանդիսանայ Անգարայի յատուկ ուշադրութեան արժանացած երկիրներէն մէկը: Նիճերիան, 242 միլիոն բնակչութիւն եւ 450-500 միլիառ տոլար արժողութեամբ համախառն ներքին արդիւնք ունեցող պետութիւն է: Հետազօտութիւններու համաձայն՝ 2050-ին բնակչութեան թիւը պիտի գերազանցէ 400 միլիոնի, իսկ համախառն ներքին արդիւնքը՝ 15 թրիլիոն տոլարի շեմը: Հետեւաբար, Նիճերիան փոքր երկիր մը չէ, ոչ բնակչութեամբ, ոչ տնտեսութեամբ, ոչ ալ հետագայ կարողականութեամբ: Նաեւ պէտք է նշել, որ Նիճերիան Սիւննի իսլամ երկիր է, այնպէս ինչպէս Թուրքիան:

9 Նոյեմբեր 1960-ին հաստատուած այդ յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ: 2025 տարուան ընթացքին Թուրքիա-Նիճերիա առեւտուրի հասոյթը կազմեց 688 միլիոն տոլար, համաձայնելով զայն բարձրացնել 5 միլիառ տոլարի: Նիճերիան նաեւ կը հանդիսանայ Սահարայի հարաւային բաժին գտնուող երկիրներու շարքին Թուրքիոյ առեւտրական գլխաւոր գործընկերը: Ներկայիս աւելի քան 50 թրքական ընկերութիւններ գործունէութիւն կը ծաւալեն Նիճերիոյ մէջ կատարելով 400 միլիոն տոլար արժողութեամբ ներդրումներ: Անցնող տարիներուն ընթացքին Նիճերիոյ մէջ թրքական ընկերութիւններու իրականացուցած ծրագիրներուն ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 3 միլիառ տոլար: Կրթական իմաստով, ներկայիս 199 նիճերիացի աշակերտներ ամբողջական կրթանպաստներով ուսում կը ստանան Թուրքիոյ մէջ, որ բարձր ցուցանիշ է, նկատի ունենալով, որ 1992-էն մինչեւ 2023 թուական ընդհանուր նման պարագայի նիճերիացի աշակերտներու թիւը կը կազմէր 149:

1998-ին, ներկայիս Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս, Հասան Ուլուսոյ ըսած էր, որ «Նիճերիոյ եւ Թուրքիոյ ժողովուրդները զանազան նոյնութիւններ ունին: Իւրաքանչիւրը ազգային իր ինքնութեան հովանոցին տակ հաւաքած է մշակութային լայն «մոզայիք»-ի պատկանող ազգեր, զանոնք համախմբած մէկ դրօշի տակ՝ իբրեւ ազգ-պետութիւն»:

Advertisement Subscribe Today

Իր վերլուծումը շարունակելով, Ուլուսոյ շեշտած է. «Ոչ միայն առեւտուրն էր, որ միաւորած էր այս երկու ժողովուրդները, այլեւ՝ քաղաքական-ռազմական դաշինքը, որ ձեւաւորուած էր 16-րդ դարուն»:

Խօսելով Նիճերիոյ հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման արդիւնքով Թուրքիոյ իրականացնելիք շահերուն մասին, Ուլուսոյ ընդգծած է. «Կասկած չկայ, որ Նիճերիոյ տնտեսական կեանքին մէջ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը կը բարձրացնէ Թուրքիոյ տնտեսական ազդեցութիւնը եւ, հետեւաբար, անոր քաղաքական կարեւորութիւնը ու նշանակութիւնը, Նիճերիոյ ղեկավարութեան մօտ: Նման քաղաքական կարեւորութիւն կը յառաջացնէ միջազգային հարթակներու մէջ Թուրքիոյ ի նպաստ հարցերու շուրջ Նիճերիոյ աջակցութեան»:

Հոկտեմբեր 2021-ին, Նիճերիոյ զինեալ ուժերը արդէն իսկ դարձած էին Պայրաքտար անօդաչու թռչող սարքերը գնող եւ օգտագործող պետութիւններէն մէկը, մաս կազմելով ընդհանրապէս դէպի Ափրիկէ թրքական ռազմական արտածումներու ընդլայնման ծրագիրին:

27 Յունուար 2026-ին, Նիճերիոյ նախագահ Պոլա Թինուպուի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի տեսակցութեան մասին, Թինուպու տուաւ հետեւեալ որակումը. «Գործնական եւ Յառաջադէմ» հանդիպում: Գործնական, որովհետեւ այդ տեսակցութեան ընթացքին ստորագրուեցան 9 համաձայնագիրներ, որոնք ներառեցին պաշտպանութեան, առեւտուրի, կրթութեան, սփիւռքի եւ ընկերային հարցերու շուրջ յուշագիրներ: Նիճերիոյ նախագահը հաստատեց, որ Նիճերիան «Պատրաստ է առեւտուրի առանց կաշկանդումի, գաղափարներու, հմտութիւններու եւ ներդրումներու, որոնք արժէք կը ստեղծեն եւ երկկողմանի բարգաւաճում կ՛ապահովեն»: Միւս կողմէ, Նիճերիոյ պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ Թուրքիոյ հետ ռազմական արտադրութիւններու միացեալ գործարաններ եւ կառոյցներ պիտի կառուցուին, որ նաեւ պիտի նպաստեն ափրիկեան շրջանի Նիճերիոյ դրացիներուն: Ան աւելցուց. «Թուրքիոյ նախագահը տեւաբար զօրակցած է Նիճերիոյ եւ մենք երախտապարտ ենք Թուրքիոյ կառավարութեան եւ պիտի շարունակենք համագործակցութիւնը»:

Աւելին. Թուրքիա յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ մասնակից դառնալ Նիճերիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու՝ յատկապէս Պոքօ Հարամի դէմ պայքարին: Նախագահ Էրտողան ըսաւ. «Մենք կանգնած ենք Նիճերիոյ եղբայրական ժողովուրդին կողքին՝ ահաբեկչութեան դէմ անոնց տարած պայքարին մէջ: Մենք քննարկած ենք ռազմական պատրաստուածութեան եւ հետախուզական աշխատանքներու մէջ աւելի սերտ գործակցութեան հնարաւորութիւնները»:

Ապրիլ 2026-ին, Նիճերիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարները ստորագրեցին գործակցութեան նոր համաձայնագիր մը, որուն համաձայն՝ յատուկ ուժերու միացեալ խմբակ մը պիտի կազմուի՝ զբաղելու համար Նիճերիոյ մէջ ահաբեկչական կամ պաշտպանական այլ սպառնալիքներուն դէմ պայքարին նպաստելու: Նիճերիոյ պաշտպանութեան նախարարը աւելցուց, որ 200 նիճերիացի զինուորներ Թուրքիա պիտի ուղարկուին մասնակցելու համար յատուկ զօրավարժութիւններու եւ ռազմական դասընթացքներու, շեշտելով, որ բոլոր այս աշխատանքները մաս կը կազմեն Պոքօ Հարամի դէմ ծաւալուած պայքարին: Միւս կողմէ, Մայիս 2026-ին, ստորագրուեցաւ այս անգամ տնտեսական համաձայնագիր մը, որուն համաձայն թրքական ընկերութիւններ 750 միլիառ տոլար արժողութեամբ Նիճերիոյ հանքային շուկային մէջ ներդրումներ պիտի կատարեն:

Վերադառնալով Յունուարին ստորագրուած համաձայնագիրներուն, ուշադրութեամբ պէտք է կեդրոնանալ սփիւռք բառին: 2021-ին, Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան եւ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ընդդիմադիրները, որոնք բնակութիւն հաստատած են Նիճերիոյ մէջ ենթարկուեցան հետախուզական հետապնդումներու թուրք դիւանագէտներու կողմէ: Թիւով 12 հաշուող ընդդիմադիրները ներառուեցան Նիճերիոյ իշխանութիւններուն դէմ հետախուզական գործողութիւններ կատարած ըլլալու ամբաստանութեան ցանկին մէջ: Այդ բոլոր թուրք քաղաքացիներուն դէմ դատական գործեր ընթացք առին Թուրքիոյ մէջ եւ նկատուեցան յանցագործներ: Աւելի վտանգաւոր, Թուրքիոյ իշխանութիւններու հետախուզական ուշադրութիւնը նաեւ հասաւ Նիճերիոյ մէջ Էրտողանի ընդդիմադիր զանգուածներու կողմէ կառավարուող դպրոցներու: Այսպիսով, Թուրքիոյ մէջ Նիճերիոյ այս դպրոցներուն նիւթական աջակցութիւն փոխանցող ընկերութիւնները ենթարկուեցան հարցաքննութիւններու եւ նկատուեցան յանցագործներ: Այս բոլոր կազմակերպութիւնները նկատուեցան 2016-ին տեղի ունեցած ձախող այսպէս կոչուած յեղաշրջման կազմակերպիչ Կիւլէն Շարժումի աջակիցներ:

Հետաքրքրական է, որ տակաւին 2020-ին տեսերիզ մը տարածուած էր, որուն մէջ կասկածներ կար, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները իրականութեան մէջ Պոքօ Հարամ ահաբեկչական կազմակերպութեան աջակից եւ զօրավիգ են:

Այս բոլոր զարգացումները ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ Նիճերիոյ մէջ գործունէութիւնը սահմանափակուած չէ միայն առեւտուրով կամ դիւանագիտական յարաբերութիւններով: Անգարա Նիճերիան կը դիտէ իբրեւ Ափրիկէի մէջ տնտեսական, ռազմական, կրթական եւ քաղաքական ազդեցութիւն ընդլայնելու կարեւոր հարթակ: Սակայն այս ներկայութիւնը նաեւ իր հետ կը բերէ լուրջ հարցադրումներ՝ յատկապէս անվտանգութեան, հետախուզական գործունէութեան, սփիւռքեան վերահսկողութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անուան տակ իրականացուող քաղաքականութեան առնչութեամբ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button