Թուրքիա – Եգիպտոս. Միջերկրական Նորակազմ Բարեկամութիւն

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Յատուկ «Հայրենիք»-ին
Թուրքիա – Եգիպտոս յարաբերութիւնները ունին բազմաբնոյթ հիմքեր եւ բարդ անդրադարձներ: Իրականութեան մէջ, այս երկու պետութիւններու միջեւ կապը հիմք առաւ զուտ թրքական կամ թրքական ծագումով իշխող հարստութիւններու միջեւ մրցակցութեան արդիւնքով: Եգիպտոսի վրայ շուրջ 250 տարի իշխած մեմլուքները ունէին թրքական ծագում: Սակայն, 1517-ին Օսմանեան կայսրութիւնը, ղեկավարութեամբ 9-րդ Սուլթան եւ օսմանցի առաջին Խալիֆա Սալիմ Ա,-ի, կը յաջողի պարտութեան մատնել եւ լուծել Մեմլուքեան հարստութիւնը:
Դարեր ետք, կացութիւնը յեղաշրջողը կ՛ըլլայ ալպանացի Մոհամետ Ալին: 1800-ական թուականներու սկիզբը Եգիպտոսի մէջ կար եռակողմ մրցակցութիւն Օսմանեան իշխանութեան, Մեմլուք մնացորդներու եւ ալպանացի զինեալներու միջեւ: Մոհամետ Ալի կը յաջոցի յաղթական դուրս գալ այս պայքարէն եւ կը դառնայ Եգիպտոսի կառավարիչ: Ալի, իր ուժերը հաւաքելով կը ձգտի առաջին հերթին կազմակերպականօրէն ամրացնել Եգիպտոսը եւ նորանոր տարածքներ կցել անոր: Այդ տարածքներու շարքին են Սուտանը, Սուրիան, Լիբանանը, Պաղեստինը, Յորդանանը, եւայլն:
Սակայն, աւելի ուշ, 1842-ին, երբ ինք արդէն 37 տարիներէ ի վեր Եգիպտոսի մենատէր գերիշխանն էր, Եւրոպական պետութիւններ կը միջամտեն վերջ դնելով Օսմանեան կայսրութիւն – Մոհամետ Ալի պատերազմին, Եգիպտոսը ձեւականօրէն վերադարձնելով Օսմանեան Կայսրութեան: Միւս կողմէ, Մոհամետ Ալիի եւ իր ժառանգորդներուն կը տրուի Եգիպտոսի կառավարիչի պաշտօնը: Հետեւաբար, ալպանացի այս հրամանատարը կը նկատուի Եգիպտոսի հիմնադիրը: Իր ժառանգորդները կը կառավարեն Եգիպտոսը իբրեւ փաշաներ ու հետագային թագաւորներ, մինչեւ 1952, երբ զինուորական յեղաշրջման մը արդիւնքով իշխանութեան կը տիրանան Մոհամետ Նաժիպ եւ Ժամալ Ապտել Նասըր: Այսինքն՝ ներկայ Եգիպտոսը արդիւնքն է օսմանցիներու եւ ալպանացի հրամանատարի մը սուր մրցակցութեան եւ եւրոպական ուշացած բայց պարտադրիչ միջամտութեան: Սակայն, ի՞նչ է ներկայ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի յարաբերութիւններու իրավիճակը եւ արդեօք պատմական այս մրցակցութիւնը անուղակիօրէն կը շարունակուի՞:
Թուրքիա-Եգիպտոս դիւանագիտական յարաբերութիւնները առաջին անգամ կը հաստատուին 1925-ին ու կ՛ամրապնդուին պաշտօնական դեսպաններու նշանակումով 1948-ին: 1952-էն մինչեւ 2011 յարաբերութիւնները յատկանշուեցան լարուած եւ մրցակցային բնոյթներով: Իրականութեան մէջ, հարցերուն մեծամասնութիւնը արդիւնք էին աշխարհաքաղաքական նկատառումներու, ինչպէս նաեւ Պաղ Պատերազմի պարտադրած մրցակցութիւններուն: Առաջին հերթին, Թուրքիոյ համար վտանգ հանդիսացաւ նասըրականութիւնը, որովհետեւ Անգարայի համար ընդունելի չէր, որ արաբական աշխարհը միակամ ըլլայ եւ թուրքերուն մրցակից ու ուժեղ դաշինք մը կազմէ: Հետեւաբար, արաբական ազգայնականութիւնը հակադրուեցաւ Թուրքիոյ շահերուն հետ, նաեւ թրքական ազգայնականութեան հետ: Աւելի ուշ, Եգիպտոսի Խորհրդային եւ ընկերվարական թեքումները եւս հակադրուեցան Թուրքիոյ արեւմտամէտ եւ Միացեալ Նահանգներու զօրակից քաղաքականութիւններուն հետ: Պաղ Պատերազմի աւարտէն ետք, յարաբերութիւններու լարուածութեան մակարդակը մեղմացաւ, սակայն հիմնական փոփոխութիւններ տեղի չունեցան:
2011-ին, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան, Եգիպտոսի յեղափոխութեան աւարտէն ետք, վեց նախարարներով եւ 200 գործատէրներով եռօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ մը ժամանեց Եգիպտոս: Տեղւոյն մամուլը այդ օրերուն այս այցելութեան անդրադառնալով մէջբերումներ կատարեց զանազան եգիպտացիներու կարծիքներու, որոնք վարչապետ Էրտողանը նկատեցին «Միջին Արեւելքի Իսլամներու պաշտպան», «Կազայի եւ Պաղեստինեան դատի զօրակից» եւ «Եգիպտոսի Յեղափոխութեան զօրակից»: Դրական այս ընթացքը խանգարուեցաւ 2013-ին, երբ իսլամական եղբայրութեան մօտիկ նախագահ Մոհամետ Մուրսի ստիպողաբար ներկայացուց իր հրաժարականը: Այս յեղաշրջումը պատճառ դարձաւ, որ երկու երկիրները դադրեցնեն դիւանագիտական իրենց յարաբերութիւնները: Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցիչներ նոյնիսկ ամբաստանեցին, որ Եգիպտոսի յեղաշրջման աջակիցը Իսրայէլն է: Այս բոլորին իբրեւ պատասխան, Եգիպտոսի անցումային նախագահ Ատլի Մանսուր ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ Գահիրէ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Դժբախտաբար, պատմականօրէն հիմնաւորուած դէպք մը դարձաւ դիւանագիտական զէնք: Այս շրջանի հակադրութիւնը աշխարհաքաղաքական բնոյթ չունի: Պարզապէս, գաղափարական, կրօնական եւ ընկերային հասկացողութիւններու հակադրութիւն է:
2013-էն 2019, Թուրքիա – Եգիպտոս յարաբերութիւնները մնացին լարուած իսկ փոխադարձ ցեխարձակումները՝ բազմաթիւ: 2019-2021, երկկողմանի իմաստով, Թուրքիա եւ Եգիպտոս ձգտեցան շրջանին մէջ պարտադրել իրենց հեղինակութիւնը հիմնականօրէն զինավարժութիւններու կազմակերպումով, զիրար ցուցադրելու իրենց զինեալ ուժերու կարողականութիւնը: 2021-ին, Թուրքիա յայտարարեց, որ վերահաստատուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, որ ճշգրիտ չնկատուեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: 14 Փետրուար 2024-ին, 13 տարի ետք, այս անգամ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կատարեց իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը՝ Եգիպտոս: Այդ այցելութեան ընթացքին ստորագրուեցան գործակցութեան բազմաթիւ համաձայնագիրներ: Սեպտեմբեր 2024-ին, Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ Ալ Սիսի իր կարգին այցելեց Թուրքիա, ուր դարձեալ բազմաթիւ համաձայնագիրներ ստորագրուեցան:
Յարաբերութիւններու այս վերականգնումը կրնայ անհիմն թուիլ, սակայն իրականութեան մէջ բնական քայլ է, նկատի ունենալով շրջանային փոփոխութիւնները: Առաջին հերթին, երկու պետութիւնները կը գտնուին տնտեսական ծանր կացութիւններու մէջ եւ այս իմաստով գործակցութիւնը աւելի շահաբեր է քան հակադրութիւնը: Երկրորդ, Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական որոշակի նահանջը շրջանային մանր հարցերէն առիթ կ՛ընծայէ, որ շրջանային ուժեր այդ բացը գոցեն: Երրորդ՝ Թուրքիոյ բնական կարիքը նաֆթի եւ բնական կազի, ինչպէս նաեւ թրքական մտահոգութիւնը այս իմաստով կազմուած Յունաստան – Կիպրոս – Իսրայէլ – Եգիպտոս լայն եւ սերտ գործակցութեան: Չորրորդ՝ ռազմական գործակցութեան կարելիութիւնները այնպիսի ժամանակներու, երբ շրջանային լարուածութիւնը հասած է հսկայական մակարդակի, յատկապէս Կազայի մէջ Իսրայէլի կատարած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով: Այս իմաստով, որոշ հակադրութիւններ ունին երկու երկիրները Լիպիոյ հարցով, Կազայի մէջ հետագային թրքական զինեալներու տեղակայման մասին շշուկներու եւ համաձայնութիւն Սուտանի հարցով եւ պաղեստինեան իշխանութիւններուն աջակցելու խնդրով:
Տնտեսական իմաստով, անցնող տասնամեակին, 200 թրքական ընկերութիւններ, որոնք գործի առիթ հայթայթած են 100 հազար Եգիպտացիներու եւ երեք միլիառ տոլարի ներդրումներ կատարած ըլլալով կը գործեն Եգիպտոսի մէջ: Ներկայիս, այդ պատկերը բարձրացած է 1300 ընկերութիւններու եւ չորս միլիառ տոլար ներդրումներու: Թուրքիոյ մէջ կը գործեն շուրջ 100 եգիպտական ընկերութիւններ, որոնցմէ 78-ն արձանագրուած են անցնող տարուան ընթացքին: Միւս կողմէ, թրքական որոշ ընկերութիւններ իրենց աշխատանքային ամբողջական ծաւալը փոխադրած են Եգիպտոս, նկատի ունենալով, որ ֆինանսական իմաստով աւելի մատչելի է եւ շահաբեր: Առեւտրական իմաստով, ներկայիս, Թուրքիա-Եգիպտոս արտածումները կը կազմեն 4.18 միլիառ տոլար, որ բարձրացած է 2013-ի 3.34 միլիառ տոլար պատկերէն: Ներածումներու պարագային, ներկայ պատկերը կը կազմէ 4.41 միլիառ տոլար, որ եւս բարձրացած է 2013-ի 1.72 միլիառ տոլար պատկերէն: Այստեղ կը նկատենք, որ Թուրքիոյ կարիքը եգիպտական արտադրութիւններու, յատկապէս նաֆթի եւ բնական կազի բարձրացած է: Թուրքիա ներկայիս կը հանդիսանայ Եգիպտոսի հինգերրորդ ամենէն կարեւոր առեւտրական գործակիցը: Այսինքն, առեւտրական ընդհանուր հասոյթը այս տարի, յաւելեալ բարձրաձումով, պիտի գերազանցէ շուրջ տաս միլիառ տոլարի շեմը: Տնտեսական պատկերը կը յստակացնէ, որ թրքական ներկայութիւնը Եգիպտոսի մէջ չափազանց աւելի հսկայական է քան եգիպտական ներկայութիւնը Թուրքիոյ մէջ: Այսինքն, Եգիպտոս կախեալ է թրքական ներդրումներէ, միաժամանակ՝ Թուրքիա կախեալ է Եգիպտական նաֆթէն: Աւելի՛ն. երկու երկիրները զիրար պէտք ունին տարածաշրջանային իմաստով:
Ռազմական իմաստով, պատկերը այնքան ալ տարբեր չէ տնտեսական զարգացումներէն, այլ զուգահեռ ընթացք ունի: 2025-ին տեղի ունեցաւ ռազմական սարքերու ցուցահանդէս մը Գահիրէի մէջ, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան «Համզա-1» հակաօդային սարք մը եւ «Աքրապ» անապատային ռազմական ինքնաշարժ մը, որոնք Թուրքիա – Եգիպտոս ռազմական ընկերութիւններու գործակցութեան արդիւնքներ էին: Այն ժամանակ, թրքական «Հաւելսան» ռազմական ընկերութեան փոխ-նախագահ Շէվքէթ Ունալ, յայտարարեց. «Մենք Եգիպտոսը կը տեսնենք իբրեւ Ափրիկէի դուռը»: Սեպտեմբեր 2025-ին տեղի ունեցան Թուրքիա – Եգիպտոս նաւատորմերու «Ծովու բարեկամութիւն 2025» հնգօրեայ զօրավարժութիւն, որ հանդիսացաւ նման առաջին գործակցութիւնը 13 տարիներէ ի վեր: Այդ զօրավարժութեան մասին խօսելով, Եգիպտոսի զինեալ ուժերու մամլոյ բանբերը ըսաւ. «Թուրքիան եղբայր ու բարեկամ է»: Ակնյայտ է, որ ռազմական գործակցութիւնը շուտափոյթ կերպով հասած է գործակցութեան բարձր մակարդակի: Այս բոլորին կողքին, Նոյեմբեր 2025-ին յայտարարուեցաւ, որ թրքական «Ասելսան» ռազմական արտադրութիւններու ընկերութիւնը եւս գրասենեակ մը հաստատած է Եգիպտոսի մէջ: Այս մէկը մեզ նկատել կու տայ, որ ռազմական լայն գործակցութեան մը հիմը կը դրուի:
Հետեւաբար, կարելի է եզրակացնել, որ Թուրքիա-Եգիպտոս անկայուն պատմական յարաբերութիւնները ենթարկուած են կարեւոր փոփոխութեան մը: Սակայն, դժուար է ջնջել զանազան փուլերու տեղի ունեցած հակադրութիւնները եւ Թուրքիոյ, Իսլամական Եղբայրութեան հանդէպ բարեկամութիւնը եւ զօրակցութիւնը: Այսինքն՝ այս բոլոր յայտարարութիւնները պէտք չէ ստանան չափազանցուած դրական որակումներ: Միաժամանակ, այս բոլոր զարգացումները մտածել կու տան նաեւ, որ հակադրուած երկիրներ որքան արագ կրնան դառնալ գործակիցներ եւ այսպիսով անցեալի թշնամիները կը դառնան այսօրուան բարեկամները:

